Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 8, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Դրական Երեւոյթներ

Սփիւռքահայ կեանքը, անցնող քառասնամեայ ճիգերու իր գումարով, արդէն կազմակերպուած իրականութիւն մըն է, նուաճում մը` ազգային եւ հասարակական բազմերես իրագործումներով:

Իւրաքանչիւր գաղութ ինքն իր մէջ առանձին, իր պայմաններուն թոյլատրելի սահմանումովն իսկ լծուած է աշխատանքի` գլխաւոր նպատակ ունենալով ազգային դիմագիծին եւ նկարագիրին անաղարտ պահպանումը:

Այսօր առաւել եւս կ՛արժեւորուին այս նուաճումները, երբ անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին մեր ազգային գիտակցութեան մէջ աստիճանաբար սկսած է արմատանալ այն տեսակէտը, թէ էականը աշխատանքն է յանուն ընդհանուր նպատակի մը, յանուն ընդհանուր ձգտումի մը, այն է` իրագործել այս ժողովուրդին արդար պահանջները, ստեղծել ամբողջական հայուն մտատիպարը եւ ոչ թէ հատուածամոլ պայքարներն ու վէճերը, որոնց անիմաստ եւ ջլատիչ ջրապտոյտին մէջ ինկաւ սփիւռքը անցնող տասնամեակներու ընթացքին:

Այսօր բաղդատական մը ներկային եւ անցնող տարիներուն միջեւ պիտի տանի մեզ այն հաստատ համոզումին, որ մեր յարանուանութիւններն ու կուսակցութիւնները ո՛չ միայն կը հանդուրժեն զիրար, այլ կը գործեն այն գիտակցութեամբ, որ ժամանակավրէպ են այլեւս վէճերն ու պայքարները. էականը աշխատանքն է` նոր առաջադրութիւններով եւ նոր իրագործումներու հեռանկարով:

Եթէ անկողմնակալ դատումի ենթարկելու ըլլանք հայ կեանքը, Հայաստանի ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը եւ սփիւռքի ներկայ մտածելակերպը, դիտուած հոգեբանական անկիւնէն, շեշտուած ընդգծումով մը պիտի հասնինք այն եզրակացութեան, որ Հայ դատն ու հողային պահանջները դադրած են այլեւս գրքունակ տարազներ եւ ոմանց համար ալ ցնորք կամ ինքնախաբէութիւն ըլլալէ եւ վերածուած են ընդհանրական ապրումի:

Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է այս` ի մասնաւորի յիսնամեակի տօնակատարութիւններէն ետք. կարծէք բովանդակ հայութիւնը զգալի հոգեփոխութեամբ մը ելած է ճամբայ կերտելու նոր զարթօնք մը:

Նոր չէ Հայ դատը, նոր է սակայն անոր ընդհանրացումն ու իւրացումը, դեռ տեսակէտներու զգալի տարբերութեամբ` համայն հայութեան կողմէ:

Էականը այս ընդհանրացումն ու իւրացումն է, առանց պատրանքներ սնուցանելու` եւ անվերապահօրէն կրնանք ընդգծել, թէ շահուածը ներքին ճակատամարտ մըն է, ազգային ընդհանուր մտահոգութիւններու գիտակցական նուաճում մը:

Ուրեմն մտածումի այս հանգրուանին հասած սփիւռքը աշխատանքով եւ բոլորանուէր թափով պիտի փարի իր հիմնական նպատակներու իրագործման եւ ոչ թէ երկրորդական կամ երրորդական հարցերու շուրջ ստեղծուած վէճերով կամ պայքարներով սպառէ ինքզինք:

Այս է մերը տեսակէտը: Յուսադրիչ է այսօրուան պատկերը, երբ հայ միտքը, ձերբազատած առտնին նեղմիտ մտահոգութիւններէ, լայն հորիզոններու մտասեւեռումով լծուած է աշխատանքի:

Ներկայ քաղաքական անցուդարձերն ու խմորումները, կազմուած եւ քայքայուած ուխտերը, ազատութեան համար մղուող պայքարները, որոնցմէ շատեր գտան իրենց բացարձակ անկախութիւնը, եւ, մասնաւորաբար, Թուրքիոյ տնտեսական փտախտը եւ ռազմագիտականօրէն անոր արժէքին աստիճանական նուազումը յուսադրող երեւոյթներն են, որոնք հայ մարդուն մտածումին մէջ կը յստակացնեն այն տեսակէտը, թէ երբեմնի կարծուած անկարելիութիւնները դադրած են այլեւս գոյութիւն ունենալէ, եւ ինչ որ անկարելի էր երէկ, այսօր դարձած է կարելի` ի մասնաւորի իրաւազրկուած այն ժողովուրդներուն համար, որոնք պատրաստ են ներքնապէս, երբ առիթը ներկայանայ:

Առանց մանրամասնելու քաղաքական ներկայ գոյավիճակն ու տեղի ունեցող խմորումները, պատմութեան հոլովոյթին բերումովն իսկ, մեր ժամանակաշրջանը կարելի է որակել անակնկալներու շրջան, ուր իւրաքանչիւր ազգ վերջ ի վերջոյ, դարձեալ կը շեշտենք, եթէ պատրաստ է, կը դառնայ տէրը իր կորսնցուցած իրաւունքներուն:

Փշրուած են պատմութեան հին չափանիշներն ու կաղապարները:

Արդ, դրական երեւոյթ կը նկատենք այսօր այն բոլոր աշխատանքներն ու մտորումները, որոնք անմիջական աղերս մը ունին մեր Դատին եւ մեր պահանջներուն հետ:

Այսօր սփիւռքի մէջ գործող հատուածները առանձնաբար լծուած են այս աշխատանքին, մասնաւորաբար` ներքին ճակատին վրայ, այս եւս դրական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ առաջին քայլն է այս, որմէ ետք կարելի է իրագործել համակարգուած եւ ընդհանուր գործունէութիւն մը:

Էականը առաջին քայլն է, եւ առնուած է առաջին քայլը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?