Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1966)

Օգոստոս 3, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տիգրան Պետրոսեան Լոս Անճելըսի Մրցաշարքին Մէջ

Յուլիս 17-ին սկսաւ Լոս Անճելըսի «Փիաթիկորսքի» մրցաշարքը: Փիաթիկորսքի` ամերիկացի յայտնի թաւջութակահարը, եղած է նաեւ ճատրակի սիրահար մը: Ան կը կազմակերպէր մրցաշարքեր, որոնց անձամբ իր մասնակցութիւնը կը բերէր: Իր մահէն ետք տիկին Փիաթիկորսքի շարունակեց ամուսնոյն աշխատանքը: Ան կազմակերպեց, ի միջի այլոց, Ֆիշեր – Ռիշեւսքի մրցումը եւ Լոս Անճելըսի առաջին մրցաշարքը (1963)` տրամադրելով 10 հազար տոլարի պարգեւներ: Այդ մրցաշարքը եղաւ տարուան մեծագոյնը, ուր կը մրցէին ութ մեծ վարպետներ` երթ ու դարձի դրութեամբ: Մրցաշարքը վերջ գտաւ աշխարհի ախոյեան Պետրոսեանի եւ ռուս մեծ վարպետ Քերեսի յաղթանակով: Այս մրցաշարքին Պետրոսեան ստացաւ 3000 տոլարի պարգեւ մը:

Լոս Անճելըսի այս տարուան մրցաշարքը, մասնակցողներէն դատելով, աւելի արժէքաւոր եւ աւելի դժուար է, քան նախորդը: Կը մասնակցին ճատրակի տասը մեծ վարպետներ, որոնք կը նկատուին աշխարհի մեծագոյն խաղացողները: Անոնք պիտի մրցին երթ ու դարձի դրութեամբ. ամէն խաղացող կը մրցի երկու անգամ` իր բոլոր մրցակիցներուն դէմ: Մասնակցող տասը մեծ վարպետները հետեւեալներն են.

Պետրոսեան, Սփասքի (Խորհ. Միութիւն), «Ֆիշեր, Ռիչեւսքի (Մ. Նահանգներ), Նայտորֆ (Արժանթին), Տոներ (Հոլանտա), Լարսեն (Դանիա), Ունզիքեր (Արեւմտեան Գերմանիա), Իվքոֆ (Եուկոսլաւիա), Փորթիշ (Հունգարիա): Անշուշտ կը պակսին խորհրդային բազմաթիւ մեծ վարպետներ, ինչպէս` Պոթվիննիկ, Թալ, Քերես: Մրցաշարքը  կազմակերպողները երեւի ուզած են հաւասարակշռել մասնակցող ազգութիւնները:

Ստորեւ հակիրճ կերպով կը ներկայացնենք խաղացողները.

«Ռիշեւսքի եւ Նայտորֆ ճատրակի վեթերաններէն են. 1935-էն ի վեր մասնակցած են միջազգային մրցաշարքերու, ունին մեծ փորձառութիւն:

Տոներ եւ Ունզիքեր ճատրակի նոր աստղեր են, տարած են փայլուն յաղթանակներ:

Իվքոֆ, 31 տարեկան, մասնակցեցաւ 1965-ի աշխարհի ախոյեանութեան ութ զօրաւորագոյն թեկնածուներու մրցաշարքին. շահեցաւ 1965-ի Եուկոսլաւիոյ մրցաշարքը` երրորդ ձգելով Պետրոսեանը:

Փորթիշ, 31 տարեկան, Հունգարիոյ ախոյեան. մասնակցեցաւ 1965-ի թեկնածուներու մրցաշարքին (ուր պարտուեցաւ Թալէն), ան պարտութեան մատնեց Պետրոսեանը Եուկոսլաւիոյ մրցաշարքին:

Լարսեն, 31 տարեկան. Արեւմուտքի մեծագոյն խաղացողը կը նկատուի Ֆիշերէն ետք. երրորդ հանդիսացաւ 1965-ի թեկնածուներու մրցաշարքին, ուր պարտութեան մատնեց Իվքոֆը, Կելերը եւս պարտուեցաւ Թալէն: Ունի խաղարկութեան առանձնայատուկ ոճ մը:

Ֆիշեր, 23 տարեկան. կը նկատուի աշխարհի մեծագոյն ճատրակիստներէն: 14 տարեկանին ստացաւ մեծ վարպետի տիտղոսը: Եօթն անգամ շահած է Մ. Նահանգներու ախոյեանութիւնը, նաեւ` բազմաթիւ միջազգային մրցաշարքեր: Իր խաղարկութիւնը հիմնուած է բուռն եւ արագ յարձակողականի վրայ. շատ քիչեր կրնան դիմադրել իր գրոհներուն: Մերժեց մասնակցիլ 1965-ի թեկնածուներու մրցաշարքին:

Սփասքի, 29 տարեկան. 1965-ի թեկնածուներու մրցաշարքին յաղթականը. պարտութեան մատնեց Քերեսը, Կելերը, Թալը: Աշխարհի ախոյեանութեան մրցման (1966) մէջ պարտուեցաւ Պետրոսեանէն: Կը նկատուի աշխարհի թիւ երկու խաղացողը:

Պետրոսեան, 37 տարեկան, աշխարհի ախոյեան` 1963-էն ի վեր:

Ինչպէս կը տեսնուի, ամէն խաղացող ունի իր առանձնայատուկ յատկութիւններն ու հաւանականութիւնները` շահելու համար մրցաշարքը:

Ճատրակի մասնագէտներու կարծիքով, աշխարհի ախոյեան Պետրոսեան պիտի գտնուի մեծ դժուարութիւններու առջեւ: Անոնք կը նշեն հետեւեալ պատճառները.

Պետրոսեան աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած է մրցումներու մէջ (ինչպէս Պոթվիննիկի եւ Սփասքիի դէմ), քան` մրցաշարքերու ընթացքին (1965-ին չկրցաւ շահիլ Եուկոսլաւիոյ եւ Երեւան մրցաշարքերը):

Պետրոսեան եւ Սփասքի յունիս 11-ին վերջացուցին իրենց երկու ամիս տեւած պայքարը, որով հազիւ մէկ ամիս ժամանակ ունեցան հանգստանալու եւ պատրաստուելու համար այս դժուարին մրցաշարքին: Մինչդեռ իրենց մրցակիցները աւելի երկար ժամանակ ունեցան:

Ամէն խաղացող պիտի աշխատի պարտութեան մատնել աշխարհի ախոյեանը` համբաւի տիրանալու համար: Մինչդեռ ախոյեանին մրցակիցները կրնան իրարու միջեւ նուազ վճռական ըլլալ եւ գոհանալ հաւասարութիւններով: Պետրոսեանի համար ուրեմն ամէն խաղ պիտի ըլլայ իսկական ճակատամարտ մը, ինչ որ շատ յոգնեցուցիչ է: Պետրոսեան 18 խաղ պիտի խաղայ այս մրցաշարքի ընթացքին:

Մեր կարծիքով, Պետրոսեանի վտանգաւոր մրցակիցները պիտի ըլլան Սփասքի եւ Ֆիշեր: Սփասքի պիտի աշխատի անպայման շահիլ մրցաշարքը` մոռնալ տալու համար իր պարտութիւնը աշխարհի ախոյեանութեան մրցման մէջ: Մինչդեռ Ֆիշեր, որ Պետրոսեանի հետ չէ չափուած 1962-էն ի վեր, առիթը պիտի ունենայ ճակատելու «վագր-»ին դէմ եւ պիտի պայքարի յաղթական դուրս գալու համար: Ֆիշեր ունի նաեւ այն առաւելութիւնը, որ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ իր երկրին մէջ, Ամերիկա:

ՅԱԿՈԲ ՍԱԶՃԵԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ» Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ստեփանակերտի Ռմբակոծումը Եւ Ազերիական Լայնածաւալ Յարձակում Արցախի Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?