Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1966)

August 5, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արմենիա

Նախանձախնդրութիւն

Լաւագոյնին եւ կատարեալին նախանձախնդրութիւնը գովելի առաքինութիւն մըն է:

Ընկերային կեանքի մէջ խոտելի շատ մը թերիներ սրբագրելու համար իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ դրուած անգիր պարտականութիւններ կան:

Հասարակաց բարօրութեան հետ կապուած ամէն հարցի մասին ընկերութեան անդամներու նախանձախնդրութիւնը պայման է: Առանց այդ նախանձախնդրութեան` կը խանգարուի ընկերութեան բնականոն կեանքը:

Լաւագոյնին ձգտումն է, որ կը մղէ քաղաքակիրթ երկիրներու գիտակից քաղաքացիները` հետաքրքրուելու իրենց հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերով եւ մատնանշելու թերիներ, որոնք կրնան վնասակար դառնալ:

Այդ նպատակով մամուլին մէջ կան որոշ սիւնակներ, ուր կ՛երեւին ընթերցողներու քննադատութիւններն ու սրտցաւ թելադրութիւնները:

Ատկէ կ՛օգտուի հանրային կարծիքը:

Կ՛օգտուին նաեւ պետական շրջանակներ, որոնց ուղղուած են թելադրութիւնները:

Որդեգրուած այս գովելի դրութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժամանակակից կրթուած եւ հայրենասէր քաղաքացին մտահոգուած է իր հայրենիքի առօրեայ եւ ապագայ կեանքով:

Մատնանշուած թերիներու սրբագրութեամբ կը կանխուին չարիքներ, որոնք կրնան ծնունդ տալ աւելի մեծերու եւ դառնալ անսրբագրելի դժբախտութիւններ:

Ամէն քաղաքացի եթէ տոգորուած ըլլայ այս նախանձախնդրութեամբ, առաջքը կ՛առնուի հասարակաց հայրենիքի վնաս պատճառող բազմաթիւ թերիներու:

Այս նախանձախնդրութեան շնորհիւ` բազմատեսակ չարիքներ կը կանխուին եւ քաղաքացիներ ու իշխանութիւն ձեռք ձեռքի` կը գործեն յօգուտ հասարակաց բարիքին:

Այս ոգիին է, որ կը սպասենք մենք եւս մեր ազգային կեանքին մէջ:

Սրբագրութեան կարօտ շատ մը սխալներ կան նաեւ մեր ներքին կեանքին մէջ:

Անոնց մասին սակայն, փոխանակ մեկուսի վայրերու մէջ խօսելու, պէտք է խօսիլ, ուր որ պէտք է:

Մամուլը հանրային բեմ մըն է, ուր կարելի է արծարծել սրբագրութեան հանրարժան վրիպումներ:

Կարելի է նաեւ թելադրութիւններ ընել ուղղակի այն մարմիններուն, որոնք կը գործեն այդ թերիները:

Նման մատնանշումներուն նպատակը պէտք է ըլլայ ոչ թէ գործող անձերը կամ մարմինները քննադատել կամ վիրաւորել, այլ` օգնել անոնց, որ քննութեան առնեն հասարակաց շահուն վնասակար, գուցէ եւ իրենց ուշադրութենէն վրիպած զանցառութիւններ:

Նման առիթներով մարմիններ կամ անհատներ պէտք չէ սրտնեղին, եթէ մատնանշումները օգտակար են ու տեղին:

Անսխալական ոչ ոք կայ:

Հետեւաբար մատնանշումները պէտք է նպատակ ունենան սրբագրութիւնը եւ ոչ թէ` վիրաւորանք հասցնելը:

Կարեւորը այս է: Երբ այս բծախնդրութեամբ երկուստեք մօտեցուի հարցերուն, կը խորհինք, որ սրբագրութեան կարօտ շատ մը գործեր կ՛ունենան բարւոք կարգադրութիւն:

 

Արաբական Աղբիւրները
Հայերու Մասին

Հայ-արաբական յարաբերութիւնները շատ հին պատմութիւն ունին: Արդարեւ, ծնունդ կ՛առնեն Քրիստոսէ առաջ: Այդ յարաբերութիւնները աւելի տեւական եւ խոր բնոյթ կը ստանան միջին դարերուն, յատկապէս Է.-Ը. դարերէն սկսեալ, երբ Հայաստան կ՛իյնայ արաբական տիրապետութեան տակ, այնուհետեւ հայկական պետականութեան վերականգնման եւ գոյութեան շրջանին, ինչպէս նաեւ` Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան օրով: Այդ կապերը շատ բազմակողմանի էին` քաղաքական, ռազմական, տնտեսական, առեւտրական, մշակութային եւ այլն: Այդպիսի լայն կապերու գոյութիւն չէր կրնար վրիպիլ ժամանակակից հայ եւ արաբ պատմագիրներու ուշադրութենէն: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ առանց միջնադարեան հայ եւ արաբ պատմագիրներու ձգած գրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, անհնար է տալ ոչ միայն հայ-արաբական յարաբերութիւններու լրիւ պատկերը, այլեւ միջնադարեան Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու պատմութեան ամբողջական պատկերը: Այդ ուղղութեամբ կատարուող ամէն մէկ քայլ արժանի է գովեստի: Ահա թէ ինչո՛ւ  պէտք է ողջունել Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան ճիւղին կողմէ հրատարակուած «Արաբական աղբիւրները Հայաստանի եւ հարեւան երկրների մասին» գիրքը, որ մեծ աշխատանքի մը մէկ մասն է միայն:

