Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1966)

Յուլիս 18, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Փարիզի Հայ մշակութային տան մէջ Համազգայինը կազմակերպած է ընդունելութիւն մը` ի պատիւ մեծանուն վիրաբուժապետ տոքթ. Հ. Քեքլիկեանի (Շիքակոյէն) եւ բարերար Արշակ Տիգրանեանի (Լոս Անճելըսէն):

Հիւրերը ներկայացուցած է Շաւարշ Նարդունի:

Տոքթ. Քեքլիկեան լուսապատկերներով ցուցադրելէ ետք մատներու վրայ կատարած իր գործողութիւնները, խօսած է հայ գրականութեան մասին: Խօսք առած են նաեւ Արշակ Տիգրանեան եւ նկարիչներ` Զ. Մութաֆեան եւ Ժ. Փալամուտեան:

–  Խորէն Ա. կաթողիկոս գնահատելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեանի բարւոք ծառայութիւնները` յատուկ կոնդակով շնորհած է լանջախաչ կրելու իրաւունք:

Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին սրբատառ կոնդակի ընթերցումը եւ լանջախաչի տուչութիւնը կատարած է յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեան:

–  Պոլսահայ բարերար Լիւսի Թոփալեան Պոյաճըգիւղի բարձունքին վրայ գտնուող իր 3663 քառակուսի մեթր կալուածը նուիրած է Թրքահայ ուսուցչաց միութեան հիմնարկին: Ազնուասիրտ բարերարուհին հոգացած է նաեւ փոխանցման անհրաժեշտ բոլոր ծախքերը:

–  Պոլսոյ Գանտիլլիի Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ իր կառուցման 125-ամեակին առիթով հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է` նախագահութեամբ պատրիարք սրբազան հօր:

Տեղի ունեցած է նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ:

–  Հանդիսաւոր արարողութիւններով տօնակատարուած է նաեւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը` նախագահութեամբ Ս. Խաչ դպրեվանքի տեսուչ Խոսրով ծ. վրդ. Էմիրզէեանի:

Տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնութիւն:

–  Օգոստոսին, Մոսկուայի մէջ կայանալիք մաթեմաթիկոսներու միջազգային համագումարին, ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ լոնտոնահայ երիտասարդ բժիշկ, միջազգային համբաւի տիրացած մաթեմաթիկոս տոքթ. Տ. Սարաֆեան:

Մագիստրոս Տ. Սարաֆեանի մեթոտը, թուական հարցեր լուծելու գծով, որդեգրուած է բազմաթիւ մաթեմաթիկոսներու կողմէ:

–  Այս տարի պիտի տօնակատարուի աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 150-ամեակը:

 

Զիլճեան Ընտանիքի 350 Տարուան
Ծնծղայի Կայսրութիւնը

Աշխարհի մեծագոյն նուագախումբերու մէջ գործածուող ծնծղաները կը պատրաստուին Պոլսոյ Սաղմալճըլար թաղին մէկ պարտէզին մէջ:

Այս գործատեղիին մէջ 350 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ Զիլճեան ընտանիքի հաստատած ծնծղայի կայսրութիւնը:

«Սթրատիվարիուս» ջութակներու նման աշխարհահռչակ են Զիլճեան ընտանիքին պատրաստած «Սեմպալ» ծնծղաները:

Վերջին 43 տարիէ ի վեր կայսրութեան գլուխը կը գտնուի վաթսունամեայ Միքայէլ Զիլճեան: Իր պապերուն պատրաստած մէկ տեսակ ծնծղային տեղ ան աւելի քան հարիւր տեսակ ձայնաւորը կը պատրաստէ:

«Այսօր, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ամէն ոք «Սեմպալ» յորջորջուող ծնծղաներէն կը պատրաստէ,- ըսած է Միքայէլ Զիլճեան,- բայց ոչ ոք կրնայ խելք հասցնել մեր գաղտնիքին:

«Ամբողջ նրբութիւնը կը կայանայ մուրճի հարուածին, փլաքի նրբութեան եւ գիծերուն կանոնաւորութեան մէջ: Ուրիշ մասնայատկութիւններ ալ ունի, անոնք ալ թող մեր գաղտնիքը մնան», աւելցուցած է ան:

«Մեր պատմութիւնը հետեւեալն է,- շարունակած է Զիլճեան,- մեր մէջ սովորութիւն է` ով որ ընտանիքի անդրանիկ մանչ զաւակն է, ան կը ստանձնէ այս գործին ղեկը: Այլեւս տարիքս առած եմ: Իմ մեծ զաւակս` Ֆերտի Զիլճեան, պիտի ըլլայ մեր կայսրութեան յաջորդ ղեկավարը: Կ՛ուզեմ, որ գահաժառանգս ամէնէն առաջ ուսումի տէր մէկը ըլլայ: Այս պատճառով լաւագոյն վարժարաններու մէջ կ՛ուսանի»:

Արդարեւ, այսօր, Զիլճեան ընտանիքի գործարանը, աշխարհի չորս կողմերէն եղած բազմաթիւ ապսպրանքներուն գոհացում տալու համար, ամիսը չորս-հինգ հարիւր զոյգ «Սեմպալ» ծնծղաներ կը պատրաստէ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Լիբանանի Երբեմնի Հայկական Վարժարանները (Յուշեր)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?