50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1966)

«Ես Այդ Շունն Եմ» (Պօղոս Սնապեան)   Տպարան «Ատլաս»-էն նոր լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» բոցաշունչ հատորը, 104 էջ, ընտիր թուղթի վրայ, գեղատիպ, կողքի նկար` տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի: Կարդացինք «մէկ շունչով», առանց ընդմիջելու, յափշտակութեամբ: Ու երբ աւարտեցինք, ունեցանք մեծ բաւարարութիւն մը: Գիրքին սկիզբը կայ մեր վէրքերուն ու հառաչանքներուն ականջալուր եւ անոնց համար հաջած իրական շունի մը սրտագրաւ պատմութիւնը: Այդ շունն է, որ եղած է գրական յղացումին նախապատճառը, գրագէտին գրչին տակ դարձած է խորհրդանիշ եւ եղած «Ես այդ շունն եմ», «Շո՜ւն իմ, իմ գտնուած ձեռագիր, իմ ճշդուած ճակատագիր»: Հիմա գիրքի վերածուած այս «ձեռագիր»-ին մէջ, սրտազեղ պոռթկումով մը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Նոյեմբեր 1966)

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմինի Գործունէութիւնը Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինը, իր կոչումին արժանի գիտակցութեամբ, բազմատասնեակ տարիներէ ի վեր շատ գնահատելի գործ կը կատարէ: Վերջերս, աղքատախնամի ատենապետ Գրիգոր Դերձակեանի հետ մեր ունեցած մէկ տեսակցութեան ընթացքին, յարգելի ատենապետը գոհացում տալով մեր հետաքրքրութեան` աղքատախնամի ներկայ գործունէութեան մասին ուշադրութեան արժանի հետեւեալ տեղեկութիւնները տուաւ. - Կրթաթոշակ կը վճարենք 35 սան-սանուհիներու եւ ամսավճարի դրութեամբ կանոնաւոր նպաստ կու տանք 40 աղքատներու: Ասկէ զատ, հարկադրաբար եւ անխուսափելիօրէն, իբրեւ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմին, օգնութեան կը հասնինք եւ անմիջական նպաստներ կը կատարենք նաեւ, ոչ միայն Ս. Նշանի մեր ծխական չքաւորներուն, այլ եւ ուրիշ շրջաններէ դիմում կատարող ընթացիկ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Նոյեմբեր 1966)

Աստուածաշունչ Մատեանի Ա. Տպագրութեան 300-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան, կիրակի, 13 նոյեմբեր 1966, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Աստուածաշունչ մատեանին առաջին տպագրութեան 300-ամեակը: Հրաւիրեալներ ու ընտիր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած են ընդարձակ սրահը: Դաշնակի վրայ, Պօղոս Ճելալեանի նուագումով, լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Տաճատ արքեպիսկոպոս: Յայտնեց, թէ ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի կոնդակին` լիբանանահայ Ազգային իշխանութիւնը կազմակերպեց այս երեկոն` արժանավայել յարգանքով տօնակատարելու համար Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութեան 300-ամեակը, փառաւորելու համար մեծանուն Ոսկան վարդապետի անձն ու կատարած գործը: Ս. Նշան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1966)

Նոթեր Ու Նետեր Տուրքեր Ու Տուներ Նոր Տուրքեր Քանի մը տարի առաջ իտալացի մը մաքիավելական մտածում մը ունեցած էր ու առաջարկած էր կառավարութեան, որ գոյութիւն ունեցող տուրքերէն զատ, հաստատել բացառիկ նոր տուրք մը` գեղանի կիներուն համար, «Գեղեցկութեան տուրք» անունով: Ու սատանայի պէս կը հարցնէր. - Ո՞ր իտալուհին է, որ պիտի չուզէ սիրայօժար վճարել այդ տուրքը` պատկանած ըլլալու համար աղուորներու գահակալ դասակարգին: Ներկայիս այս առաջարկը կրկնողներ կան թէ՛ կառավարութեան օգտակար հանդիսանալու, թէ՛ գեղուհիները (չեղողներն ալ)  պատուելու համար: Պէտք է խոստովանիլ, որ առաջարկը իմաստուն է: Ահա՛ տուրք մը, որ հաճոյքով պիտի վճարուի: Մանաւանդ եթէ ըսուի, որ այդ տուրքը քսան տարեկանէն մինչեւ քառասուն ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1966)

