Հալէպահայ Կեանք
Ամավերջի Հանդէսներ
Ուսումնական տարեվերջի առիթով հալէպահայ բոլոր վարժարանները ունեցան իրենց ամավերջի հանդէսը, որոնք բոլորն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, եւ որոնց ներկայ եղաւ, միշտ ալ, խուռն բազմութիւն մը:
Առաջնորդ Ղեւոնդ սրբազան նախագահեց «Հայկազեան», «Զաւարեան», «Կիւլպէնկեան», «Վարդանեան», «Մեսորպեան», «Գերմանիկեան» եւ «Կիլիկեան» վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն, վկայականներ բաշխեց եւ փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդէսները:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ Մեսրոպ վարդապետ առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով նախագահեց «Սահակեան» վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի, «Զաւարեան»-ի մանկապարտէզի եւ «Ուսումնասիրաց»-ի ամավերջի հանդէսներուն եւ կատարեց վկայականներու բաշխում:
«Քարեն Եփփէ» Ճեմարան
«Քարեն Եփփէ» ազգային ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 յուլիսին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ, ծնողներու եւ հրաւիրեալներու` 2000 հոգիի ներկայութեան:
Օրուան նախագահն էր Սուրիոյ ընդհանուր ոստիկանապետը եւ հովանաւորը` թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ սրբազան:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք, որ ընդհանուրի գնահատանքին արժանացաւ, տեղի ունեցաւ ճեմարանական ուսանողներու կողմէ պատրաստուած շուրջ 100 կտոր նկարներու ցուցահանդէսը: Բացումը կատարեց ընդհանուր ոստիկանապետը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ճեմարանի տարեկան տեղեկագիրը իր ամփոփ գիծերուն մէջ.
«Քարեն Եփփէ» ազգային ճեմարանը այսօր կը բոլորէ իր տասնեւիններորդ տարին:
Մեր վարժարանը այս շրջանին ունեցաւ երեք միջնակարգ (7-րդ, 8-րդ, 9-րդ) եւ երեք երկրորդական (10-րդ, 11-րդ, 12-րդ) դասարանները: Աշակերտութեան թիւն էր 262 աղջիկ եւ 265 մանչ: Ընդհանուր գումար` 527:
Տարուէ տարի Ճեմարան կ՛ունենայ թուական զգալի աճ, արդիւնք` ոչ միայն պետական ծրագրի բարեխիղճ կիրարկումին եւ ակներեւ նուաճումներուն, այլ մանաւանդ վարժարանէս ներս տիրող ուսուցիչներու եւ ուսանողութեան սերտ գործակցութեան: Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ 1964-1965 պետական պաքալորէայի քննութեանց մէջ Ճեմարան բովանդակ Սուրիոյ մէջ ապահովեց փայլուն արդիւնք. իսկ ուսանողներէն Սեդրակ Գարանֆիլեան 230 միջինով առաջին հանդիսացաւ եւ պետութեան հաշուոյն ղրկուեցաւ Եւրոպա` ուսումը կատարելագործելու համար: Նոյնքան ուրախալի երեւոյթ է նաեւ մեր ճեմարանական շրջանաւարտներու արձանագրած յաջողութիւնները համալսարաններու մէջ, ուր ոմանք տեղ գրաւած են պատուոյ տախտակներու վրայ: Տակաւին վերջերս, մեր այս տարուան շրջանաւարտներէն Հրաչ Պարսումեան, Պէյրութի համալսարանի մուտքի քննութեանց մասնակցողներու մէջ (Սուրիա-Լիբանան) առաջին հանդիսացաւ` ապահովելով 752 նիշ 800-ի վրայ: Մուտքի քննութեանց առաջին շրջանին յաջողեցան նաեւ այլ ուսանողներ` Ժիրայր Պոյաճեան, Ասպետ Վասիլեան, Սեդա Ինճէեան: Աւելի քան փայլուն այս նուաճումները բնական հետեւանք են ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համադրուած ճիգերուն: Յոյս ունինք նաեւ յաջող արդիւնքներ արձանագրել պաքալորէայի եւ պըրըւէյի ներկայ շրջանի քննութեանց մէջ:
Մարզական
