Նոր Ոսկեդար
– Գրել ժողովուրդին համար, գրել մարդկութեան համար:
Այսպէս կը պատգամէ տակաւին հայ լեզուն, որ անբաժանելի լիութիւն մըն է, բայց հաւատարմօրէն կ՛ենթարկուի կեանքի եւ ժամանակի յեղաշրջումներուն: Իր ազգագրական եւ գեղագիտական արժէքէն զատ մեր բարբառը հարուստ է նիւթերն ու գաղափարները մարմնաւորելու անսպառ ընդունակութեամբ մը, որ զայն անմիջապէս կը տանի բարձրագոյն եւ ստեղծագործ լեզուներու համաստեղութեան: Զայն կը կարդանք եւ մեր մտքին մէջ կը վերածնի ոչ միայն անանուն էակի մը, այլեւ ամբողջ հաւաքականութեան մը մտածումներուն համադրութիւնը, որ խտացած կամ բազմապատկուած է ամէն մէկ բառի, մրմունջի մէջ: Կը խորհինք ուրիշներու խոհերով, անոնց մռայլ կամ երջանիկ պահերով, կը ցցուինք անոնց հակամարտ համոզումներուն դէմ, բայց միաժամանակ կը սիրենք ու կը յարգենք զանոնք եւ կը ջանանք ներդաշնակութեան գիծ մը ստեղծել անոնց եւ մեր գոյութեան միջեւ:
Հայ լեզուին առաջին բնախօսութիւնն է աս, որուն չենք անդրադառնար գուցէ, ինչպէս կ՛անտեսենք յաճախ մեզի ընտանի այնքան թանկագին գանձերը: Չենք գիտակցիր, թէ մեր ժողովուրդը յաջողեր է գերազանցել իր քաղաքակրթական նուաճումները, եւ իր պարտութեան կամ հոգեվարքի սեմին վրայ իսկ կերտեր է լեզու մը, որ զինք փրկեր է մահէն եւ փլուզումէն: Եթէ խորհինք եւ թափանցենք հայ բառերով, այն տպաւորութիւնը պիտի ունենանք, թէ անակնկալի եկած ենք եւ դեռ նոր կը ճանչնանք այդ զուտ ու ոսկի հարստութիւնը, որ հիւսուած եւ շաղախուած է ամբողջովին գաղափարական տուրքերով: Մարդոց եւ տարրերուն համապարփակ աշխատանքը, այն հսկայական ճիգը, որ պրկուած է միշտ կեանքի բոլոր փեթակներուն մէջ, հողին եւ մշակին նուիրական եղբայրութիւնը, գեղջուկին ցանքը եւ քաղքենի մթնոլորտին տարօրինակ հրապոյրը իրենց մեծագոյն ցուլարանը կը գտնեն հայ խօսքին եւ անով մշակուած արուեստին մէջ:
Ի՜նչ սխրանքով կը մտածենք այսօր այդ լեզուին կռիւներուն, որով անցաւ դարերու հանգրուաններէն եւ իր ծոցին մէջ ամփոփեց փոթորիկներու նուագը եւ երգը` առանց կործանելու եւ առանց խեղդուելու: Ճանչցաւ քրիստոնէութիւնը, միջին դար, Արեւելքի եւ արեւմտեան հակազդեցութիւնները, դասականութիւն, կղերական մոլեռանդութիւն եւ ցեղային բախումներ, որոնք աւելի զտեցին եւ սրբացուցին իր կոյս ու վայրի գեղեցկութիւնը:
Ամբողջ լեզուի մը մղած պայքարն է, որ այսօր դրուած է նժարին մէջ: Եթէ մեր ժողովուրդը, իբրեւ մարդկութեան մէկ մասնիկը, իր մշակոյթը պաշտպաներ է ամէն աղէտի եւ չարիքի դէմ, պաշտպաներ է իր Եկեղեցիով, Դպրութիւնով եւ մտաւորական կոթողներով, այդ յաղթանակը կը պարտի միմիայն իր լեզուին, որ տառապեր ու վերածներ է իրեն հետ, սրբեր է երէկի վէրքերը, աւելի ազատ ապրելու համար: Եղեր է անոր պաշտամունքը, կիրքն ու կամքը, սիրոյ եւ յոյսի շարականը, աշուղական եւ հովուական երգը: Եղեր է վերջապէս անոր ամէնօրեայ թռիչքը եւ հանդիսաւոր շեփորը:
