50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1966)
Խմբագրական Լենինի Եւ Աթաթիւրքի Հետքերով Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին հոկտեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա: 1960-էն ի վեր Անգարայէն Մոսկուա երկարող գիծը ջուրի ճամբայ դարձաւ խորհրդային եւ թուրք պետական մարդոց համար, որոնք փոխադարձ այցելութիւններով կը ջանան վերագտնել թուրքեւ խորհրդային բարեկամութեան երանելի օրերը, Լենինի եւ Աթաթուրքի հետքերով: Բ. Աշխարհամարտի «արկածէն» ետք, երբ Ստալին, ըստ Խրուշչովի եւ անոր յաջորդներուն, անխոհեմութիւնը ունեցաւ պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիոյ, քրեմլինեան դիւանագիտութիւնը ոչ մէկ ջանք խնայեց հարաւի իր դրացիին տալու համար երաշխիքներ` Խորհրդային Միութեան բարեկամական ցանկութիւններուն մասին, որոնք նոյնիսկ գործնական ընթացքի մէջ մտան Անգարայի առաջարկուած նիւթական եւ թեքնիք օժանդակութիւններու շլացուցիչ առաջարկներով: Հիմա, Քոսիկին այցելութեան նախօրեակին, Անգարայի պետական շրջանակները կը...
Կարդալ ԱւելինDetails


