Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1966)

Յուլիս 21, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տարօրինակ Աշխարհը

Քսաներորդ դարը չնաշխարհիկ գիւտերու, քաղաքակրթական բարգաւաճումի եւ յայտնագործութիւններու դարաշրջան մըն է: Մարդկային յառաջադէմ եւ ստեղծագործ միտքը բնութեան անհաս եւ թաքուն գաղտնիքները հետզհետէ կը կորզէ, կ՛իւրացնէ եւ կ՛օգտագործէ: Տիեզերական անջրպետը սկսեր է մերկանալ իր թաքուն խորհուրդներէն եւ անձնատուր է եղեր մարդու քմայքներուն: Ֆիզիքական այն չնչին գոյակը, որ տիեզերքի վիթխարի ու անհուն զանգուածին մէջ մարդ կը կոչուի, հասեր է այնպիսի իրագործումներու, որ տեւական հոգեզմայլանքով կը պարուրէ մեր էութիւնը:

Սակայն քսաներորդ դարու Բ. քառորդին ծնած սերունդը շփոթի եւ խռովքի ենթարկուեր է: Նոր սերունդը հարց կու տայ անդադար.- Ի՞նչ օգուտ մարդկութեան այսքան գիւտերէն, քաղաքակրթական յառաջխաղացքէն, երբ փոխանակ մարդ անհատի երջանկութեան ծառայելու` կարծես աւելի կը սաստկացնեն անոր դժբախտութիւնը, հանգստաւէտութեան կարիքը, հաշտ ու համերաշխ ապրելու պակասը եւ իրար փողոտելու կիրքը: Այս հրատապ հարցումին պատասխան, գոհացուցիչ բացատրութիւն դեռ գոյութիւն չունի:

Փոխանակ մարդկութիւնը օգտուելու ամէն մարզի մէջ կատարուած գիտական յառաջդիմութիւններէն` դառնօրէն կը տագնապի ընկերային խոցերով: Աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, ուր թեքնիքի ընծայած առաւելութիւններուն շնորհիւ, թէ՛ դրամատիրական եւ թէ՛ համայնավար երկիրներու մէջ, ուր մէկ տեղ ապրուստի առատութեամբ, իսկ միւս տեղ` ընկերային շողշողուն հեռանկարներով կ՛ապրին, կը խանդավառուին, յանցագործութիւնը, հարբեցողութիւնը, դեղամոլութիւնը (մտքի եւ ջիղերու վրայ ազդող դեղորայք), սեռային հեշտամոլութիւնը, սանձարձակութիւնը մեծաքայլ կը ճարակին:

Այս ախտագին երեւոյթները յատուկ չեն միայն Ամերիկայի եւ Եւրոպայի նման զարգացած դրամատիրական երկիրներուն, այլեւ նոյնքան տարածում գտած են խորհրդային երկիրներու մէջ, որ գիտնականներու, հոգեբաններու, մանկավարժներու եւ իրաւագէտներու ուշադրութեան ու հետաքննութեան առարկայ դարձեր են: Ատեն մը խորհրդայինները հարցին վրայէն հպանցիկ կ՛անցնէին` խնդիրը պարզ բանաձեւով մը բացատրելով: Կը յայտարարէին, թէ` ընկերային այս չարիքները խորհրդային հասարակարգին արտադրանքները չեն, այլ դրամատիրական իրաւակարգի մնացուկները, անոր վերապրուկներն են: Երբ իրենց կը հարցնէին, թէ մօտ կէս դար Խ. Միութիւնը վերափոխութեան, ընկերային հիմնական տեղաշարժի ենթարկուած է, նոր սերունդները ծնած են սոցիալիստական ժամանակաշրջանին, ուր դրամատիրութիւնը ջնջուած սրբուած է եւ խորհրդային ոգիով դաստիարակուած են, ինչպէ՞ս անոնք դրամատիրական վերապրուկներ կը սեպուին:

