Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1966)

Յուլիս 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հեթանոս Հայերու
Չաստուածները

Հեթանոս հայ ժողովուրդը նախաքրիստոնէական շրջանին կը պաշտէր չաստուածները:

Չաստուածներու հայկական պանթէոնին մէջ կը գտնուէին եօթը սրբարաններ: Իւրաքանչիւր սրբարան նուիրուած էր չաստուածի մը:

Պաշտամունքի առարկայ էին նաեւ պանթէոնին մաս չկազմող ժողովրդային այլ չաստուածներ, որոնցմէ Վահագն չաստուած, շնորհիւ իր ունեցած ժողովրդականութեան, ստացած էր ազգային դիմագիծ:

ԱՐԱՄԱԶԴ.- Հայկական պանթէոնին գերագոյն չաստուածը Արամազդ` տիեզերքի ճարտարապետն էր, ամէն ինչի սկզբնաւորութիւնը եւ երկինքի ու երկրի արարիչը:

Ամուրի էր, բայց կը նկատուէր բոլոր չաստուածներուն հայրը, մասնաւորաբար` Միհրի, Անահիտի ու Նանէի, զորս ծնած էր առանց դիցուհիի մը համագործակցութեան:

Մեծ էր, խելացի ու քաջ եւ խաղաղասէր: Բարութիւնն ու առատաձեռնութիւնը իր ամէնէն մեծ յատկանիշներն էին: Երկրի արգասաբերութեան, առատութեան եւ լիութեան տուիչն էր:

Արամազդի ամէնէն հանրածանօթ տաճարները կը գտնուէին Անիի եւ չաստուածներու քաղաք` Բագաւանի մէջ: Անոր համբաւաւոր արձանն ու տաճարները կործանողը եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:

ԱՆԱՀԻՏ.- Մարդկային արգասաբերութեան դիցուհին էր Անահիտ: Ծնած էր առանց մօր` Արամազդէն: Մայրն էր ամենայն զգաստութեան եւ բարերարուհին` ամբողջ մարդկութեան:

Երեխաները յանձնուած էին անոր մայրական խնամքին: Անոնք կ՛աճէին անոր հսկողութեան տակ:

Իբրեւ ներողամիտ մօր` անոր օգնութիւնը կը հայցէին հիւանդներն ու անկեալները:

Կեանքի ու փառքի տուիչ` ամէնէն ժողովրդական դիցուհին էր Անահիտ:

Հեթանոս ժողովուրդներու մէջ ոչ մէկ չաստուած առարկայ եղած է այնքան սիրոյ ու պաշտամունքի, որքան Անահիտ` հայ ժողովուրդին:

ՄԻՀՐ.- Կրակի չաստուածն էր Միհր: Փետրուար ամիսը ձօնուած էր Միհրի ու կը կոչուէր Մեհեկան:

Հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր պահած է կրակի տօնակատարութիւնը եւ կը կատարէ փետրուարին, անշուշտ` քրիստոնէական ձեւով:

Միհր չաստուծոյ անունը կը գոյատեւէ նաեւ յատուկ անուններու մէջ` Միհրան, Միհրդատ, Միհրանուշ եւ այլն:

Հակառակ կարեւոր չաստուած մը ըլլալուն` Միհր երբեք ժողովրդականութիւն չշահեցաւ հայ ժողովուրդի մէջ: Ի վերջոյ իր տեղը զիջեցաւ ազգային Վահագն չաստուծոյ:

ՏԻՐ.- Արամազդի դպիրն ու պատգամաբերն էր Տիր: Հայրը` գիտութեան եւ արուեստի:

Երազներու թարգմանն էր ան, եւ իր տաճարը կը կոչուէր Երազունի: Կարեւոր չաստուած մըն էր եւ հայկական ամիսներէն մէկը կը կոչուէր իր անունով:

Արամազդի դպիրին պաշտօնն էր նաեւ, մարդոց մահէն ետք, անոնց հոգիները փոխադրել միւս աշխարհը:

Մինչեւ այսօր անոր արձագանգը մնացած է հայ ժողովուրդին մէջ. «Գրողը (դպիրը) տանի ձեզ»:

Իր անունը կը յիշուի Տիրան, Տրդատ եւ այլն յատուկ անուններով:

ԱՍՏՂԻԿ.- Սիրոյ եւ հրայրքի դիցուհին էր Աստղիկ: Աշտիշատի մէջ գտնուող Անահիտի, Աստղիկի եւ Վահանի տաճարները միասնաբար կը կոչուէին Վահէ-Վահեան: Աստղիկ եւ Վահագն իրարու սիրահարներ կը նկատուէին, եւ Աստղիկի սրբարանը կը կոչուէր «Վահանի սենեակ»:

Հեթանոս հայերու առասպելական պատմութեան մէջ Աստղիկ ծնած էր ջրհեղեղէն ետք: Դուստրն էր Նոյի եւ քոյրը` երեք տիտաններու, որոնք կռուած էին իրարու դէմ:

Այդ կռիւը հին դիցաբանութեան մէջ կը կոչուի Տիտաններու կռիւ: Անոնց կատաղի պայքարը վերջ կը գտնէ Աստղիկի միջամտութեամբ:

ՆԱՆԷ.- Իմաստութեան տուիչն էր Նանէ եւ պատերազմի դիցուհին:

Անահիտի նման, առանց մօր, ծնած էր Արամազդէն: Իր տաճարը զետեղուած էր հայկական պանթէոնին մէջ` իբրեւ «եօթը սրբարաններու» չաստուածներէն մէկը:

ԲԱՐՇԱՄԻՆ.- Գերեվարուած չաստուած մըն էր Բարշամին: Բերուած` Մեծն Տիգրանի կողմէ:

Իր անունը կը յիշատակուի եօթը գլխաւոր չաստուածներու կողքին: Ոմանք կը նկատեն զինք դիցուհի:

ՎԱՀԱԳՆ.- Կրակէ չաստուած մըն էր Վահագն: Արեւի որդին: Պատերազմի, յաղթանակի եւ շանթի չաստուածը: Կը կոչուէր նաեւ Վիշապաքաղ, որովհետեւ իր գլխաւոր պաշտօններէն մէկն էր վիշապներու սպանութիւնը:

Վահագն թէեւ չէր մտներ հայկական պանթէոնի եօթը գլխաւոր չաստուածներու շարքին մէջ, սակայն ութերորդ գլխաւոր չաստուածն էր:

Իր ժողովրդականութիւնը շուտով զինք զետեղեց Արամազդի կողքին: Արամազդի եւ Անահիտի հետ կազմեց եռաստուածութիւն մը:

ՎԱՆԱՏՈՒՐ.- Հերոսութեան չաստուածն էր Վանատուր:

Կարգ մը պատմաբաններու կողմէ կը նկատուի նաեւ Նոր տարուան չաստուածը: Ուրիշներ Վանատուրը կը նկատեն Արամազդի անունին մէկ ստորոգելին:

ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏ.- Սանդարամետ կամ Սպանդարամետ երկրի չաստուածն էր: Կը հայթայթէր երկրի ամէնէն լաւ արտադրութիւնը` գինին:

Հաւանաբար, միաւորման եղելոյթին պատճառով: Սանդարամետ եղած էր նաեւ մահուան չաստուածը եւ թաղուած` երկրի մէջ:

Աստղերու Բառարանը

Մարդիկ հինէն ի վեր հետաքրքրուած են աստղերով:

Կը կարծէին, թէ աստղերը մեծ ազդեցութիւն ունին մարդոց ճակատագրին եւ առողջութեան վրայ: Ստեղծած էին գիտութիւն մը, որ կը կոչուէր աստեղագիտութիւն, իսկ աստղերու իսկական գիտութեան տրուած էր աստղաբաշխութիւն անունը:

Այսօր աստեղագիտութիւն եւ աստղաբաշխութիւն բառերուն միջեւ շատ խտրութիւն չի դրուիր:

Կայ նաեւ աստղահմայութիւնը, կախարդական ուսումը եւ աստղապաշտութիւնը, որ կրօնական նկարագիր ունի:

Սկիզբները, աստեղագիտութիւնը կամ աստղաբաշխութիւնը մաս կը կազմէր տիեզերագիտութեան:

Այսօր, իսկական գիտութեան վերածելու համար աստղերու իրական ճանաչումը, ստեղծուած է աստեղաբնագիտութիւնը, որ կ՛ուսումնասիրէ աստղերու գիտութիւնը` համաձայն բնագիտութեան օրէնքներուն:

Աշխարհահռչակ գիտնական Վիկտոր Համբարձումեան աստեղաբնագէտ մըն է:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Մահուան 30-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In