Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Առաջին Այցելութիւնը Ազգային Բուժարան
Երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբեր 1966, Խորէն Ա. կաթողիկոս իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան:
Ճամբու կէսին, դիմաւորուելով Ալէյի եւ շրջանի գայմագամին կողմէ, վերափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսի, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ առաջնորդուեցաւ Ազգային բուժարան: Հիւանդանոցի մուտքին, խանդավառ ծափերու տակ վեհափառ հայրապետը դիմաւորեցին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, Ազգ. բուժարանի բժշկապետը եւ խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Յ. Գասապեանը, խնամակալութեան անդամներ, խնամակալութեան Օժանդակ տիկնանց միութեան անդամներ, բուժարանի տնօրէն Վ. Ռշտունի, բժիշկներ, պաշտօնէութիւն, հիւանդներ եւ Ազունիէի գիւղացիները:
Բուժարանի մատրան մէջ պատարագեց Տաճատ արքեպիսկոպոս: Քարոզեց եւ հայրական իր օրհնութիւնները տուաւ վեհափառ հայրապետը: Ս. պատարագէն ետք վեհը իր շքախումբով այցելեց բոլոր հիւանդներուն, մաղթեց առողջութիւն եւ տուաւ անոնց իր հոգեւոր մխիթարութիւնը: Տեղի ունեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին` վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ սրբազանը, տոքթ. Յ. Գասապեանը եւ Վ. Ռշտունին:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ դպրեվանքի երգչախումբին կողմէ տրուած համերգային ելոյթով:
Հարցազրոյց Արամ Հայկազի Հետ
Միւնիխի «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին Նիւ Եորքի թղթակիցը տեսակցութիւն մը ունեցած է սփիւռքահայ գրականութեան վաստակաւոր ու ամէնէն ժողովրդական գրագէտներէն` Արամ Հայկազի հետ, ըստ ամենայնի` շահեկան տեսակցութիւն մը, զոր կու տանք ամբողջութեամբ: Ինչ որ պիտի ուզէինք ընդգծել անոր մէջ եւ խորհրդածութեան նիւթ դարձնել, անգլերէն լեզուին քաջատեղեակ այս գրագէտին հայերէն գրելու սրտառուչ ու սրբազան պատճառն է ու իր «գրականութեան շեշտուած հայկականութեան» առջեւ ապրած արդար հպարտութիւնը:
Նիւ Եորքի մէկ թաղամասին մէջ, քաղաքի ժխորէն հեռու, կ՛ապրի սփիւռքահայ յայտնի արձակագիր Արամ Հայկազ:
Արամ Հայկազ մարմնացումն է պարզութեան, ընկերականութեան եւ ամէնէն աւելի` ազնուութեան: Համաստեղի հետ միասին Արամ Հայկազ անկասկած ամենաշատ կարդացուած ժամանակակից գրողն է հայ սփիւռքի մէջ: Անոր շարք մը պատմուածքները թարգմանուած են անգլերէնի: Թէեւ Արամ Հայկազ կը տիրապետէ անգլերէնի, այնուամենայնիւ կը գրէ բացառաբար հայերէն:
Ամերիկացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անգլերէն չի գրեր, Արամ Հայկազ պատասխանած է. «Երիտասարդ ու օժտուած հայ գրող մը իր գրել ծրագրած վէպին նախագիծը կը պարզէ նշանաւոր բանաստեղծ եւ հեղինակ Վերհարնին ու խորհուրդ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ լեզուով գրէ. իտալերէ՞ն, գերմաներէ՞ն, ֆրանսերէ՞ն, թէ՞ հայերէն: Ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթէք, իր հերթին հարց կու տայ Վերհարնը: Հայերէնով, անշուշտ,- կը պատասխանէ հայ գրողը: Ուրեմն, պէտք է գրէք հայերէն, կ՛ըլլայ իմաստուն պատասխանը»:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պր. Արամ Հայկազ, կարելի՞ է տեղեկութիւններ ստանալ ձեր ծննդավայրի, մանկութեան եւ սկզբնական կրթութեան մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծնած եմ Շապին Գարահիսար, հերոսներու ծննդավայրը: Այս բանը կը յիշեմ առաւելապէս անոնց յարգանքի ու սիրոյ տուրք տալու համար եւ ոչ թէ իրենց ուսերուն ինկող փառքի վերարկուէն ինծի ալ բաժին հանելու յետին մտքով: Ծնած եմ 1900-ին եւ հինգ եղբայրներու ամենափոքրն էի: Մինչեւ 15 տարեկանս, այսինքն մինչեւ 1915 չարաբաստիկ թուականը, ապրած եմ հօրենական տանս մէջ, երջանիկ: Յաճախած եմ տեղւոյն ազգային վարժարանը ու ինչ-ինչ պատճառներով` լքած զայն, երբ չորրորդ դասարան էի: Ոչ մէկ վարժարանէ վկայական առնելու բախտին չեմ արժանացած: 1915-ի արհաւիրքի օրերուն Գարահիսար էի ու ականատես եղայ այդ քաղաքի 28-օրեայ հերոսամարտին, որուն պատմութիւնն ալ հետագային գրեցի ու հրատարակեցի առանձին գրքով:
Կռիւէն ետք, հրաշքով ազատուած, մօտ չորս տարի ապրած եմ թուրք անունով մը, թուրքերու եւ քիւրտերու մօտ, իբրեւ մահմետական: Արկածներով ու ապրումներով հարուստ եղան այդ տարիները, եւ, հետագային, գրականութեան առատ ու հետաքրքրական նիւթ հայթայթեցին ինծի:
1919-ին, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող զինադադարը արդէն մէկ տարու էր, յաջողեցայ թուրքերուն քովէն փախուստ տալով` Պոլիս գալ: Հոն, հայրենակիցներս, գրեթէ բռնութեամբ, զիս դրին Կեդրոնական վարժարան, որ իրենց բառով` «կարդամ ու ազգին ու Գարահիսարին պատիւ բերող մեծ մարդ ըլլամ»:
Հ.- Պր. Արամ Հայկազ, կարելի՞ է քիչ մը աւելի մանրամասնութիւն տալ ձեր Կեդրոնական վարժարանի ուսանողական օրերէն:
Պ.- Գիշերօթիկ էի Էսայեան որբանոցին մէջ ու 12 բախտակից տղոց հետ ուսանելու կ՛երթայի Կեդրոնական, ուր ունեցած եմ լաւ ու կարող ուսուցիչներ: Անոնք, ի միջի այլոց, հայրենիքի ու գրականութեան սէր ներշնչեցին ինծի: Ուսուցիչներէս Յակոբ Օշական, երբ Ամերիկա գալու համար մնաք բարով կ՛ըսէի իրեն, պատուիրեց, որ գրականութիւնը չմոռնամ: Մենծ Աղա, գրականութիւնը չմոռնաս: – Այո՛, միւսիւ, չեմ մոռնար: Ու պահեցի խոստումս:
Հ.- Շատ գեղեցիկ… Ի՞նչպէս էք սկսած ձեր գրական փորձերը:
Պ.- Վախով ու վարանումով: 1921-ին եկայ Ամերիկա, եղբօրս քով: Երբ 1922-ին Պոսթընի մէջ հրատարակուիլ սկսաւ «Հայրենիք» ամսագիրը, գրչանունիս տակ պահուած` անոր ղրկեցի աքսորականի օրերէս վերցուած պատմուածք մը, որ հրատարակուեցաւ «Մղձաւանջը» խորագիրին տակ: Ճամբան բացուած էր: Շարունակութիւնը եղաւ դիւրին, շատ դիւրին:
Հ.- Պր. Հայկազ, քանի՞ գիրք հրատարակած էք ու ի՞նչ են անունները:
Պ.- Հրատարակած եմ չորս հատոր: Երեքը պատմուածքներու հաւաքածոներ են. «Ցեղին ձայնը» երկու հատորով եւ «Չորս աշխարհ» խորագրով երրորդ մը: Չորրորդը նուիրուած է Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին:
Հ.- Ի՞նչ են պատմուածքներուն նիւթերը առհասարակ ու ի՞նչ կը հետապնդեն:
Պ.- Կրնամ այդ հարցումին պատասխանել մէկ բառով. Կեանքը: Իմ, դրացիներուս, ընտանիքիս անդամներուն, ցեղակիցներուս, ամերիկացիներու, թուրքերու, քիւրտերու, սէրերու, ատելութիւններու, ողբերգութիւններու ու զուարճալի դէպքերու խտացումն ու նկարագրութիւնը:
Գալով հարցումիդ երկրորդ մասին` անկեղծօրէն ըսեմ, որ կը գրեմ է՛ն առաջ իմ երջանկութեան համար: Երբ ամուլ մնամ, դժբախտ կը զգամ ինքզինքս: Լաւ պատմուածք մը ստորագրելէ ետք գեղեցիկ բան մը ստեղծած ըլլալու գոհունակութիւնը կը լեցնէ հոգիս: Բնաւ մարդու բան սորվեցնելու յաւակնոտութիւնը չունիմ ու միտք չեմ ունեցած: Այսուհանդերձ, կը հաւատամ, որ ամէն գրութեանս մէջ, ուղղակի կամ անուղղակի, շեշտուած հայկականութիւն կայ:
Հ.- Պր. Հայկազ, այժմ ինչի՞ վրայ կ՛աշխատիք:
Պ.- Պատրաստ ունեցած նոթերս ու նիւթերս աչքէ կ՛անցընեմ զանոնք դասաւորելու եւ նորեր գրելու համար:
Արդէն 12 պատմուածքներ ունիմ պատրաստ, որոնք ինքնին հատոր մը կազմելու համար բաւական են: Բայց գաղութի ներկայ պայմաններուն մէջ չեմ կարծեր, թէ զանոնք հատորով հրատարակելու խենթութիւնը կ՛ունենամ:
Հ.- Դուք յայտնի էք բովանդակ սփիւռքահայութեան. որքա՞ն ծանօթ են ձեզ Հայաստանի մէջ:
Պ.- Հայրենիքի գրախօսները զանազան առիթներով անունս յիշած են իբրեւ գրող, ու վերջերս ալ Ստեփան Կուրտիկեան բարի եղած էր իր մէկ յօդուածաշարքին մէջ որոշ տեղ տալ իմ գրականութեան:
Հ.- Ձեր գիրքերը վերահրատարակուա՞ծ են Հայաստանի մէջ, կամ` այստեղ հրատարակուածները ծախուա՞ծ են այնտեղ:
Պ.- Չեն հրատարակուած ու չեն ալ ծախուած: Բայց կարելի է զանոնք գտնել զանազան հանրային հիմնարկութիւններու եւ գրողներու, մտաւորականներու մօտ, որոնց գրեթէ բոլորին ղրկած եմ իբրեւ նուէր:
Հ.- Պր. Հայկազ, քանի որ խօսեցանք Հայաստանի մասին, արդեօք ծրագրա՞ծ էք այցելել Հայաստան:
Պ.- Այո՛, ո՞վ չի փափաքիր տեսնել իր վերածնուող հայրենիքը: Եթէ բախտը կամ Տէրը կամի, գալ տարի, աշնան հոն կ՛ըլլամ:
Հ.- Վերջացնելէ առաջ, քանի որ մեր ժամանակը լրանալու վրայ է, պիտի խնդրէի, որ ձեր ողջոյնի խօսքը ուղղէք հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Պ.- Մեծ հաճոյքով: Ու ոչ միայն ողջոյնի, այլեւ` սիրոյ ու սրտի խօսք: Սիրոյ ու հիացման խօսք բոլոր այն յաղթանակներուն ու իրագործումներուն համար, որ մինչեւ հիմա գլուխ հանեցին ու դեռ կ՛աշխատին նոր իրագործումներու համար ալ: Գնահատանքի ու սիրոյ այս խօսքերս կը վերաբերին յետին խրամ փորողէն մինչեւ Արագածի կատարին աստղերու ճամբան ուսումնասիրողին. մանկապարտէզի կամ մանկամսուրի հսկիչէն, կամ դռնապանէն մինչեւ համալսարանի հեղինակաւոր ու իմաստուն դասախօսին: Թող բոլորը ապրին ու ստեղծագործեն լիութեան, հանգիստի ու խաղաղութեան մէջ: Մանաւանդ` խաղաղութեան մէջ: