Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1966)

Յուլիս 16, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Մամուլը

«Հայրենիք».  ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հանդէպ Խ. Հայաստանի

Կ՛ուզենք, որ մէկ բան պարզ ու յստակ ըլլայ բոլորիս:

Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը, եթէ ներկայ պայմաններուն մէջ մինչեւ անգամ բաղկացած ըլլայ թունդ եւ ջերմեռանդ հայրենասէր հայերէ, նմանապէս եթէ Հայաստանի համայնավար Կենտկոմը համատեղ կազմուած ըլլայ ազգատենչ տարրերէ, նորէն բնաւ պատրանք չսնուցանենք, որ առանձին կամ միասին, ինքնագլուխ կրնան հայանպաստ ձեռնարկներ կատարել:

Օրինակ, ոչ միայն Հայ դատի հետապնդման ամենադոյզն նպաստ բերել չեն կրնար, այլեւ չեն կրնար իրենց ուզածը ընել Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ: Չեն կրնար, որովհետեւ իրաւասութիւն չեն ստացած Մոսկուայէն` ինքնակամ նախաձեռնութիւններ ստանձնելու:

Հետեւաբար Խ. Հայաստանի իրադարձութիւններուն ուղղակի պատասխանատուն անոնք չեն: Մոսկուան է տէրն ու տնօրէնը Խ. Հայաստանի:

Եթէ այդ է հանրայայտ ճշմարտութիւնը, հապա ինչո՞ւ դաշնակցական մամուլը անդուլ կը քննադատէ Խ. Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սխալները, վրիպանքները եւ մեղքերը: Շատ պարզ է պատճառը:

Նախ յայտնենք, որ մենք չենք քննադատեր ո՛չ հայ կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ հայրենի ժողովուրդը: Այլ` բոլոր ազգավնաս գործերը, որոնք հետեւանք են Մոսկուայի հրահանգներուն: Հրաման եւ հրահանգ տուողն է յանցաւորը եւ ոչ թէ` ընդունողը: Այս կէտը բիւր անգամ բացատրած ենք, բայց մեզ լսող չկայ, նաեւ մեր լուսաբանութիւնը լսել ուզող չկայ: Գործիմաց եւ խորամանկ պոլշեւիզմը գտեր է հնարքը մեր հակառակորդներուն անկախ դատողութիւնը մթագնելու` շահագործելով սփիւռքահայութեան յուզագրգիռ հայրենասիրութիւնը:

Իբր թէ պոլշեւիզմ չկայ Հայաստանի մէջ. միայն հայ ժողովուրդը եւ հայ կառավարութիւնը գոյութիւն ունին: Հետեւաբար ամէն քննադատութիւն ուղղուած պէտք է նկատել Հայաստանի դէմ: Այս տրամաբանական քմահաճ սխալով ՀՅ Դաշնակցութիւնը որակուեցաւ հայրենիքի դաւաճան, որովհետեւ բուռն զայրոյթով դատափետեց ստալինեան արհաւիրքը, հայադաւ հայ պոլշեւիկներու մատնչական ցուցմունքները եւ նախճիրը:

Սակայն ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը պիտի վարկաբեկէ Հայաստանն ու իր ժողովուրդը, որոնք իր գոյապատճառն են: Իր հի՞մքը քանդելու համար: Անհեթեթ է, չէ՞:

Մեր քննադատութեան նպատակն է եղեր պաշտպանել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերը, իրողութիւնները ճշմարտել, սփիւռքահայութիւնը հաղորդակից դարձնել իրականութեան եւ ցոյց տալ հայրենի ժողովուրդին, թէ տարագրութեան մէջ ապրող կազմակերպ հայութիւն մը կայ, որ կը հրճուի իր նուաճումներով, բայց մանաւանդ կը տառապի եւ կը տագնապի իր ցաւերով ու ձախողանքներով:

