Աստուածաշունչ Մատեանի
Ա. Տպագրութեան 300-Ամեակի
Փառաշուք Տօնակատարութիւնը
Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախաձեռնութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան, կիրակի, 13 նոյեմբեր 1966, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ, փառաշուք հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Աստուածաշունչ մատեանին առաջին տպագրութեան 300-ամեակը:
Հրաւիրեալներ ու ընտիր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած են ընդարձակ սրահը:
Դաշնակի վրայ, Պօղոս Ճելալեանի նուագումով, լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Տաճատ արքեպիսկոպոս: Յայտնեց, թէ ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի կոնդակին` լիբանանահայ Ազգային իշխանութիւնը կազմակերպեց այս երեկոն` արժանավայել յարգանքով տօնակատարելու համար Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութեան 300-ամեակը, փառաւորելու համար մեծանուն Ոսկան վարդապետի անձն ու կատարած գործը:
Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Վ. Սերայտարեանի, խմբերգեց Որք զարդարեցին» շարականը:
Բիւզանդ Եղիայեան բանասիրական վերլուծումով ներկայացուց Ոսկան վարդապետի կեանքն ու կատարած գործին արժէքը: Աստուածաշունչը տպագրելու նախընթաց փորձեր եղած են, ըսաւ Բիւզանդ Եղիայեան` մանրամասն թուելով իւրաքանչիւր փորձ իր թուականներով:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ քաղաքական անկումին յաջորդած է մշակոյթի, լուսաւորութեան վերելքը: Նոյնպէս, մեծ տեսիլքի ու գործնական մտքի տէր Ոսկան վարդապետին կատարած Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութեան հետեւեցաւ փառաւոր վերածաղկում մը:
Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութիւնը կոչ մըն է, եզրակացուց Բ. Եղիայեան, որուն պէտք է յաջորդէ, կարգ մը սրբագրութիւններէ ետք, որոնք թուեց օրինակներ մէջբերելով, գիտական, հայաշունչ տպագրութիւնը:
Արփինէ Փեհլիւանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, արուեստի մեկնաբանութեամբ մեներգեց Զ. Տօլուխանեանի դաշնաւորած «Կիլիկիա»-ն, ապա «Ծիծեռնակ»-ը եւ «Լորիկ»-ը` արժանանալով բուռն ծափերու:
Ասմունքող Խաչիկ Արարատեան արտասանեց, Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը ապրումով, փոխանցելով իր ապրումը ունկնդիրներուն, խլելով անոնցմէ երկարատեւ ծափեր:
Օրուան երկրորդ բանախօսն էր դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան:
Իր հոյակապ բանախօսութեամբ սրբազան հայրը ներկայացուց Ոսկան վարդապետը երկու հարցումներու մէջ. ա.- Կիրքը եւ տեսլականը այս մարդուն մէջ, բ.- Ի՞նչ էր անոր կատարած գործը` իբրեւ դրական աշխատանք, իբրեւ շօշափելի ձեռնարկ:
300-ամեակը, եզրակացուց Գարեգին սրբազան, պէտք է ըլլայ առիթ մը` վերականգնելու համար Ոսկան վարդապետին արժէքը:
Պատկերազարդ Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութիւնը, բաժնուած` գլուխներու եւ համարներու, կատարուած 70-ի թարգմանութենէն, արտագրուած Ոսկան Վարդապետի իսկ ձեռքով, գնահատելի գործ մըն է:
Ոսկան վարդապետ տպագրիչ մը չէր միայն: Տպագրիչը ճանչնալէ պէտք է դադրինք եւ տեսնենք հրատարակիչը, խմբագիրը, գիտնական մարդը, որ Աստուծոյ խօսքը, որուն համար այնքան արիւն թափած էր հայ ժողովուրդը, ուզեց տանիլ ու տալ այդ ժողովուրդին ձեռքը:
300-ամեակը կատարուած աշխատանքի մը, պարտքերու տակ մեռած մարդու մը հանդէպ տրուած յարգանքի տուրք մըն է: Մարդու մը, որ զոհը եղաւ իր ժամանակին, սակայն դարձաւ արքայ մը մեր ժամանակին, արքայից արքան հայ տպագրութեան:
Մարի Փելթեքեան մեներգեց «Կռունկ»-ը: Երգչախումբը մեներգեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու»-ն:
Փակման եւ օրհնութեան խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը:
Հինգերորդ դարուն, ըսաւ վեհափառը, մեր մեծանուն վարդապետները Ս. Գիրքը թարգմանելով` ուզեցին, որ Աստուած հայերէն խօսի հայերուն հետ: 17-րդ դարուն Ս. Գրքի առաջին տպագրութիւնը կատարելով` ուզեցին, որ Աստուած հայ մարդուն հետ մտերմանայ, բնակիչը դառնայ հայ տունին:
