Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստոս 1966)

August 6, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Ոճիրի Արտօնագիր

Ամառ եղանակին լիբանանեան թերթերը կը լեցուին ճամբու մահացու արկածներու նկարագրականներով:

Լիբանանեան բոլոր ճամբաները կը վերածուին մահուան ճամբաներու` կամօքն արտօնեալ ոճրագործներու, որոնք սահմռկեցուցիչ անպատասխանատուութեամբ մը մահ կը սփռեն ամէն կողմ:

Ճիշդ է, որ ճամբու արկածներ կը պատահին բոլոր երկիրներուն մէջ, մանաւանդ հոն, ուր ինքնաշարժներու երթեւեկը շատ խիտ է: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներ, ուր յատկապէս շաբաթավերջին հարիւրաւորներ զոհ կ՛երթան արագութիւն կոչուող գինովութեան:

Բայց նկատի ունենալով համեմատութիւնները` բնակչութեան թիւին եւ ինքնաշարժներու համրանքին, Լիբանան կը գրաւէ առաջին տեղերէն մէկը` ճամբու արկածներուն տուած իր արեան տուրքով:

Պատճառները բազմաթիւ են: Բայց գլխաւորը շարժավարներու անկարգապահութիւնն է, ճամբու օրէնքներուն հանդէպ բացարձակ արհամարհանքը, որ Լիբանանի պէս երկրի մը մէջ, ուր ճամբաներուն մեծ մասը լեռնային է, ճակատագրական ելք կ՛ունենայ:

Խօսք պիտի չունենայինք անձնասպանութեան թեկնածուներուն մասին, եթէ միայն իրենք ըլլային զոհը իրենց ոճրային ընթացքին: Բայց դժբախտաբար անոնք առանձին չեն մեկնիր այս աշխարհէն, այլ իրենց հետ կը տանին նաեւ ուրիշներ, բոլորովին անմեղներ: Երբեմն ալ իրենք կը մնան, ուրիշներ կ՛երթան:

Ժամանակը եկած է, որպէսզի վերջ տրուի այս սանձարձակութեան: Ճամբու օրինագիրքը արմատական փոփոխութեան կը կարօտի: Ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, հոս եւս արտօնագրէ պէտք է զրկուին այն անձերը, որոնք իրար ետեւէ յանցանքի վրայ կը բռնուին, անուղղայ են:

Ոչ մէկ պետութիւն կրնայ ոճիրի արտօնագիր տալ իր քաղաքացիներուն, եթէ ատիկա միջոց մը չէ անշուշտ բնակչութեան աճը պակսեցնելու:

 

Շթորայի
Կազդուրման Կայանը

Վաղը` կիրակի, 7 օգոստոս, Լիբանանի օդափոխութեան բոլոր գիւղերուն մէջ, լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջ. վարչութեան կազմակերպութեամբ, հանգանակութիւն պիտի կատարուի` ի նպաստ Շթորայի Կազդուրման կայանին, որ տարիներէ ի վեր նախախնամական դեր կը կատարէ չքաւոր երեխաներու ֆիզիքական առողջութեան տեսակէտէն:

Վստահ ենք, որ օդափոխութեան բարիքները վայելող մեր հայրենակիցները, իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, պիտի օժանդակեն այս գործի յաջողութեան:

Նկարին վրայ մաս մը Շթորայի կայանին էջ կազդուրուող երեխաներէն:

 

Հայաստանի
Երկաթուղիները

Առաջին անգամ շոգեկառքը Հայաստանի մէջ գործածութեան դրուեցաւ 1899 փետրուար 7-ին: Անցաւ Շիրակի դաշտէն եւ մտաւ Ալեքսանդրապոլ, իսկ յուլիս 21-ին Կարս:

1901-ին երկաթուղին հասաւ Ուլուխանլու (այժմ` Մասիս) կայարան: Առաջին շոգեկառքը Երեւան հասաւ 1902 դեկտեմբեր 5-ին:

1925-1960 Հայաստանի մէջ կառուցուած են հետեւեալ երկաթուղիները.

