ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 37-րդ Շրջանային Ժողովը
Յուլիս 30-ին բացուած է ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Շրջանային ժողովը, Փարիզի մէջ:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, մարմիններու ներկայացուցիչները, շրջաններու պատգամաւորները եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալ ընկերները քննած են անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը: Ապա մշակած` աշխատանքի ուղեգիծ, յառաջիկային համար:
Շրջանային ժողովը մասնաւորապէս գոհունակութեամբ արձանագրած է շարքերու ստուարացումը երիտասարդ տարրերով: Արդարեւ, այս տարի եւս երիտասարդներ, թիւով 25, մուտք գործած են ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:
Հայաստան
Կահոյքի Արտադրութիւնը Պիտի Կրկնապատկուի
Հայաստանի փայտամշակութեան արդիւնաբերութիւնը երկու անգամ աւելի կահոյք պիտի արտադրէ 1970-ին: Կահոյքի նոր ձեռնարկութիւններ պիտի սկսին գործել Երեւանի, Կիրովականի, Լենինականի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձուի արտասահմանէն պահանջուող առարկաներու, ինչպէս օրինակ` «Երեւան» դաշնամուրներու եւայլն:
«Լեռնային Ղարաբաղի Բարբառային Քարտէսը»
Վերջերս Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան լոյս ընծայած է Կ. Դաւթեանի «Լեռնային Ղարաբաղի բարբառային քարտէսը» խորագրով գործը, որ նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի բարբառներու ուսումնասիրութեան:
Հնչիւնաբանական, ձեւաբանական, բառագիտական տախտակներու եւ քարտէսներու միջոցով համադրուած են Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր հայկական գիւղերու խօսուածքները, բացայայտուած են լեզուական երեւոյթներու տարածման սահմանները եւ առանձնայատկութիւնները:
Գիրքը մենագրական, քարտիսագրական բնոյթ ունի եւ նոր փորձ մըն է լեզուաբանական աշխարհագրութեան բնագաւառին մէջ:
Թլկատինցիի Անունով Միջնակարգ Վարժարան
Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի որոշումով, Նոր Խարբերդի միջնակարգ վարժարանը կոչուած է արեւմտահայ նշանաւոր գրող եւ մանկավարժ Թլկատինցիի (Յովհաննէս Յարութիւնեան) անունով:
Նամակադրոշմներ Մանուկ Աբեղեանի Նկարով
Հայ ականաւոր դաստիարակ եւ պատմագիր Մանուկ Աբեղեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, հրապարակ հանուած են մեծանուն հայուն նկարներով չորս կոպեկնոց նամակադրոշներ:
Փրոֆ. Աբեղեան իր մահկանացուն կնքած էր Երեւանի մէջ, 1942-ին:
Վերջերս, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, Երեւանի Ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի ունեցած էր մասնաւոր հանդիսութիւն:
Ճատրակի Ակումբ
Երեւանի մէջ կառուցուիլ սկսած է ճատրակի ակումբ մը, որուն հիմնաքարը զետեղած է ճատրակի համաշխարհային ախոյեան Տիգրան Պետրոսեան:
Նորակառոյց ակումբը պիտի ունենայ երիտասարդ խաղացողներու համար 8 սենեակ, 2 սրահ եւ գրադարան մը:
Մեծ սրահը պիտի կրնայ ընդունիլ 350 հոգի: 24 ճարտարատախտակներու վրայ միեւնոյն ժամուն խաղեր տեղի պիտի ունենան:
Հայաստանի 1966-ի ճատրակի ախոյեան հռչակուած է 19-ամեայ Լեւոն Գրիգորեան, պարտութեան մատնելով ախոյեան Եդուարդ Մնացականեանը:
Համալսարանական Նոր Աւան
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է Երեւանի մէջ կառուցել համալսարանական նոր աւան մը, ուր պիտի բնակին բարձրագոյն եւ երկրորդական վարժարաններու աւելի քան 4000 ուսանողներ:
Աւանը պիտի կառուցուի Երեւանի արեւմուտքը, էջմիածնի ճամբուն վրայ եւ պիտի ըլլայ մայրաքաղաքի երրորդ ուսանողական աւանը:
Առաջին աւանը կառուցուած է Երեւանի հիւսիսի ծայրամասերուն վրայ, իսկ երկրորդ աւանին յատակագիծը պիտի աւարտի շուտով:
Շինութեան աշխատանքները պիտի աւարտին երկու տարիէն:
Լէոյի Ժառանգութիւնը
Լոյս տեսած է ականաւոր պատմաբան Լէոյի (1860-1932) գործերուն առաջին հատորը:
Յառաջաբանը գրած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ Մկրտիչ Ներսիսեան, որ հայոց պատմութեան ամէնէն մեծ մասնագէտներէն է:
Լէոյի ամբողջական գործերը պիտի բաղկանան տասը հատորներէ, որոնց խմբագրութիւնը յանձնուած է տոքթ. Զաւէն Գրիգորեանի, Հրանդ Թամրազեանի եւ Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Թոփճեանի:
Լէօ (Առաքել Բաբախանեան ծնած էր Շուշի: Երկար ատեն ապրած էր Թիֆլիս, ուր անցեալ դարու երկրորդ կէսին կ՛ապրէին մեծ թիւով ծանօթ հայ մտաւորականներ:
Լէօ աւելի ետք հաստատուած էր Երեւան եւ եղած էր համալսարանի դասախօս:
Մենագրութիւն Պարսիկ Իմաստասէրներու Մասին
Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիան լոյս ընծայած է պատմաբան Համլեթ Եկանեանի մենագրութիւնը, որ նուիրուած է պարսիկ ծանօթ իմաստասէրներու կեանքին ու գործին:
Գրքին հեղինակը խորապէս ուսումնասիրած է Պարսկաստանի քաղաքակրթութիւնը, անոր տնտեսութիւնը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու պայքարը: Վերլուծած է նաեւ շահագրգիռ պետութիւններու Պարսկաստանի հանդէպ վարած քաղաքականութիւնը:
Պարսկաստանէն մայր հայրենիք վերադառնալով` Համլեթ Եկանեան չորս գիրք գրած է Պարսկաստանի հասարակական մտքի պատմութեան մասին:
Ներկայիս գիտնականը Ազգային ակադեմիայի պարսկագէտներու խումբին գլուխը կը գտնուի: