Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1966)

Յուլիս 28, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին Կեանք

Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալուած Արաբ Ազգայնականները Ազատ Արձակուեցան

Թրիփոլիի դատական իշխանութիւնները երէկ կէսօրէ ետք ազատ արձակեցին Արաբ ազգայնականներու շարժման անդամները, որոնք քանի մը օր առաջ ձերբակալուած էին հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ, արգիլուած կուսակցութեան մը ի նպաստ գործած ըլլալով:

Ութ ձերբակալեալներուն փաստաբանները հարցաքննիչ դատաւորին ներկայացուցած էին ազատ արձակման խնդրագիրներ, որոնք ընդունուեցան:

Իր կարգին, հիւսիսային Լիբանանի ընդհանուր դատախազը Վճռաբեկ ատեանի դատախազութենէն պահանջեց հարցը փոխանցել զինուորական ատեան, որ այս պարագային աւելի իրաւասու է:

Այս ուղղութեամբ յուշագիր մը տրուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան: Եթէ այս նախարարութեան պատասխանատուները նպաստաւոր կարծիք յայտնեն, Թրիփոլիի ձերբակալութեանց հարցը իսկոյն պիտի յանձնուի զինուորական դատարան:

Երէկ առտու, Ապտալլա Եաֆի եւ Փիեր Ժեմայէլ, հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխաններուն միջամտութեանց վրայ, խոստացան բանտարկեալները 24 ժամէն ազատ արձակել:

Ժամը 17:00 – 19:00
Յիսուն Հազար Ինքնաշարժներ Կ՛անցնին Պհամտունէն

Լեռնալիբանանի կուսակալ Ղալեպ Թիւրք եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան ճամբաներու տնօրէն Ֆերիտ Սալհապ երէկ Պհամտուն գացին ուսումնասիրելու համար ինքնաշարժի շրջագայութեան կազմակերպումը: Երկու պատասխանատու անձնաւորութիւնները նկատեցին, թէ երեկոյեան առաջին ժամերուն ինքնաշարժները ի՛նչ դժուարութիւններ կ՛ունենան շրջագայելու համար:

Վերջին վիճակագրութեանց համաձայն, ժամը 17:00-19:00 50,000 ինքնաշարժ Պհամտուն կը մտնեն ու կ՛ելլեն:

Թիւրք եւ Սալհապ եզրակացուցին, որ պէտք է  լայնցնել Պաալշմէյի ճամբան եւ բացառիկ միջոցներ ձեռք առնել` երթեւեկը դիւրացնելու համար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Ճուլիէթ Գալստեան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?