Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1966)

Յուլիս 26, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարզական

Փինկ Փոնկ

Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանական մրցումները վերջացան ՀՄԸՄ-ի մանչերու եւ աղջիկներու խումբերուն գեղեցիկ յաղթանակներով:

Մանչերու խումբը հռչակուեցաւ Պէյրութի ախոյեան` պարտութեան մատնելով Պէյրութի բոլոր ակումբները: ՀՄԸՄ-ի խումբը կազմուած էր Վահագն Յովհաննէսեանէ, Շահէ Թիւթիւնճեանէ եւ Ժորժ Պաֆիթէ, որոնք գրեթէ իրենց բոլոր մրցումները յաղթանակով վերջացուցին: Վերոնշեալ եռեակէն բացակայողին տեղը կը գրաւէր Սեպուհ Գարաքելեան, որ հակառակ իր փոքր տարիքին` յաջողեցաւ լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք բերել:

Աղջկանց խումբը շահեցաւ Լիբանանի ախոյեանի տիտղոսը` շնորհիւ Նազիկ Յովհաննէսեան-Նատերի, որ տարիներ շարունակ հանդիսացած էր Լիբանանի անպարտելի ախոյեանուհին: Նազիկ անցեալ տարի մեկնեցաւ Ափրիկէ: Վերադարձին անմիջապէս վերագրաւեց իր տեղը խումբին մէջ եւ ՀՄԸՄ-ին ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Նազիկի կողքին երկու նոր խաղացողներ` Անի Թերզեան եւ Անահիտ Մեծմօրուքեան, հակառակ իրենց անփորձութեան, օգտակար եղան խումբին:

Ուրախալի երեւոյթ մը նկատելի է ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի խումբէն ներս: Ախոյեաններու կողքին բոլորովին նոր անուններ հրապարակ իջած են եւ ամէն ջանք կը թափեն երէց ախոյեաններու ուղիով յառաջանալու: Եթէ նորեկները այսօր բացառիկ խաղարկութիւն մը չունին, վստահ ենք, կարճ ատեն մը ետք, շնորհիւ իրենց փորձառու մարզիչ Պօղոս Յովհաննէսեանի ցուցմունքներուն, պիտի կրնան մեծ ախոյեաններ Նազիկ եւ Վահագն Յովհաննէսեաններուն տեղը գրաւել` միշտ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի խումբին վարկը:

Փինկ փոնկի Լիբանանի ախոյեանութեան մանչերու մրցումները կարելի պիտի չըլլայ շարունակել, որովհետեւ Լիբանանի ազգային խումբը պիտի մեկնի Յորդանան` մրցելու համար Յորդանանի խումբին դէմ, որուն լիբանանցիք յաղթեցին Պէյրութի մէջ 5-0 արդիւնքով: Փինկ փոնկի ֆետերասիոնը խումբի պատրաստութեան պատասխանատուութիւնը վստահած է Պօղոս Յովհաննէսեանին: Կարգ մը դժուարութիւններ արգելք կ՛ըլլան, որ լիբանանցիք լաւ արդիւնք մը կարենան ձեռք բերել Յորդանանի մէջ: Շահէ Թիւթիւնճեան, որ խումբի կարեւորագոյն խաղացողն է, անհանգստութեան պատճառով պիտի չկրնայ ճամբորդել: Ժորժ Պաֆիթ գործի բերումով պիտի չկրնայ ճամբորդել, մարզիչ Պօղոս Յովհաննէսեան թերեւս չկրնայ մեկնիլ: Այս կացութեան մէջ չենք գիտեր, թէ ֆետերասիոնը ի՞նչ կարգադրութիւն պիտի կրնայ ընել: Արդարեւ, շատ հաւանական է, որ խումբի ուրիշ մէկ կարեւոր խաղացողը` Սենի Քաուար չուզէ մեկնիլ տկար խաղացողներու հետ:

Ֆութպոլ

Ամբողջ աշխարհ հեւ ի հեւ կը հետեւի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանական մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ մէջ, 11 յուլիսէն սկսեալ եւ պիտի վերջանան 30 յուլիսին:

Զարմանալիօրէն, մարդիկ մոռցած իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները, վայրկեան առ վայրկեան, առանց անտեսելու ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները, կ՛ուզեն տեղեակ ըլլալ Անգլիոյ մէջ անցած դարձացին: Խաղացողներու անուններ կը շրջին բերնէ բերան: Նոր աստղեր մէջտեղ կու գան, իսկ ուրիշներ անփառունակ անկումներ կ՛ունենան: Աներեւակայելի սիւսփենս մը անվերջ սպասումի մէջ կը պահէ միլիոնաւոր բազմութիւններ, որոնք կը յուզուին, կը տխրին, կ՛ուրախանան, մինչեւ իսկ անձնասպան կ՛ըլլան` ի տես իրենց նախասիրած խումբի յաղթանակին կամ պարտութեան:

Այս բոլոր տարօրինակ երեւոյթները մէկ բան կը հաստատեն, որ ֆութպոլը կը մնայ բոլոր մարզախաղերու անփոխարինելի թագաւորը եւ դարձած է ժողովուրդներուն համար ազգային արժանապատուութեան հարց մը:

Ֆութպոլի 8-րդ ախոյեանական մրցումներուն առիթով բոլոր նախատեսութիւնները սխալ դուրս եկան` անգամ մը եւս հաստատելով այն կարծիքը, որ ֆութպոլի մրցում մը կը վճռուի դաշտին վրայ, եւ ոչ ոք կրնայ մրցումէն առաջ յաղթանակը ապահոված նկատել:

Ուրիշ կարծիք մըն ալ հաստատուեցաւ: Ֆութպոլը առաւելաբար հաւաքական խաղ մըն է եւ յաղթականները անպայման անոնք չեն ըլլար, որոնք Բելէի նման «աստուածներ» ունին իրենց խումբին մէջ:

Վերոյիշեալ երկու տեսակէտները հաստատող լաւագոյն օրինակը պրազիլիացիք եղան, որոնք այնքան ինքնավստահ էին իրենց յաղթանակներուն համար, որ երբ դաշտի վրայ իրականութիւնը տեսան, անակնկալի եկան: Երկրորդ, Բելէն, ճիշդ է, «աստուած» մըն էր, այնքան ատեն որ Կարինչան եւ Ամարելտոն իր կողքին էին, անոնց բացակայութեան միայն անուն մըն էր, ուրիշ ոչինչ:

Խմբական խաղի լաւագոյն օրինակը անգլիական խումբը ցուցադրեց, որ հակառակ աստղեր չունենալուն` լաւագոյն արդիւնքները կրցաւ ձեռք ձգել շնորհիւ լաւ պատրաստուած իր խումբին:

Ախոյեանական մրցումները յայտնաբերեցին ֆութպոլի նոր աստղ մը` Էոզոպիոն, որ իր ահարկու հարուածներով փորթուգալեան խումբին յաղթանակներուն կերտիչը հանդիսացաւ:

Ֆութպոլի ախոյեանական 8-րդ մրցաշարքը պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ առասպելական անուններու անկումին եւ նոր աստղերու բարձրացման մրցաշարքը: Անակնկալներու պատճառով անոր ստեղծած յոյզերը եւ անստոյգ սպասումի պահերը երկար ժամանակ պիտի մնան ֆութպոլի սիրահարներու մտքին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում` Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» 75-Ամեայ Վարժարանին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?