Այս օրինաւոր եւ բանաւոր հարցումին կը պատասխանէին ընդունուած եւ հանրապարտադիր, բայց անճարակ բացատրութիւնով մը, որ թէեւ դրամատիրութիւնը ջնջուած է Խ. Միութենէն, բայց դրամատիրական հոգեբանութիւնը դեռ կը գործէ հասարակական որոշ խաւերու եւ դասերու մէջ: Անգոհացուցիչ պատասխան էր այս` թէ՛ իբրեւ առարկայական փաստ եւ թէ՛ իբրեւ մարքսիստական տրամաբանութիւն: Հոգեբանութիւնը կը ծնի առարկայական իրականութենէն: Հոն, ուր դրամատիրութիւն չկայ, այնտեղ դրամատիրական հոգեբանութիւն չի կրնար ծնիլ: Խորհրդայինները դեռ հետազօտութիւններով եւ յարատեւ ուսումնասիրութիւններով կը խարխափին մթութեան մէջ եւ չեն կրցած ախտորոշել չարիքը, որովհետեւ կը սարսափին հաստատելու, թէ ցաւին արմատը խորհրդային հասարակարգին, վարչակարգին մէջն է:

Իսկ դրամատիրական երկիրները ինչպէ՞ս կը բացատրեն ընկերային այս չարիքները: Ասոնք եւս չեն կրցած չարիքին բուն արմատը երեւան հանել: Եթէ կարենային ցաւի պատճառները մէկ ընդհանուր յայտարարի վերածել, դարմանումը շատ պիտի դիւրանար: Բայց այնքան բազմաթիւ են պատճառները, ընկերային, հոգեկան, հոգեմտային, տնտեսական եւ այլն, որ վերջնական եզրակացութեան մը չեն կրցած հասնիլ: Բայց գոյութիւն ունի միայն քսաներորդ դարուն յատուկ ինքնատիպ հոգեվիճակ մը, որուն մասին կ՛ուզենք քանի մը խօսք ըսել:

Գլխաւորաբար ըստ ամերիկացի, անգլիացի եւ ֆրանսացի ընկերաբաններու, մեր դարու մասնաւորաբար վերջին սերունդը հոգեկան անդոհանքի, խռովքի մէջ է: Հիւլէական ռումբը, Պաղ պատերազմը, քաղաքական անընդհատ վերիվայրումները, նորընձիւղ սերունդին մէջ անապահովութեան, մշտական վտանգի եւ աղէտի զգայնութիւնը ստեղծած են: Ան կը մեղադրէ նախորդ սերունդը, որ գիտական հրաշքներ կրցաւ գործել, թռաւ մինչեւ լուսին, հեռաւորութիւնները կարճեցուց, ովկիանոսներու մինչեւ յատակը սուզուեցաւ յաղթօրէն, ախտավարակ համաճարակները յաղթահարեց, բայց ապիկար եղաւ մարդավարի ապրելակերպ ստեղծելու:

Մարդը անտառի գազաններուն հետ ապրելու հնարքը գտեր է, բայց անկարող է եղեր ցարդ մարդ մարդու հետ հաշտ եւ համերաշխ ապրելու կերպը գտնել: Նոր սերունդը կ՛ընդվզի իշխանութեան դէմ, որ չի կրնար խաղաղութիւն ստեղծել թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ ազգերու միջեւ: Կ՛ըմբոստանայ ուսուցիչներուն դէմ, որ գիտութիւն կ՛ուսուցանեն, նուաճումներու ուղիները ցոյց կու տան, բայց չեն կրնար մարդու բարօրութեան, անդորրութեան ճամբան ցոյց տալ:

Չքաւոր երիտասարդները յանցագործութեամբ, անհնազանդութեամբ կ՛արտայայտեն իրենց ընդվզումը, իսկ ունեւորները եւ բարեկեցիկները, որոնք նիւթական միջոցներ ունին, անձնատուր կ՛ըլլան հաճոյքներու, վայելքներու մէջ մոռնալու իրենց հոգին խարանող խռովքն ու վրդովմունքը:

Յաճախակի գործածութիւնը հոգեմտային վիճակը ընդարմացնող կամ վերացնող դեղերու` նոյնպէս կեանքէն խոյս տալու, իրականութենէն խզուելու փորձ մըն է:

Տարօրինակ աշխարհ. մինչ քաղաքակրթութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ, բարոյականը կ՛ընթանայ դէպի այլասերում:

(Խմբգր. «Հայրենիք»-ի)

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Ալիսիա Կիրակոսեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In