Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 17, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ
Աղքատախնամ Մարմինի
Գործունէութիւնը

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինը, իր կոչումին արժանի գիտակցութեամբ, բազմատասնեակ տարիներէ ի վեր շատ գնահատելի գործ կը կատարէ:

Վերջերս, աղքատախնամի ատենապետ Գրիգոր Դերձակեանի հետ մեր ունեցած մէկ տեսակցութեան ընթացքին, յարգելի ատենապետը գոհացում տալով մեր հետաքրքրութեան` աղքատախնամի ներկայ գործունէութեան մասին ուշադրութեան արժանի հետեւեալ տեղեկութիւնները տուաւ.

– Կրթաթոշակ կը վճարենք 35 սան-սանուհիներու եւ ամսավճարի դրութեամբ կանոնաւոր նպաստ կու տանք 40 աղքատներու:

Ասկէ զատ, հարկադրաբար եւ անխուսափելիօրէն, իբրեւ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմին, օգնութեան կը հասնինք եւ անմիջական նպաստներ կը կատարենք նաեւ, ոչ միայն Ս. Նշանի մեր ծխական չքաւորներուն, այլ եւ ուրիշ շրջաններէ դիմում կատարող ընթացիկ բազմաթիւ կարօտ հայրենակիցներու, պատահական հիւանդներու: Դարձած ենք կարծես Պէյրութի աղքատախնամ մարմին: Այս իսկ պատճառով տարուէ տարի զգալի յաւելում կը կրէ մեր պիւտճէն:

Մեր եկամուտի աղբիւրներն են` եկեղեցիէն ստացուած մեր բաժինը, պնակը եւ նուիրատուութիւններէ ու հանգանակութիւններէ գոյացած գումարները:

Արդարեւ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինը արժանի է ամէն քաջալերանքի, մանաւա՛նդ` նիւթական աւելի լայն նպաստներու, սրտաբուխ նուիրատուութիւններու եւ մնայուն եկամուտներու, որպէսզի լաւագոյն պայմաններու մէջ, առաւե՛լ օգտակարութեամբ կարենայ շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

«ՀՅ Դաշնակցութեան Օր»-ուան
Տօնակատարութիւնը Քոքինիոյ Մէջ

«ՀՅ Դաշնակցութեան օր»-ը այս տարի եւս խանդավառութեամբ եւ մեծ շուքով տօնակատարուած է Քոքինիոյ Զաւարեան» սրահին մէջ` համակիրներու, ընկերներու եւ երկսեռ երիտասարդներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Նախագահած եւ բացման խօսքը կատարած է Օննիկ Զաքարեան:

Բանախօսած է Ֆիքսի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի տնօրէն Յակոբ Սահակեան:

«ՀՅ Դաշնակցութեան օր»-ուան նուիրուած ուղերձ մը կարդացած է Աւետիս Մխիկեան:

Գործադրուած է կոկիկ յայտագիր մը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է խնճոյք: Սեղաններու շուրջ բոլորուած են ընկերներ ու համակիրներ: Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ գիշեր երգուած են ազգային ու յեղափոխական երգեր:

Աստուածաշունչ Մատեանի
Ա. Տպագրութեան 300-Ամեակը
Թեհրանի Մէջ

Թեհրանի «Արարատ» սրահին մէջ մեծ շուքով տօնակատարուած է Աստուածաշունչ մատեանի Ա. տպագրութեան 300-ամեակը:

Բացման խօսքը կատարած է առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոս:

Բանախօսած է Երուանդ Հայրապետեան:

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին խօսք առած են նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ Մ. ծ. վրդ. Փոլատեան եւ հայ աւետարանական համայնքի կողմէ` վերապատուելի Ն. Խաչատրեան:

Հանդէսը վերջ գտած է առաջնորդ սրբազան հօր փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով:

Թէյասեղան`
Ի Նպաստ Հայ Դպրոցի

Նիւ Եորքի մայր վարժարանի ամսական թէյասեղանին առաջինը կազմակերպած են Այլընտէն տոքթ. եւ տիկին Վարդանեանները` իրենց բնակարանին մէջ:

Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ խօսք առած է Ա. Աֆարեան, միջկոմիտէականի կողմէ` Ա. Շամամեան: Խօսք առած են նաեւ` հոգաբարձութեան ատենապետը, հայ դպրոցի վարչութեան ատենապետը եւ փոխատենապետուհին:

Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր: Տեղի ունեցած է նաեւ նուիրատուութիւն:

 

ԿՈՉ

 Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշարձանի
Շինութեան
Կեդր. Յանձնախումբ

Անմահ հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանին վրայ կ՛ուզենք, որ կանգնի իր գործը, իր անձնաւորութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ապրումները արտայայտող յուշարձան մը, որ ապագայ սերունդներուն խօսի մեծանուն հայորդիի ապրումներուն ու հայութեան անընկճելի կամքի վճռակամութեան մասին:

Հերոսին գերեզմանը կը գտնուի Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա: Ունի 14 ոտք երկայնք եւ 7 ոտք լայնք:

Յուշարձանը կրնայ ըլլալ իր` Սողոմոն Թեհլիրեանին արձանը, կիսանդրին կամ դիմանկարը ընդգրկող համադրութիւն մը, կամ` առանց դիմանկարի: Էականը հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջի ձայնին, սեփական ձեռքերով արդարութիւն ընելու աքթին արտայայտութիւնն է` հերոսին վայել գեղեցկութեամբ եւ խորութեամբ:

Յուշարձանի յանձնախումբը համաժողովրդական հանգանակութեամբ գոյացած գումարներով է, որ պիտի կառուցէ յուշարձանը, որով ոչ մէկ գումար կրնայ խոստանալ արուեստագէտներուն` նախագծի եւ մաքեթներու պատրաստութեան աշխատանքին համար: Անոնց սիրայօժար մասնակցութեան է, որ կը դիմէ ներկայ կոչով:

Բոլոր նախագիծները, մաքեթները, կամ մաքեթներու նկարները ղրկել հետեւեալ հասցէին.

Memorial Tehlirian
c/o Hamazkaine
10, Rue Hussein Beyhum
Beirut (Lebanon)
Պայմանաժամ մինչեւ 28 փետր. 1967

Սողոմոն Թեհլիրեան Յուշարձանի
Կեդր. Յանձնախումբ
Քալիֆորնիա

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. 5 Պարզ Կանոններ` Երեխային Մարմնին Դիմադրականութիւնը Բարձրացնելու Համար

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?