Ահա թէ ինչու մեր լեզուն ժողովրդային ուխտագնացութեան մը հանգանակն է պարզապէս, որ նախ մեզ կը կապէ մեր ցեղային ակունքին, հայ կեանքին, հայ հոգիին ու հանճարին, եւ իր ելակէտը կը գտնէ մարդկային հաւաքականութեան մէջ:
* * *
Եւ սակայն, նոր դարաշրջան մը պէտք է մեզի, հայ բարբառէն ծնած բոլորովին տարբեր ներշնչարան մը, որ ամբողջ տիեզերքի զգացողութիւնը պիտի փրկէ իր մեղկութենէն ու ձանձրոյթէն, եւ զայն պիտի ապրեցնէ աւելի անկաշկանդ ու կենսանորոգ աշխարհի մը մէջ:
Մեր ցանկութիւնները ծարաւի են սաստկապէս, մինչ գրական դար մը անցաւ սպասումի եւ փոխանցման շրջաններով: Հիմա այնքան օտար ենք լոյսին, որ մեզի կը թուի, թէ ան չի ծագիր այլեւս, իսկ մթութիւնը ծանր պատրանք մըն է միայն, չարչարանք եւ առեղծուած: Կարծես ապագան անգամ մերկացած է իր հեռաւոր հմայքէն, եւ ոչ ոք կրնայ վճռել, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերագտնենք մեր գաղափարային ու հոգեկան աշխարհը, ե՛րբ պիտի ողջունենք վաղուան քաղաքակրթութեան լուսաբացը:
Եթէ ան պիտի ծնի իսկապէս, ուրեմն թող գայ նոր աստուածներով եւ հերոսութիւններով` նսեմացնելով անցեալի բոլոր յաղթանակները, ազատագրելով շղթայակապ գեղեցկութիւնը եւ ջնջելով դարերու աւերակները, շրջելով պատմութեան հոսումն ու գնացքը եւ ծունկի բերելով ամենազօր ժամանակը:
Թող ծագի այդ ապագան եւ նոր ճշմարտութիւն բերէ մեզի` կախարդ եւ սնանկացած իրականութեան մը փոխարէն: Թող վերադարձնէ մարդուն զգալու, սիրելու, մտածելու եւ ստեղծելու ազատութիւնը` արձակելով զայն իր լայնալիճ թռիչքին եւ մրրկավար տենչերուն մէջ: Թող լռեն փոթորիկները, որոնք մեր միտքը տարին անվերջանալի նաւաբեկութիւններու եւ թող փայլատակէ այն հրաշքը, որով Անծանօթին պիտի նայինք ամենատես աչքերով ու անսայթաք բնազդներով` զայն ճանչնալու եւ արտայայտելու համար բացարձակ ապահովութեան ու ներդաշնակութեան մէջ:
Ինչպէ՜ս մարդիկ կը ցանկան այդ իմացական վերածնունդին, խօսքի եւ ոճի, յղանալու եւ հաւատալու այդ գերմարդկային արդարութեան, որ զիրենք պիտի փրկէ ամէն անձկութենէ ու ներքին թշուառութիւններէ, եւ հոգեկան ու տիեզերական կեանքը պիտի տայ պարզութեան, կատարելութեան, նիւթի եւ գաղափարի երջանիկ միութեան մէջ` ամբողջովին նման տարրերու ձայնին, անոնց երգին ու հեծեծանքին:
Թող հնչէ այդ ժամը, եւ մեր ժողովուրդը իր զոհաբերութեան բաժինը բերէ հասարակաց այս դատին, եւ ծնի այն սերունդը, որ իր շաղախը պիտի տայ այդ նոր մեհեանին զինուորագրելով իր ամէնէն թաքուն ուժերը եւ անակնկալի բերելով վաղուան մարգարէները: Եւ թող գայ այդ սերունդը իր բանաստեղծութեան ամենաջերմ աղաղակով, իր հզօրագոյն երգիչներով, հսկայ անդապահներով, անընկճելի դարբիններով, որոնք Դպրութեան այդ նորագոյն ոսկեդարը պիտի հիմնեն եւ անոր յիշատակարանը պիտի կերտեն:
Հայ լեզուն մեծագոյն հրաւէրն է այս հրամայական ստիպողութեան եւ ամէնուս կ՛առաջարկէ սթափիլ ինքնագոհութեան ու աժան վայելքներու թմբիրէն եւ պաշտպանել մեր մտաւորական գոյամարտը, ընկերային մեծ տագնապին եւ քաղաքակրթական քաոսին առջեւ:
ԵԴՈՒԱՐԴ ՍԻՄՔԷՇԵԱՆ