50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1966)
Հայ Կեանք ՀԵ Դաշնակցութեան Շաբաթը Միչիկընի Մէջ Միչիկընի կառավարիչ Ճորճ Ռոմնի յուլիս 3-էն 10-ը յայտարարած էր «Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան շաբաթ» Միչիկընի նահանգին համար, նկատելով, որ այդ օրերուն Տիթրոյիթի մէջ պիտի գումարուէր կազմակերպութեան 33-րդ Պատգամաւորական ժողովը: Այս առիթով, մասնաւոր յայտարարութիւնով մը, կառավարիչը շեշտած է, թէ ՀԵ Դաշնակցութիւնը «նուիրուած է ազատութեան եւ ժողովրդավար սկզբունքներու պաշտպանութեան ու տարածման»: Ընկ. Ա. Եմէնիճեան Քոնկրեսի Թեկնածու Տիթրոյիթի մեր ընկերներէն Արփօ Եմէնիճեան թեկնածու է ամերիկեան Քոնկրեսին, Միչիկընի 15-րդ ընտրական շրջանէն, Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ: Ընկ. Եմէնիճեան կարդացած է, յանուն կառավարիչ Ռոմնիի, յայտարարութիւնը` ՀԵԴ Պատգամաւորական ժողովին: Ընկ. Արսէն Ասատուրեանի Մահը Քանատայի Համիլթըն քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է ընկ. Արսէն...
Կարդալ ԱւելինDetails