Լենինական-Արթիկ-Մայմունջուղ` 32 քիլոմեթր, Անի-Անիպեմգա` 5 քիլոմեթր, Մինջեւան-Ղափան` 40 քմ, Երեւան-Սեւան` 84 քմ:

Առաջին երեք փակուղիները փաստօրէն հանքավայրային երկաթուղիներ են, իսկ վերջինը կը հանդիսանայ Երեւան-Աղստաֆա կառուցուելիք գիծի շարունակութիւնը:

Մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Ջուլֆա-Մինջեւան 126 քմ երկաթուղիի կառուցումը: Հայաստան ունեցաւ երկրորդ ելք մը Երեւան-Ջուլֆա-Պաքու գիծով, որ համեմատաբար Պաքու-Նաւթլուզի -Լենինական-Երեւան երկաթուղիին հետ, 211 քիլոմեթր կարճ է:

1963-ին Երեւան-Սեւան գծամասը ենթարկուեցաւ ելեկտրականացման: Նոյն թուականին ելեկտրականացաւ նաեւ Թիֆլիզ-Լենինական գիծը, իսկ 1964-ին Երեւան-Արաքս գծամասը:

Շուտով պիտի կառուցուի նաեւ Հրազդան-Մեղրաձոր-Շորժա Երկաթուղին:

Պիտի երկարացուի Ծովագիւղ-Շորժա երկաթուղիի կառուցումը:

Նախագծուած է երկաթուղիէն` անցընել նաեւ Սեւանայ լիճի միւս ափերը ամբողջութեամբ ելեկտրականացած:

Կառուցման աշխատանքները սկսած են արդէն Իջեւան-Աղստաֆա երկաթուղիին, որ պիտի ըլլայ Երեւան-Աղստաֆա երկաթուղիին մէկ մասը:

Պիտի երկարացուի նաեւ 1926-ին կառուցուած Լենինական-Պեմզաշէն երկաթուղիին եւ պիտի հասնի մինչեւ Մարալիկ:

Քանի մը տարիներու ընթացքին պիտի ելեկտրականացուի Արաքս-Լենինական երկաթուղիին:

 

«Էհրամճեան» Պարախումբը Եւ
«Սայաթ Նովա» Նուագախումբը
Ազունիէի Ազգ. Բուժարանին Մէջ

Հիւանդին, բանտարկեալին եւ զրկուածին այցելութիւնն ու մխիթարական երկու խօսքը կարելի է նկատել մարդուս զգացած հոգեկան բաւարարութեանց մեծագոյններէն մին:

Տօնական կամ ուխտի օրուան վերածուած էր Ազունիէի ազգ. բուժարանը, կիրակի, 24 յուլիս, 1966-ին:

Խուռներամ բազմութիւն մը` գիւղագնացներու, նոյնիսկ պէյրութաբնակներու, ժամանակէն առաջ եկած եւ լեցուցած էր յատկապէս պատրաստուած հանդիսավայրը եւ պատշգամները` հիւանդներուն հետ միաձուլուած:

Ժամը 4:30-ին խելայեղ ծափահարութիւններու մէջ բացուեցաւ վարագոյրը եւ վայրկենապէս հայկական երգն ու պարը եւ նուագը ստեղծեցին մանրանկար հայրենիք մը:

Կը նախագահէր բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Գասապեան: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հայկական այս յայտագիրը զգլխեց ներկաները, ի մասնաւորի` հիւանդները, որոնք հոգեպէս բուժուեցան իրենց զգացած հայկական հպարտութեամբ, կազդուրման այս աստուածատուր պարգեւ-կայանին` Ազունիէի Ազգ. բուժարանին մէջ:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին իրարմէ անջատաբար գործող, բայց հիւանդ մը մխիթարելու ազնիւ զգացումնեով միացած` «Սայաթ Նովա» նուագախումբն ու Ազգ. «Էհրամճեան» վարժարանի պարախումբը:

Իսկապէս որ շնորհաւորելի էին յայտագրին մաս կազմող բոլոր նուագողները, պարողները, ի մասնաւորի` խումբի պատասխանատու Յակոբ Օվայեան, նուագախումբի պատասխանատու Սեդրակ Էսմէրեան եւ պարուսոյց Յարութիւն Քիրազեան, որոնք իրենց կարելին չէին խնայած նամուած եւ կոկիկ չէին խնայած խնամուած եւ կոկիկ յայտագիր մը պատրաստելու ճիգին մէջ:

Հիւրասիրութենէ մը ետք խումբը մեկնեցաւ բուժարանէն հիւանդներ մխիթարած ըլլալու հոգեկան բաւարարութեամբ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ուղեւորութիւն Դէպի Պրազիլ (Ա. Բաժին)

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.