Յունահայ Կեանք ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը  Ընտանեկան Հանդիպումներ Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութիւնը որոշած է շաբաթը անգամ մը կազմակերպել ընտանեկան հանդիպումներ` Աթէնքի «Աթէնէ փալաս» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 2-ին: Պիտի շարունակուին հանդիպումները ամէն չորեքշաբթի: Ներկաները հայկական մթնոլորտի մը մէջ պիտի գտնեն մտերմիկ անկիւն մը: Խորհրդակցական Ժողով «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու վարչութեանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը: Որոշուած է ժողով մը եւս գումարել` մասնակցութեամբ ՀՅԴ երիտասարդացի եւ ՀԿ Խաչի վարչութեանց` կազմակերպչական անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնելու համար: Ֆութպոլ Բիրէայի Գ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներու շարքին, Քոքինիոյ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Թանկագին Ժառանգ Երեք հարիւր տարի առաջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սպասարկու վարդապետ մը հեռաւոր Ամսթերտամի մէջ լոյս կ՛ընծայէր առաջին հայերէն տպագիր Աստուածաշունչը: Հարազատ շառաւիղէն` այն միւս վարդապետին, որ իր սրբազան տեսիլքով, դարեր առաջ, գիրերու գիւտով կը նետէր հիմերը հայ ժողովուրդին անմահութեան, Ոսկան վարդապետ նոր նուաճում մը կը կատարէր յանուն հայութեան, անոր մշակութային անկախութեան եւ իբրեւ ինքնուրոյն ժողովուրդ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին: Հայ տպագրութեան երախտարժան վաստակաւորը, երբ 1666 թուականին սկաւ տպագրութեան եւ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու, աննկուն կամքով փարեցաւ գործին` զայն աւարտելու համար երկու տարի ետք, ունէր խոր գիտակցութիւնը իր նուիրական առաքելութեան, գիտէր, որ կ՛աշխատի դարերուն համար, ժողովուրդին համար եւ` անոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1966)

Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի Ուղիներով» Ե. Հատորին Հրատարակութեան Առիթով Ապարդիւն է Ս. Վրացեանի հրատարակած այս շարքին համար սովորական իմաստով գրական-քննադատութիւն ընել: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ան շատ լաւ կը գրէ, իր լեզուն հաճելի է, միտքը` սուր, գործածած բառերը կ՛արտայայտեն ճիշդ այն` ինչ որ ինք ըսել կ՛ուզէ. հատորները կը կարդացուին մէկ շուչով. յիշատակուած դէպքերը, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի «մասնակցած դէպքեր եւ անձնական ապրումներ», բո՛ւն աղբիւրէն առնուած տեղեկութիւննր են եւ, հակառակ հեղինակի այն հաստատումին, որ «պատմագրական տեսակէտից, ի հարկէ, մեծ չէ դրանց արժէքը», բայց եւ այնպէս մեր ժամանակակից պատմութեան մաս կը կազմեն: Ոչինչ կարելի է գրել նաեւ հատորներուն բովանդակութեան մասին: Այլ միայն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1966)

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1966)

