Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 31, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիշերային Ճամբորդութիւն

Ու Ես Կ՛երթամ…

Այս ամառ, օգոստոս 16-ին, միամսեայ արձակուրդ ստանալէս ետք, հայրենի կարօտաբաղձութիւնով, զուլալ ջուրերը կուշտ ու կուռ ըմպելու մաքուր օդը շնչելու` ու ես կ՛երթամ…

Գիւղական կեանքը օր մը աւելի կարենալ վայելելու տենչով օդանաւային ճամբորդութիւնը նախընտրեր էի: Էլազըզի մէջ, կէսօրուան 12-էն մինչեւ գիշերուան երկուքը, պանդոկին մէջ կը հանգստանանք: 3-ին, մշեցի բարեկամներուս ընկերակցութեամբ` նորէն Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ ուխտի` ու ես կ՛երթամ…:

Մութ գիշերին, լուռ է ամէնուրեք: Վերը աստղերը կը շողշողան, վարն ալ մեր կառքը ճամբուն վրայէն կը սուրայ: Հաւնոցներէն մերթ ընդ մերթ աքլորներու ձայներ կը լսուին: Մեր սրտերը յոյսեր կուտակուած` հեւ ի հեւ դէպի արեւելք կը շտապենք:

Մութին մէջ տարբեր է ապրումը: Երբ նիւթական աշխարհին վրայ վարագոյր է քաշուած, մարդ կը խորասուզի հոգեկան աշխարհի ոլորաները: Երբ ներաշխարհին դուռերը կը բացուին, անցեալի փառաշուք տեսարանները ի յայտ կու գան… հին փառքերու շքեղութեան գիրկը բազմած` ու ես կ՛երթամ…

Ճամբան երկար է, յուշերը գողտրիկ: Ես ալ ասուպի մը նման կը սահիմ անցեալի էջերուն վրայ: Քնացող ուրուականները կը զարթնուն, լռած ղօղանջները ուժգին կը վերաձայնեն, խինդ ու ծիծաղ, երգ ու պար, մոռցուած կեանքը վերապրելու` ու ես կ՛երթամ…:

Հոմերոսի եւ Միլտոնի գաղտնիքը հոս նշմարեցի: Անոնք արտաքին աշխարհէն խզուած` հոգեկան աշխարհին այնքան ընտելացեր էին, որ Պուտտայի նման Նիրվանան գտեր են: Անոնք ճշմարտութեան ակէն գինովցած` իրենց քաղցրանուագ երգերն են յօրիներ: Աներեւոյթին պատկերը աչազուրկները աւելի հարազատ են գծած: Խաւար գիշերին, պայծառ տեսիլքներով հարազատը որոնելու` ու ես կ՛երթամ…:

Աստղերը մի առ մի կը մարին: Արեւելքը կը սկսի ժպտիլ: Աղօթարանը կը բացուի: Տեսիլքները հրաժեշտ կ՛առնեն: Ես ալ հին օրհներգութիւնը եղանակելով հայրենի տան աւերակներուն վրայ ծնրադրելու` ու ես կ՛երթամ…:

Մեր դէմը երկնակամարը կը ճերմկի: Սարերը ոտքի կ՛ելլեն: Անոնց ետեւէն կայծեր կը ցայտեն: Կայծերու մէջէն հրեղէն սկաւառակ մը թաւալելով իր պայծառ երեսը ցոյց կու տայ: Մենք ալ լոյսով պճնուած մեզի մտերիմ սարերը ողջունելու` օձապտոյտ ճամբաներէն սրտատրոփ կ՛անցնինք: Առաւօտեան ժամը ութին Պոկլանի ձորին մէջ մեր մտերիմ առուակին մօտ կ՛իջեւանինք:

Առաւօտեան նազանքով վազող ջուրին գլգլոցը, փչող հովին սուլոցը եւ հին երանութեան կարօտը իրարու կը պլլուին: Մեր շուրջը սարերը պար բռնած կը կայառեն: Հարսանիք է այսօր, հին օրերու տոհմիկ խրախճանքի յիշատակի ոգեկոչումը: Պոկլանի ձորը այսօր կրկին ուխտաւորներու հիւրընկալ է եղած: Հիւրընկալին ես մտերիմ` ու ես կ՛երթամ…:

Ժամերը կ՛անցնին: Մեզի յատկացուած կառքը կ՛ուշանայ: Մինչ ես ուրախ եմ եւ չեմ աճապարեր, այլ կը ցնծամ… իմ զգացումներուս տեղեակ ընկերակիցներս ակնարկութիւններ կ՛ընեն…

– Տէ՛ր հայր, այս անգամ ալ ձեր փափաքը պիտի կատարուի կ՛երեւի… դարձեալ պիտի ստիպուինք քալելով երթալ…

Արեւը տակաւ կը բարձրանայ եւ դէպի արեւմուտք կը թեքի: Պահ մը ընկերներէս բաժնուելով` լոգանք կ՛առնեմ առուակին պաղ ջուրերուն մէջ:

Ձորին մէջ ընկերներու հետ վերջնական խորհրդակցութիւն մը կատարելով` կ՛ուխտենք իրարու հաւատարիմ մնալ:

Եւ սակայն Սասունցի Յովհաննէս եղբայրը քովէս չի բաժնուիր եւ պահապան հրեշտակի մը նման ինծի հոգածու կ՛ըլլայ: Ան միշտ ուշադիր կը գտնուի, որպէսզի ոեւէ մէկը ինծի վնաս չհասցնէ:

Երեկոյեան ժամը չորսին մեր կարաւանին մէկ մասը հետիոտն ճամբայ կ՛ելլէ, իսկ մնացեալները կառքով պիտի գան: Անշուշտ ես քալելով գացողներուն առաջնորդն եմ:

Անտառներու մէջէն, երկու ժամեր տաժանելի ու յոգնեցուցիչ բարձրութիւններ մագլցելով` կ՛երթանք: Հաւատամքի սարէն Ս. Կարապետի փլատակները վերստին կ՛ողջունեմ: Հին օրերու հաւատքով նոր ուխտաւոր մը` ու ես կ՛երթամ…:

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Գրականութեան Ամէնէն Յառաջապահ Ամսագիրը Հրատարակութեան Նոր Փուլի Մը Սեմին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?