Խմբագրական
«Անկարելի Երազ»…
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի հայանպաստ արտայայտութիւնները (*) զայրոյթ պատճառած են թուրք լրագրողներուն:
Կիպրական հարցը արդէն մղձաւանջ դարձած է թուրքերուն: Իսկ երբ այդ հարցին առիթով կը խօսուի նաեւ հայերու եւ Հայաստանի մասին, «բաժակը կը յորդի», եւ հին թուրքը մէջտեղ կ՛ելլէ` բնազդօրէն ատելավառ, մոլեգնօրէն հայատեաց:
Դարեր շարունակ հայն ու յոյնը` օսմանեան տիրապետութեան տակ եղած են ճակատագրակից տառապած են ու հալածուած, հասկցած են զիրար, օգնած են իրարու, խորհրդակցած, իրարու զօրավիգ կանգնած:
Հետեւաբար, երբ այսօր յոյն ժողովուրդը արդար դատ մը ունի միջազգային սեղաններու վրայ, երբ կը պահանջէ Կիպրոսի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքին տառացի գործադրութիւնը, հայը չի կրնար անտարբեր ըլլալ, ինչպէս չէ եղած բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան պայքարին հանդէպ` այդ պայքարը նկատելով նուիրական պարտականութիւն մը:
Այս պարագան տհաճութիւն կը պատճառէ Անգարայի եւ անոր մանկլաւիկներուն, որոնք Քիփրիանուի յայտարարութիւններէն ջղայնացած` ոչ միայն խրատ կու տան հայերուն, այլ նաեւ, աւելի առաջ երթալով, քողարկուած սպառնալիքներով` կ՛ուզեն հասկցնել, թէ դեռ ինչե՜ր չեն կրնար ընել` հայութեան վնասելու համար…
Բայց ինչ որ ամէնէն կարեւորն է թրքաբարոյ այդ սպառնալիքներուն եւ ամբաստանութիւններուն մէջ, ատիկա Հայ դատին հանդէպ Անգարայի ցուցաբերած բացասական վերաբերումն է, որ խոտոր կը համեմատի ներկայ դարու ոգիին:
Հայ դատը ընդմիշտ թաղելու նպատակով մէկուկէս միլիոն հայ բնաջնջող թուրքին համար այսօր «Թուրքիոյ մէջ Հայաստան մը հիմնել անկարելի երազ է»: Ու տակաւին`«Պէտք է յիշել Արեւելեան Անատոլուն, ուր ատենօք մեծաթիւ հայեր կային, եւ այսօր հայ մը հայ մնացած չէ այդ հողերուն վրայ»:
Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս:
Թուրք լրագրողը կը պապանձի: Անշուշտ չի կրնար ըսել, թէ` «հայեր չկան այդ հողերուն վրայ, որովհետեւ բոլորն ալ քշեցինք ու ջարդեցինք, որպէսզի այսօր կարենանք ըսել, թէ որո՛ւ համար կը պահանջէք անկախ Հայաստանը»:
Կը սխալի Անգարայի մունետիկը: Իրենց պապենական հողերէն քշուած հայերուն որդիներն ու թոռները կ՛ապրին ազատ երկինքներու տակ, հայութեամբ սնած ու մեծցած, նոյնքան իրաւատէր, որքան իրենց պապերն էին եւ կը ներկայանան պահանջատէրը պատմական հողերուն, որոնք մերն են, մի՛այն մերը, անկողոպտելիօրէն, մեր արիւնով շաղախուած, մեր քրտինքով պարարտացած, մեր վերադարձին կարօտով:
Հայաստան` անկարելի երա՞զ…
Չէ՛, չի կրնար ըլլալ մանաւանդ ժողովուրդի մը համար, որ իր յաւիտենականութեան ճամբուն վրայ ձախողութիւններ շա՜տ տեսած է, վայրագութիւններու շա՜տ հանդիպած, բազմիցս հարուածուած է ու հալածուած, բայց գիտցած է միշտ վերականգնիլ անկախ Հայաստանի, միացեալ հայութեան, ազատ ու երջանիկ կեանքի տեսիլքով:
Թուրքը, որ երազ չունի, տեսիլք չունի, սլացք չունի, չի կրնար ըմբռնել այս ճշմարտութիւնը: Չի կրնար հաւատալ մեր հաւատքին, որ մեր ժայռերուն չափ անսասան է, մեր մշակոյթին չափ խոր:
Պիտի գայ օրը, որ մենք պիտի հաւատացնենք: Հակառակ իր կամքին:
(*) Տեսնել այսօրուան մեր թիւին երկրորդ էջին յօդուածը` «Երբ թուրքը խրատ կու տայ հայուն»:
Ճեպանկարներ` Անգլիայէն
Անահիտ Դիցուհին
Բրիտանական Թանգարանին Մէջ
«Սովետական Արուեստ» ամսագիրին մէջ նկարիչ Խաչատուր Եսայեան կը գրէ.
