Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 10, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վեհափառ Հայրապետը Ազունիէի
Ազգային Բուժարանին Մէջ

vehapar_11101996

Տօնական օր մը եղաւ կիրակի, 6 նոյեմբերը Ազունիէի Ազգային բուժարանին համար, ուր իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կաթողիկոսարանէն դէպի Ազունիէ ուղեւորութեան ճամբու կէսին, կաթողիկոսը դիմաւորուեցաւ Ալէյի եւ շրջանի գաւառապետին կողմէ, ապա վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսին, բուժարանի պատասխանատու մասնագէտ-բժիշկ տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանին եւ գաւառապետին, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ առաջնորդուեցաւ Ազգային բուժարան, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Հիւանդանոցի մուտքին կաթողիկոսը դիմաւորեցին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, բուժարանի բժշկապետ տոքթ. Յակոբ Գասապեանը, Խնամակալութեան անդամները, Խնամակալութեան օժանդակ Տիկնանց միութեան անդամուհիները, Բուժարանի տնօրէն Վարդան Ռշտունին, բժիշկները, պաշտօնէութիւնը, հիւանդները եւ ազունիէաբնակ գիւղացիները:

Վեհափառ հօր ներկայութեամբ, այդ օր բուժարանի մատուռը բացառիկ վեհութեամբ մը շքեղացաւ: Ս. պատարագին հետեւեցան բոլոր ներկաները, լեցնելով մատուռը եւ շրջափակը: Երգեցողութեամբ դպրեվանքի սաներուն, Ս. պատարագը ա՛յնքան տպաւորիչ մատուցանեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:

«Հայր մեր»-էն առաջ վեհափառ հայրապետը տուաւ իր պատգամը: Սրտազեղ օրհնութեամբ, նախ օրհնեց բոլորը անխտիր, որոնք նուիրական պարտականութեամբ մը կանգուն պահեցին ու կը պահեն հայ ժողովուրդի պարծանքը եղող այս մեծ հաստատութիւնը: Ապա օրհնեց Լիբանանը, այս գեղեցիկ եւ հիւրընկալ երկիրը, անոր ազնուական ժողովուրդը, կառավարութիւնը եւ նախագահ Շարլ Հելուն:

Ս. պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով, առաջնորդութեամբ բժիշկներու ու տնօրէնութեան, այցելեց բոլոր հիւանդները, հայ եւ օտար, առանց խտրութեան, մխիթարեց զանոնք, օրհնեց ու մաղթեց կատարեալ առողջութիւն` մեծ գոհունակութիւն պատճառելով բոլորին:

Այնուհետեւ, Խնամակալութեան կողմէ տրուած հիւրասիրութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը, նկատելէ ետք բուժարանին մէջ տարուող խիստ գնահատելի աշխատանքը եւ տիրող օրինակելի մաքրութիւնն ու կարգապահութիւնը, շնորհաւորեց Խնամակալութեան անդամները, տնօրէնութիւնը, բժիշկներն ու պաշտօնեաները: Մաղթեց յարատեւութիւն` նոյն նուիրումով շարունակելու համար իրենց ազգանուէր ու մարդասիրական պարտականութիւնը:

Իր ցոյց տուած հայրական հոգածութեան համար, շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին վեհափառ հօր,  Խնամակալութեան նախագահ` առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս եւ տոքթ. Յ. Գասապեան: Վ. Ռշտունի կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը` ուղղուած վեհափառ հօր, դրուատելով անոր արժանիքները, յատկապէս իբրեւ շինարար կաթողիկոսի:

Տպաւորիչ ու յիշատակելի այս այցելութիւնը վերջ գտաւ բուժարանի հանդիսասրահին մէջ, դպրեվանքի երգչախումբին կողմէ տրուած համերգային յաջող ելոյթով մը: Ղեկավարութեամբ Զարեհ աբեղային, խմբերգեցին երգ ու շարական` արժանանալով երկարատեւ ծափերու:

Մեկնելէ առաջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց նաեւ այցելութիւնը շրջանի տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներուն: Անոնց գրաւոր ուղերձին իբրեւ պատասխան, վեհափառը յայտնեց, թէ Ազունիէի բուժարանը, թէեւ հայկական հաստատութիւն մըն է, բայց իր դռները լայն բացած է, եւ հոն հաւասար հոգածութեամբ կը բուժուին ոչ միայն Լիբանանէն, այլ նաեւ արաբական բոլոր երկիրներէն եկած մեր արաբ եղբայրներն ու քոյրերը:

Ժամը 3:00-ին, վեհափառ հայրապետը իր շքախումբով վերադարձաւ` սրտի պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ:

Արդարեւ, ներքին ծրագրեալ բարեկարգութեամբ մը, Խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը, հայկական մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծած են բուժարանին մէջ, գուրգուրանք ու մարդկային ջերմ վերաբերում մը ցոյց կու տան եւ հիւանդները կը ստանան առաջնակարգ խնամք:

Գեղեցիկ մտածումով մը, ծրագրուած է նաեւ հիւանդանոցի արեւմտեան ընդարձակ հողամասը վերածել հասութաբեր պարտէզի: Ցանկապատերու բաժանումով, արդէն տեսարժան ձեւ մը ստացած է պարտէզը, ուր պիտի ցանուին պտղատու ծառեր ու բանջարեղէն:

Հայ ժողովուրդի նուէրներով սկսուած ազգօգուտ մարդասիրական այս մեծ գործը, Ազգային բուժարանը, արդէն պատկառելի հիւանդանոց մըն է, որուն տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդը թեւ ու թիկունք կը կանգնի, եւ որ կը մնայ մեր գաղութի շքեղ իրագործումներէն մէկը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի Դաստիարակութեան 19 Պատուիրան Մարիա Մոնթեսորիէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?