Վեհափառ Հայրապետը Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ Տօնական օր մը եղաւ կիրակի, 6 նոյեմբերը Ազունիէի Ազգային բուժարանին համար, ուր իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս: Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կաթողիկոսարանէն դէպի Ազունիէ ուղեւորութեան ճամբու կէսին, կաթողիկոսը դիմաւորուեցաւ Ալէյի եւ շրջանի գաւառապետին կողմէ, ապա վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսին, բուժարանի պատասխանատու մասնագէտ-բժիշկ տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանին եւ գաւառապետին, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ առաջնորդուեցաւ Ազգային բուժարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Հիւանդանոցի մուտքին կաթողիկոսը դիմաւորեցին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, բուժարանի բժշկապետ տոքթ. Յակոբ Գասապեանը, Խնամակալութեան անդամները, Խնամակալութեան օժանդակ Տիկնանց միութեան անդամուհիները, Բուժարանի տնօրէն Վարդան Ռշտունին, բժիշկները, պաշտօնէութիւնը, հիւանդները եւ ազունիէաբնակ գիւղացիները: Վեհափառ հօր ներկայութեամբ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական  «Անկարելի Երազ»... Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի հայանպաստ արտայայտութիւնները (*) զայրոյթ պատճառած են թուրք լրագրողներուն: Կիպրական հարցը արդէն մղձաւանջ դարձած է թուրքերուն: Իսկ երբ այդ հարցին առիթով կը խօսուի նաեւ հայերու եւ Հայաստանի մասին, «բաժակը կը յորդի», եւ հին թուրքը մէջտեղ կ՛ելլէ` բնազդօրէն ատելավառ, մոլեգնօրէն հայատեաց: Դարեր շարունակ հայն ու յոյնը` օսմանեան տիրապետութեան տակ եղած են ճակատագրակից տառապած են ու հալածուած, հասկցած են զիրար, օգնած են իրարու, խորհրդակցած, իրարու զօրավիգ կանգնած: Հետեւաբար, երբ այսօր յոյն ժողովուրդը արդար դատ մը ունի միջազգային սեղաններու վրայ, երբ կը պահանջէ Կիպրոսի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին տառացի գործադրութիւնը, հայը չի կրնար անտարբեր ըլլալ, ինչպէս չէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1966)

Ակնարկ Երբ Կը Սիրեն... «Մենք աւելի կը սիրենք հայերը, մասնաւորաբար` յեղափոխականները, քան` պուլկարներն ու յոյները, որովհետեւ հայերը միւս երկու տարրերէն աւելի քաջ են եւ ազնուասիրտ: Երկերեսութիւն ընել չեն գիտեր: Հաւատարիմ են, երբ բարեկամ են, զօրեղ ու դիմացկուն, երբ թշնամանան»: Ո՞վ կրնայ հաւատալ, եթէ ըսենք, որ այս տողերուն հեղինակը մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը եւ ջարդը կազմակերպող կառավարութեան մը ծովային նախարարն ու Իթթիհատի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է: Հաւատանք կամ ոչ, իրականութիւնը այս է, ճերմակի վրայ սեւով գրուած, թուրք երբեմնի զօրավարին յուշերուն մէջ, որոնք վերջերս հրատարակուեցան անոր զաւկին կողմէ, առանձին հատորով մը: Իրականութիւն է նաեւ, այս անգամ` եղերական, որ Ճեմալ փաշայի հայասիրութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1966)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Առաջին Այցելութիւնը Ազգային Բուժարան Երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբեր 1966, Խորէն Ա. կաթողիկոս իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ճամբու կէսին, դիմաւորուելով Ալէյի եւ շրջանի գայմագամին կողմէ, վերափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսի, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ առաջնորդուեցաւ Ազգային բուժարան: Հիւանդանոցի մուտքին, խանդավառ ծափերու տակ վեհափառ հայրապետը դիմաւորեցին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, Ազգ. բուժարանի բժշկապետը եւ խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Յ. Գասապեանը, խնամակալութեան անդամներ, խնամակալութեան Օժանդակ տիկնանց միութեան անդամներ, բուժարանի տնօրէն Վ. Ռշտունի, բժիշկներ, պաշտօնէութիւն, հիւանդներ եւ Ազունիէի գիւղացիները: Բուժարանի մատրան մէջ պատարագեց Տաճատ արքեպիսկոպոս: Քարոզեց եւ հայրական իր օրհնութիւնները տուաւ վեհափառ հայրապետը: Ս. պատարագէն ետք վեհը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Մոսկուայի Մերժումը (Ղարաբաղի Հարցը) Երբ Ղարաբաղի համար պահանջ ներկայացուած է կեդրոնական իշխանութեան, Մոսկուա հետեւեալ պատասխանը տուած է. - Թող Հայաստան եւ Ազրպէյճան համաձայնին Ղարաբաղի հարցին մէջ, մենք դէմ պիտի չըլլանք երկուքին միջեւ գոյացած համաձայնութեան: Այս խօսքով Քրեմլին մերժած է իր միջնորդութիւնը, երբ արար աշխարհ գիտէ եւ պատմութիւնն ալ արձանագրած է, որ Ղարաբաղ, ինչպէս` հայապատկան Նախիջեւանը, 46-47 տարի առաջ նոյն Ազրպէյճանին «նուիրաբերուեցան» Մոսկուայի միջամտութեամբ, Մոսկուայի որոշումով, Մոսկուայի կարգադրութեամբ: Միջամտութեան այս մերժումին ետեւ շատ յստակ է միւս մերժումը, հարցին լուծման, արդար կարգադրութեան մերժումը, համապատասխան` Խորհրդային Ռուսիոյ պետական շահերուն, որոնք անփոփոխ կը մնան, կարծէք, յիսուն տարիէ ի վեր, նոյնն են, ինչ որ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1966)