Հայաստանի հայութիւնը տաք համակրանքով կ՛ընդունի դաշնակցական այցելուն, որովհետեւ քառասնամեայ անցեալի կենսափորձով համոզուեր է, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն է, որ չէ զիջած քծնիլ Մոսկուայի առջեւ, քաջութիւնը ունեցած է անխնայ հարուածելու պոլշեւիզմի չարիքները:

Ատեն ատեն կը խօսուի գրողներու համագումարի մը անհրաժեշտութեան մասին:

Համագումարը կրնայ ըլլալ պարզ խօսարան մը, ուր գրողները քով քովի կու գան «դէսից դէնից» խօսելու եւ կամ հաշուետու զեկուցումներ կարդալու եւ լսելու համար: Կրնայ ըլլալ նաեւ այսպէս կոչուած «մշակարան» մը, ուր ազգին մտաւորական տարրը, ի մի հաւաքուած, գործունէութեան ծրագիրներ կը մշակէ, ուղի կը գծէ, հաստատումներ եւ ժխտումներ կ՛ընէ, կը գովաբանէ կամ կը պարսաւէ, վերջապէս վերագնահատութեան կ՛ենթարկէ, ինչ որ արդէն ձեռք բերուած է եւ ինչ որ կրնայ ձեռք բերուիլ հետագային:

Օգտակար աշխատանք մըն է ասիկա անշուշտ, օգտակար` թէ՛ այն պարագային, երբ համագումարը խօսարանի պարզ դեր մը միայն կատարէ, եւ թէ՛ այն պարագային, երբ կոչուի կատարելու աւելի բարդ դեր մը:

Գրիգոր Օտեան, մեր մտաւորականներուն մէջ ամէնէն բանիմացը եւ ամէնէն աւելի պատրաստուածը, կ՛ըսէր իրաւամբ, թէ խօսիլը գործել է, իսկ Ռոստոմ առիթով մը կը յայտարարէր. «Այնքան շատ գործեցինք, որ խօսիլը մոռցանք»: Կը հետեւի, որ խօսիլը մօտաւորապէս նոյնքան արժէք ունի, որքան` գործելը: Ըսուած է, թէ գործը խօսքէն կը ծնի, ինչպէս խօսքը գործէն կը ծնի: Առանց գործի` խօսքը տեսութիւն է, առանց խօսքի` գործը խարխափանք է ու երկբայութիւն:

Այս մտածումով էր, որ ըսինք, թէ անօգուտ ձեռնարկ մը չէ գրողներու համագումարը, ուր միայն խօսքեր պիտի ըսուին ու լսուին եւ կամ հաշուետու զեկուցումներ պիտի կարդացուին այն մասին, թէ, օրինակ ինչ կը ներկայացնէ արդի հայ գրականութիւնը սփիւռքի մէջ, կամ թէ ինչ կարելի եղած է իրագործել մինչեւ հիմա եւ ինչ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ իրագործել ասկէ ետք: Այսքանը մենք կը համարինք նպաստ մը` գրական տեսաբանութեան համար, բայց չենք վարանիր յայտարարելու, թէ այսքանը բաւարար չէ մեր ժամանակին եւ արդի պայմաններուն մէջ:

Մենք կը դաւանինք, որ մշակոյթներն ալ մարդոց եւ ազգերու կը նմանին. եթէ առաջ չերթան, կը նշանակէ` ետ կ՛երթան, եթէ չյաղթեն, կը նշանակէ կը յաղթուին:

Ցաւը այն է, որ մեր այս վիթխարի դարուն մէջ մշակոյթները առաջ չեն երթար, ետ կ՛երթան: Չեն յաղթեր, կը յաղթուին:

Մօտաւորապէս նոյն մտահոգութիւնները ունինք ամէնքս ալ եւ նոյն բաղձանքը, շէն ու պայծառ, ծաղկուն ու դալար տեսնել հայ մշակոյթի անդաստանը:

Ըսելիք շատ բան ունինք գրողներու համագումարի մը առիթով, բայց մանաւանդ` այդ համագումարին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գիտական. Ինչո՞ւ Երկինքը Կապոյտ Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?