Ապա, իր օրհնութեան խօսքը վերջացուց` օրհնելով յիշատակը Ոսկան վարդապետին, որ զոհողութիւններով ու զրկանքներով յաջողեցաւ տպել Աստուածաշունչ մատեանը:
Օրհնեց նաեւ աստուածասէր հայ ժողովուրդը: Մաղթեց, որ Աստուածաշունչ մատեանը դառնայ հայ տան թանկագին գոհարը, անկողոպտելի գանձը ու մնայ միշտ բաց:
Հայաստան
«Դանիէլ Վարուժանը
Իմ Յուշերում»
Աւելի քան կէս դար անցած է այն օրէն, երբ թուրք ցեղասպաններու ձեռքով գործուեցաւ մեծ ոճիրը: Արիւնոտ եաթաղանին առաջին զոհը դարձաւ հայ մտաւորականութեան ընտրանին: Բայց ահա յիսուն տարի ետք հրապարակ կու գան գիրքեր, յուշագրութիւններ, յօդուածներ, պատառիկներ, որոնք լոյս կը սփռեն անցեալի դէպքերուն վրայ, կը ճշդեն թանկագին իրողութիւններ: Ահա այդպիսի գիրքերէն է «Դանիէլ Վարուժանը իմ յուշերում»: Հեղինակն է Առաքել Պատրիկ, որ եղած է եղերաբախտ բանաստեղծին աշակերտը Սեբաստիոյ մէջ:
Կանտի (Պելճիքա) համալսարանը աւարտելէ ետք Վարուժան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Բրգնիկ, ուր պաշտօնի կը կոչուի Սեբաստիոյ ազգային Արամեան վարժարանին մէջ: Հոս ան երկու ուսումնական տարի (1909-11) կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն եւ ֆրանսերէն լեզու:
Արդէն անուն հանած բանաստեղծը կը դառնայ իր սաներուն սիրոյ եւ հիացումին առարկան: Պատկառելի տարիքի հասած աշակերտը սարսուռով կ՛ոգեկոչէ անցեալի այն պահերը, երբ Վարուժան իսկական յայտնութիւն մը եղաւ Արամեան վարժարանի եւ Սեբաստիոյ հայերուն համար: Իր բանաստեղծական հրայրքոտ նկարագիրով ան լոյսի հրդեհ վառեց իր սաներուն հոգիներուն մէջ, անոնց փոխանցեց «իր լուսաւոր տեսիլները», սորվեցուց կեանքին մէջ տեսնել վսեմն ու գեղեցիկը:
Այս յուշագրութիւնը հետաքրքրական շատ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ գաւառի մէջ Վարուժանի ապրած տարիներուն մասին: Ահա Վարուժանը` աշակերտներու եւ ուսուցիչներու շրջանակին մէջ, ահա ան` Ս. Նշան վանքին մէջ, ուր բացառիկ վերապահութեամբ անոր ցոյց կու տան Սենեքերիմ Արծրունի թագաւորին «գահը», որ գաղտնի տեղ մը պահուած էր իբրեւ անձեռնմխելի սրբութիւն, եւ ժողովուրդը կը հաւատար, որ օր մը ան լոյս աշխարհ պիտի բերուի, երբ հայոց երկիրը ազատագրուի: Ահա Վարուժանը Մխիթար Սեբաստացիի ծննդավայր Հողդարի բարձունքէն կը դիտէ Սեբաստիոյ համայնապատկերը: Ահա նաեւ բանաստեղծին օրրանը` Բրգնիկ` գետափի իր ուռենիներով, կէսօրեայ անդորրով:
«Վերջացրի իմ յուշագրութիւնը, եւ հոգիս լի է այժմ մի պարտք հատուցողի խոր գոհունակութեամբ», կը գրէ հեղինակը:
Նշմար
Մրցակցութիւն
Պատկերասփիւռի դերասան մը` Ռոնալտ Ռիկըն, կառավարիչ ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին:
Այն օրէն ի վեր, որ կարգ մը պետական մարդիկ սկսան երեւնալ պատկերասփիւռի գործիքներուն առջեւ, դերասանները կը մտածէին փոխադարձութեան մասին:
Պատկերասփիւռը հետզհետէ աւելի մեծ դեր կը խաղայ ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ընտրութիւններ կը շահուին ու կը կորսուին պատկերասփիւռի միջոցով կամ պատճառով: Եթէ պետական մարդ մը «ֆոթոժենիք» չէ, որքան ալ արժանիք ունենայ, չի կրնար սիրաշահիլ ընտրողները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու Ռիչըրտ Նիքսըն բաւական բան գիտէ այս մասին:
Թեկնածուն այսօր պատկեր մըն է, որ կը մտնէ ամէն տունէ ներս: Ոչ ոք կը մտածէ այդ պատկերը մարմնաւորող անձին մասին, այլ միայն` պատկերին, որովհետեւ անոր կու տայ իր քուէն:
Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն զօրավար տը Կոլ ժամերով փորձ ըրաւ պատկերասփիւռի մասնագէտներուն հսկողութեան տակ եւ ապա միայն ներկայացաւ ժողովուրդին:
Պէտք չէ զարմանալ, եթէ օր մը պետական եւ հանրային կեանքի թեկնածուները իրենց փաստաբանի վկայականին հետ անհրաժեշտ գտնեն նաեւ դերասանական վկայական մը, որպէսզի կարողանան մրցիլ արհեստով դերասաններու հետ:
Կրկնակի վտանգ մը կը սպառնայ սակայն դերասանին եւ պետական մարդուն: Դերասանը կը սկսի հաւատալ պետական մարդու իր «կոչումին», իսկ պետական մարդը հետզհետէ կը դառնայ դերասան…
X