Մինչեւ Վերջնական Յաղթանակ Եօթանասունվեց երկարաձիգ տարիներու բեղուն ու հարուստ վաստակով բեռնաւոր` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր հպարտօրէն, բարձր ճակատով կը ներկայանայ հայ ժողովուրդին առջեւ, որուն ծոցէն է ծնած եւ որուն ազգային-քաղաքական բաղձանքներուն հարազատ արտայայտիչը, անոր արդար դատին հաւատարիմ ու մշտարթուն պահակն է եղած: Երէկ երկրին մէջ իր սրբազան դրօշակին տակ անհամար անձնազոհ, հայրենասէր մարտիկներ լեռ բարձրանալով կռուած են անարգ թշնամիին դէմ եւ իրենց կարմիր արիւնը թափած` ազատութեան ճանապարհին վրայ: Հայութեան լաւագոյն մտաւորականները հարիւրներով բոլորուած ՀՅ Դաշնակցութեան շուրջ, անոր բարձր ու վսեմ գաղափարաբանութեան քարոզիչներն են եղած: Իտէալ մը, գաղափարական մըն են տուած դարերով ստրկութեան մէջ ապրող, օտար բռնակալներու առջեւ գլուխ ծռող եւ ծունկի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1966)

Համազգայինի Դասախօսութիւնները «Հայագիտութեան հարցը սփիւռքի մէջ» Գարեգին եպս. Սարգիսեան 27 հոկտեմբեր 1966 Հայագիտութիւնը, որ իբրեւ արեւելեան գիտութիւններու մէկ գլխաւոր ճիւղը 150 տարիէ ի վեր օտար համալսարաններու եւ հայութեան մէջ կը գրաւէր առաջնակարգ տեղ, իր դիրքը զիջած է ուրիշ գիտութիւններու եւ դառնալու վրայ է, եթէ դարձած չէ արդէն, երկրորդ կարգի գիտութիւն մը: Ընդհանուր թմբիր մը կը տիրապետէ հայ ուսանողութեան, ժողովուրդին եւ կազմակերպող ուժերու մօտ: Կարծես` մոռցուած են արդէն (այսքան շո՞ւտ) Աբեղեանները, Աղբալեանները, Կոմիտասները, Թորամանեանները, Ադոնցները, Աճառեանները եւ ուրիշներ: Այս անունները, որոնց վերյիշումը կ՛ուռեցնէ մեր սրտերը եւ զարկ կու տայ մեր մտքին, դադրած են ըլլալէ մղիչ ուժ, եւ իրենց համեստ վերյիշումը կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Անվրդով Եւ Ինքնավստահ Մօտէն կը հետեւինք այն ծիծաղելի եւ զուր ճիգերուն, որոնց ողբալի վկայութիւնը կու տան Հայաստանի կարգ մը  «պատմաբանները»` վճարովի պաշտօնեաները խորհրդային պետութեան: Տասնամեակներ ամբողջ ուրանալէ եւ նսեմացնելէ ետք բախտորոշ դէպքեր ու թուականներ, որոնք կը հանդիսանան մեր նորագոյն պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները, խեղաթիւրումի անկրկնելի ախոյեանները վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին հարկադրաբար ընդունեցին այդ դէպքերուն եւ թուականներուն մեծութիւնը, բայց այս անգամ` գլխիվայր շրջելով զանոնք, տարբեր գոյն եւ իմաստ տալով նուիրագործուած իրողութիւններուն: Խեղաթիւրումի այս ապերախտ գործին կ՛ենթարկուի մասնաւորաբար 1918-1921 երկարող շրջանը, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերը կու տայ մեզի` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով, թրքական արշաւող բանակներուն դէմ տարուած փայլուն յաղթանակներով,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Նոյեմբեր 1966)

Նշմար Հայերէնը` Պատերուն Վրայ Բարեձեւ երիտասարդ մը խանութ մտաւ եւ շատ քաղաքավար, նոյնիսկ տեսակ մը վախով հարցուց. - Հաստատութեան տէ՞րը: «Ես եմ» պատասխանողին` գրեթէ կակազեց. - Ուշադրութիւնս գրաւեց ձեր յայտարարութիւնը: Շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ էր: Սակայն թոյլ կու տա՞ք, որ ձե՛ր իսկ օգտին` փոքրիկ դիտողութիւն մը ընեմ: Ու արտօնութիւն առնելէ ետք բացատրեց, որ այդ յայտարարութեան մէջ ուղղագրական սխալներ սպրդեր են: - Գիտէ՞ք,- եզրակացուց,- բանիմաց յաճախորդին վստահութիւնը կրնայ խախտիլ հաստատութեան նկատմամբ, երբ փոքր յայտարարութեան մը մէջ այնքան սխալներ գտնուին: Տեսակ մը անփութութեան տպաւորութիւն կ՛ունենայ նոյնիսկ ձեր գործին նկատմամբ: Ուստի, եթէ անպատեհութիւն չէք տեսներ, թոյլ տուէք, որ նշեմ այդ սխալները: Խանութպանը, շփոթած,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1966)

Գիշերային Ճամբորդութիւն Ու Ես Կ՛երթամ... Այս ամառ, օգոստոս 16-ին, միամսեայ արձակուրդ ստանալէս ետք, հայրենի կարօտաբաղձութիւնով, զուլալ ջուրերը կուշտ ու կուռ ըմպելու մաքուր օդը շնչելու` ու ես կ՛երթամ... Գիւղական կեանքը օր մը աւելի կարենալ վայելելու տենչով օդանաւային ճամբորդութիւնը նախընտրեր էի: Էլազըզի մէջ, կէսօրուան 12-էն մինչեւ գիշերուան երկուքը, պանդոկին մէջ կը հանգստանանք: 3-ին, մշեցի բարեկամներուս ընկերակցութեամբ` նորէն Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ ուխտի` ու ես կ՛երթամ...: Մութ գիշերին, լուռ է ամէնուրեք: Վերը աստղերը կը շողշողան, վարն ալ մեր կառքը ճամբուն վրայէն կը սուրայ: Հաւնոցներէն մերթ ընդ մերթ աքլորներու ձայներ կը լսուին: Մեր սրտերը յոյսեր կուտակուած` հեւ ի հեւ դէպի արեւելք կը շտապենք: Մութին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1966)

Խմբագրական Ժամանակը Եկած Է Արտասահմանեան մամուլը վերջերս արձագանգ հանդիսացաւ յուսադրիչ զրոյցներու` հայ ժողովուրդէն խլուած եւ Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայապատկան հողերու եւ մասնաւորաբար Ղարաբաղի հարցին կարգադրութեան մասին: Երեւանէն մինչեւ հոս եւ հայկական սփիւռքի չորս ծագերուն վրայ Ղարաբաղի վերադարձը ամիսներու, նոյնիսկ օրերու խնդիր նկատուեցաւ: Վերջերս հայրենիք այցելող ճամբորդներ եւս վերադարձան խրախուսիչ լուրերով: Բայց այս անգամ ալ սպասումը եղաւ զուր, գոնէ մինչեւ հիմա: Պաշտօնական Երեւանը եւ պաշտօնական Մոսկուան լուռ մնացին եւ կը շարունակեն լուռ մնալ Հայաստանի եւ հայութեան համար շատ կենսական այս խնդրին մասին հակառակ իբր թէ տրուած խոստումներուն եւ հաւաստիքներուն: Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, հոգեբանական բոլոր տուեալները ստեղծուած են Ղարաբաղի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1966)

Պէյրութ Արդիական Քաղաք Մը Պիտի Ըլլայ Վերջերս ժողով մը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ` նախագահութեամբ Շարլ Հելուի եւ մասնակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի, հանրապետութեան նախագահութեան թեքնիք խորհրդական պր. Ֆուատ Պըզրիի, Պէյրութ քաղաքի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի անդամ Էլի Շայայի (նախագահ), Խոսրով Երամեանի եւ Անիս Շաարի: Խորհուրդի տնօրէն Նուրէտտին Ղազիրիի եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարագէտ պրն. Ժորժ Ռիաշիի: Այս ժողովին ընթացքին քննուեցաւ Պէյրութ քաղաքին ընդհանուր վիճակը: Ապա քննուեցան Պէյրութի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` գործադրութեան մէջ եղող ծրագիրները: Նախագահը պահանջեց, որ գործադրուի նաեւ Սահելի կոյուղիներու շինութեան ծրագիրը: Այլ խնդիրներ եւս ուսումնասիրուեցան, յատկապէս` Պէյրութ քաղաքին համար ընդհանուր ծրագրի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1966)

Ժխտական Տիպարներ Այս անունին տակ կը հասկնանք մարդիկ, որոնք կրնան դրական աշխատանք մը կատարել, բայց ներհակ խառնուածքով անձերու կողքին, փոխանակ շինիչ գործ մը կատարելու, կը դառնան ընդդիմադիր ու կ՛անցնեն իրենց ժողովները վէճերով: Ժխտական կամ բացասական ուժերը հաւաքականութեան մէջ ամլութեան մատնուած ուժեր են: Նուիրեալ եւ նուազ պատրաստութեամբ, բայց զիրար յարգող եւ գործին սրբութեան նախանձախնդրութիւնը ունեցող ուժեր յաճախ աւելի դրական գործեր կը տեսնեն, քան` զիրար չէզոքացնող անձերէ բաղկացած մարմիններ, որոնք սանդին մէջ ջուր դրած` կը ծեծեն: Իւրաքանչիւր անդամ, որ մարմինի մը կը մասնակցի, պէտք է աշխատի ոչ թէ իր անհատական նախասիրութիւնները եւ ծրագիրները իրականացած տեսնելու, այլ` զիրենք պաշտօնի կոչող հաւաքականութեան առաջադրութիւնները եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 43 of 69 1 42 43 44 69

Արխիւներ