Գիրքը կը ներկայացնէ միջնադարեան երեք արաբ հեղինակներ` Եաքութ Համաուի, Ապուլ Ֆիտան եւ Իպն Շատտատ: Գիրքին մեծ մասը կը կազմէ Համաուիի «Աշխարհագրական բառագիրք»-ին վեց հատորներէն կատարուած թարգմանութիւնը: Եաքութ Ապու Ապտալլահ Շահապատի Համաուի (1178-1229) արաբ յայտնի աշխարհագէտներէն մէկն է: Շատ ճամբորդած հեղինակը իր գործը կազմած է` հիմնուելով այդ ուղեւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր նախորդներուն եւ ժամանակակիցներուն քաղած տեղեկութիւններուն վրայ: Շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքական դրութեան եւ տնտեսական վիճակին, այլեւ` արհեստներուն, ժողովուրդին զբաղումներուն, կենցաղին, քաղաքներուն, գիւղերուն, լիճերուն, գետերուն, ամրոցներուն մասին: Եւ եթէ նկատի ունենանք, որ այդ շրջանին վերաբերեալ հայկական աղբիւրներն ալ այնքան հարուստ չեն, հասկնալի կը դառնայ արաբական աղբիւրներուն եւ մասնաւորապէս Եաքութ Համաուիի «Աշխարհագրական բառգիրք»-ին անվիճելի արժէքը:

Արաբ աշխարհագէտը կու տայ Հայաստանի` Արմենիայի նկարագիրը: Կ՛ըսէ, թէ ան «ընդարձակ երկրամասի մը անունն է, որ կը տարածուի դէպի հիւսիս»: Արաբ միւս հեղինակներուն պէս, Համաուի եւս «Արմենիա»-ի սահմանները կը տարածէ մինչեւ Կասպից ծովի եւ Կուր գետին միջեւ գտնուած հողամասը եւ Կովկասի լեռնային մասերը:

Մանրամասն կերպով կը նկարագրէ նաեւ արաբական արշաւանքները Հայաստանի վրայ եւ զանազան քաղաքներու կամ շրջաններու գրաւումը արաբներու կողմէ:

Համաուի հիացումով կը խօսի Հայաստանի կլիմային, հարստութիւններուն եւ բնութեան պարգեւներուն մասին: Այսպէս, Երզնկան ան կը նկատէ «շատ հաճելի, անուանի, ճոխ բազմամարդ քաղաքներէն մէկը», իսկ Էրզրումը` «ծաղկեալ քաղաք»: Բալուի մասին կը հաղորդէ, որ ամուր բերդ մըն է Խլաթի եւ Էրզրումի միջեւ, ուր կայ երկաթի հանք: Իսկ ինչ կը վերաբերի Խլաթին «ամուր եւ հռչակաւոր քաղաք մըն է, օժտուած ամէն տեսակի բարիքներով, ընդարձակ ու պտղառատ… Ունի բազմազան պտուղներ եւ պատուական ու առատ ջուրեր»: Առանձին հիացումով կը խօսի Վանայ ծովի մասին: Համաուի այդ լիճը կը համարէ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի հրաշալիքներէն մէկը, որուն տառեխ ձուկը կ՛արտածուի մինչեւ Հնդկաստան:

Արաբ աշխարհագիրը այդ տիպի տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ Հայաստանի միւս վայրերուն, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Հայաստանի` Տարսոնի, Այնթապի, Մարաշի, Հռոմկլայի եւ այլնի մասին: Որոշ նիւթեր կը վերաբերին այն հայ գործիչներուն, որոնք աչքի զարնող դեր խաղացած են արաբական աշխարհին մէջ:

Շահեկան եւ արժէքաւոր են նաեւ Ալի Իմատտատին Ապուլ Ֆիտայի ժամանակագրութիւնները: Անոր ժամանակագրութիւններուն մէջ շատ մեծ տեղ կը գրաւեն Կիլիկեան Հայաստանի, անոր եւ արաբական սուլթաններու միջեւ եղած յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նիւթերը: Մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ արաբական արշաւանքներուն մասին:

Երրորդ հեղինակը, ուր տեղ գտած է Հ. Նալբանդեանի կազմած գիրքին մէջ, Կատի Պահաէտտին Իպն Շատտատն է (1145-1234): Եղած է սուլթան Սալահէտտինի մօտիկ մարդոցմէ մէկը եւ վարած կարգ մը վարչական եւ դիւանագիտական պաշտօններ: Իպն Շատտատ գրած է Սալահէտտինի կենսագրութիւնը, որմէ հատուածներ ներկայացուած են այս հատորին մէջ: Հոս, հիմնականին մէջ, կը խօսուի հայ-արաբական քաղաքական յարաբերութիւններուն մասին` կապուած խաչակիրներու արշաւանքներուն հետ:

«Արաբական աղբիւրները Հայաստանի եւ հարեւան երկրների մասին»-ը շատ արժէքաւոր գիրք մըն է, որ յատկապէս մեծ օգտակարութիւն կրնայ ունենալ այն բոլոր հայագէտներուն, որոնք կը զբաղին Հայաստանի միջնադարեան, Կիլիկեան Հայաստանի պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս հայ-արաբական կապերու ուսումնասիրութեամբ:

Ն. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.