Ճեմարան այս տարի ունեցաւ վաստակաւոր եւ Սուրիոյ մէջ համբաւ ստեղծած մարզիչ Աբրահամ Քէշիշեանը: Արդար ըլլալու համար յայտնենք, որ իր ցոյց տուած հոգածութեան եւ ուսանողներու նկատմամբ վերապահած գուրգուրանքին շնորհիւ` մարզական շարժումը Ճեմարանէն ներս հասաւ փայլուն մակարդակի մը: Բացի արտադպրոցական եւ միջդասարանային մրցումներէն` Ճեմարան պաշտօնապէս մասնակցեցաւ Կրթական տնօրէնութեան կազմակերպած մրցաշարքին եւ խլեց առիւծի բաժինը: Հալէպի բոլոր դպրոցներու մէջ միջնակարգի պասքեթպոլի խումբը առաջին հանդիսացաւ, իսկ ֆութպոլի խումբը` երկրորդ: Այս արդիւնքին իբրեւ քաջալերանք` վարժարանը ստացաւ բաժակներ: Իսկ ֆութպոլի մեր խաղացողներէն Անդրանիկ Մալեան մաս կը կազմէ Սուրիոյ խառն խումբին, իսկ Անդրանիկ Պահարեան` Հալէպի խառն խումբին:
Ճեմարանէն ներս կը կիրարկուին մարզական բոլոր խաղերը` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, հենտպոլ, փինկ փոնկ, թենիս եւ աթլեթիզմ:
Ուսուցչական Կազմ
Ճեմարանը որակաւոր ուսուցիչներու ցանցով մը օժտելու ծրագիրը այսօր արդէն պայծառ իրականութիւն մըն է: Վարժարանիս խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը չեն վարանած նիւթական ծանր յանձնառութեանց տակ մտնելու` ապահովելու համար իրենց աւանդելիք ճիւղերուն բացարձակ ձեռնհասութիւնը ունեցող ուսուցիչներ: Ուրախալի երեւոյթը այն է, որ ճեմարանաւարտ համալսարանականներու աչքառու եւ որակաւոր թիւ մը արդէն իսկ ստացած են պատասխանատու դասեր իրենց տան մէջ: Այս տարի վարժարանս ունէր 40 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, մնայուն եւ այցելու: Արդարութեան պարտք մը վճարած ըլլալու համար` տնօրէնութիւնս հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մնայուն թէ այցելու բոլոր ուսուցիչներուն:
Յարաբերական
Իբրեւ ուսումնական հաստատութիւն` Ճեմարանը կանոնաւոր կապեր պահած է Հալէպի Կրթական տնօրէնութեան հետ` անկէ ստացուած հրահանգներուն եւ թելադրանքներուն համաձայն ուղղութիւն տալով վարժարանիս ընթացքին: Իբրեւ ազգային հաստատութիւն` սերտօրէն կապուած Ազգային առաջնորդարանին եւ անկէ բխած մարմիններուն` վայելելով անոնց նիւթական թէ բարոյական անվերապահ աջակցութիւնը:
Շրջանաւարտներ
Անցնող 19 տարիներու ընթացքին «Քարեն Եփփէ» ազգային ճեմարանը տուած է 293 շրջանաւարտ: Ներկայիս 85 ճեմարանաւարտներ կը պաշտօնավարեն հայկական զանազան նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ: Հոս նկատի չենք առներ թերաւարտ ուսանողներու թիւը, որոնք ուսուցչական ասպարէզ ընդգրկած են: 105 ճեմարանաւարտներ կը հետեւին համալսարանական բարձրագոյն ուսմանց` Սուրիոյ, Լիբանանի, Եւրոպայի, Մ. Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Մասնաւորաբար հետզհետէ կը շատնայ արաբագէտ հայ ուսանողներու թիւը: Մնացեալ շրջանաւարտները ընտրած են ազատ ասպարէզ:
Ու հիմա, փակելու համար 195 օրուան մեր գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով խորունկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ղեկավարութեան, կառավարութեան, Կրթական տնօրէնութեան, Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Հալէպի Խորհրդատու մարմինի վարիչ Գէորգ Ներսոյեանին, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ խնամակալուհիներուն, Հայ կրթական հիմնարկութեան, Հայ օգնութեան միութեան, բժիշկ Ասլանեանին, ինչպէս նաեւ` Ճեմարանէն ներս սան պահող բոլոր միութիւններուն եւ սիրելի ծնողներուն:
Մենք այսօր կը փակենք վարժարանը` մաղթելով, որ անիկա յառաջիկայ տարի արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:
Շնորհակալութիւններ:
Տնօրէն
«Քարեն Եփփէ» Ազգային Ճեմարանի
Գ. ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