… Բայց գերագոյնը նկարիչի մը համար, ի հարկէ, Անգլիոյ թանգարաններն են. ամէն քայլափոխին թանգարան: Անգլիոյ բոլոր թանգարաններուն մուտքը ձրի է. ասիկա այնպիսի առաւելութիւն մըն է, որ հասկնալի է միայն նկարիչներուն… Աշխարհի ամենահարուստ թանգարաններէն են` Բրիտանական թանգարանը եւ Ազգային պատկերասրահը:
Արագ-արագ կ՛անցնէի Բրիտանական թանգարանի սրահներէն`, գրեթէ բան չտեսնելով: Կ՛որոնէի մեր «Անահիտ»-ը… Ահա անոր պրոնզաձոյլ գլուխը` փակուած ապակեպատ վանդակի մը մէջ, հետեւեալ մակագրութեամբ. «Տիանա, գտնուած է Հայաստանի մէջ, Երզնկայի մօտ»: Քանի տասնեակ տարիներ դիտած եմ զայն, միայն պատմութեան դասագիրքերուն մէջ զետեղուած` միշտ նոյն գորշ լուսանկարը… Այդ օր այլեւս ուրիշ բան չտեսայ:
Լոնտոնէն մեկնելուս նախօրեակին դարձեալ գացի այցի Անահիտին: Այս անգամ ան արդէն աւելի ջինջ ու աւելի հարազատ հայեացքով կը նայէր: Անբացատրելի կարօտի ու ափսոսանքի զգացումով մը կը հեռանամ` մեր աստուածուհին ձգելով մառախլապատ ու պաղ Թայմզի ափերուն:
Հետաքրքրական էր նաեւ իմ մէկ այլ հանդիպումս: Աքրոփոլի մէջ եղած ատենս տեսայ Էրեխտէոնի նշանաւոր գարիատիդները. անոնցմէ մէկը գաճէ պատրաստուած կրկնօրինակն էր, քանի որ իրականը լորտ էլկինի կողմէ պարզապէս գողցուած եւ տեղափոխուած էր Անգլիա: Այժմ, ահա իր ամբողջ հելլենական վեհութեամբ կանգնած էր մեր առջեւ, Բրիտանական թանգարանին մէջ: Մէկ հարցումիս, թէ արդեօք մտադիր չե՞ն վերադարձնելու իսկական տիրոջը, մեր առաջնորդը, տեսնելով, որ ես տեղեակ եմ գործին, ստիպուած խոստովանեցաւ, որ այժմ բանակցութիւններ կ՛ըլլան երկու կառավարութիւններու միջեւ գարիատիդը վերադարձնելու համար:
Ու հիմա, կը մտածեմ. արդեօք հնարաւոր չէ՞ նոյնանման բանակցութիւններ վարել եւ մեր Անահիտը վերադարձնել իր հայրենիքը… կամ, նուազագոյն պարագային, անոր վերարտադրութիւնը:
Ինչպիսի մեծ ու շնորհակալ գործ կատարած կ՛ըլլան մարդիկ: