50 Տարի Առաջ (1 Սեպտեմբեր 1966)
Լեւոն Գարմէնի Առաջին Գործը «Վայրկեաններ» Տասնըինը տարի առաջ, 1947-ին, լոյս տեսաւ Լեւոն Գարմէնի քերթուածներուն առաջին հատորը` «ՎԱՅՐԿԵԱՆՆԵՐ»: Այդ առիթով «Ազդակ Շաբաթօրեակ»-ի 11 յուլիս 1947-ին թիւին մէջ ողջունեցինք նոր բանաստեղծը, որ վաւերական արժէքի մը խոստումը կու տար մեզի: Այսօր, 19 տարի ետք, յուզումով կ՛արտատպենք ողջոյնի այդ խօսքը` այն խոր ափսոսանքով, որ իր անժամանակ մեկնումը առիթ չտուաւ սիրելի Լեւոնին` կատարելու այդ խոստումին ամբողջական հաստատումը: Շրջանի մը մէջ, երբ քերթողութեան անունով այնքան հասարակ ու անարժէք գործեր կը յանդգնին մուտք գործել հայ իրականութենէն ներս, երբ չկայ տաճարին մտրակազէն պահակը, որ անողոք` հարուածէ բոլոր սրբապիղծները, շատ դժուա՛ր է գտնել քերթողաշունչ իսկական երկեր, որոնք իրեն բառերու...
Կարդալ ԱւելինDetails

