Խմբագրական
Թանկագին Ժառանգ
Երեք հարիւր տարի առաջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սպասարկու վարդապետ մը հեռաւոր Ամսթերտամի մէջ լոյս կ՛ընծայէր առաջին հայերէն տպագիր Աստուածաշունչը:
Հարազատ շառաւիղէն` այն միւս վարդապետին, որ իր սրբազան տեսիլքով, դարեր առաջ, գիրերու գիւտով կը նետէր հիմերը հայ ժողովուրդին անմահութեան, Ոսկան վարդապետ նոր նուաճում մը կը կատարէր յանուն հայութեան, անոր մշակութային անկախութեան եւ իբրեւ ինքնուրոյն ժողովուրդ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին:
Հայ տպագրութեան երախտարժան վաստակաւորը, երբ 1666 թուականին սկաւ տպագրութեան եւ, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու, աննկուն կամքով փարեցաւ գործին` զայն աւարտելու համար երկու տարի ետք, ունէր խոր գիտակցութիւնը իր նուիրական առաքելութեան, գիտէր, որ կ՛աշխատի դարերուն համար, ժողովուրդին համար եւ` անոր բարձր մշակոյթին, որ բազմութիւններու մտքին ու հոգիին խօսելու համար պէտք ունէր տպագրութեան հրաշքին:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան թուականներ, որոնք ոսկի տառերով կը գրուին անոնց պատմութեան էջերուն վրայ, կը կազմեն անկիւնադարձ, կը բանան դարագլուխ եւ իրենց խոր ազդեցութիւնը կը թողուն հետագայ դարերուն վրայ: Աստուածաշունչ մատեանի առաջին հայերէն տպագրութեան թուականը անոնցմէ մէկն է` մշակութային տեսակէտէն:
Այսօր, երբ հայերէն գիրերով գիրք ու թերթը կը մտնէ ամէն օր մեր տուները, մաս կը կազմէ մեր առօրեային, մենք ինքնաբերաբար հաղորդուած կ՛ըլլանք մեր մշակոյթին հետ, անով կը հարստանանք ու կը հարստացնենք մեր հոգին, կը լեցնենք մեր միտքը: Անոնք, որոնք զրկուած են հոգեկան այդ հաճոյքէն, չեն հասկնար, չեն ըմբռներ, թէ որքա՜ն մեծ է իրենց զրկանքը, որքա՜ն դուրս կ՛ապրին իրենց ժողովուրդէն, իրենց բնական միջավայրէն, չունին հաւաքականութեան մը մաս կազմելու անբաւ երանութիւնը:
Հոլանտայի հեռաւոր ափերուն վրայ իր աչքին լոյսը սպառող վարդապետին յիշատակը յարգելու մէկ ձեւ կայ. տարածել հայ գիրքը, քաջալերել տպագրական ձեռնարկները, հանապազօրեայ հաց դարձնել ինչ որ տիպ է ու տառ, որպէսզի անվերջ դառնայ մամուլը` հոգեկան առատ սնունդ պարգեւելով: Այս մարզին մէջ, շատ ետ մնացած ենք ուրիշներէն, երբ այլ մարզերու մէջ այնքա՜ն նախանձախնդիր ենք մեր առաջնութեան:
Աստուածաշունչ մատեանի առաջին տպագրութեան 300-ամեակը պէտք է առիթ ըլլայ, որպէսզի ընդհանուր արշաւ մը սկսի մեր ժողովուրդին մէջ` դէպի գիրքը եւ այն բոլոր ազնիւ բաները, որոնք միայն գիրքով, միայն գրականութեամբ, մշակութային արժէքներով կը փոխանցուին մեզի:
Հարուստ մշակոյթ ունենալը բաւական չէ: Պէտք է արժանի դառնալ անոր, որպէսզի իւրաքանչիւր սերունդ իր բաժինը աւելցնէ, իր նպաստը բերէ այդ անսպառ գանձարանին:
Դաւաճանութեան համազօր յանցանք պիտի ըլլար մսխել այն, ինչ որ մեր նախորդները ժառանգ ձգած են, ինչ որ մեր ժողովուրդին հոգեկան հարստութիւնը տուած է մեզի, ինչ որ եղած է մեծութիւնը մեր փոքր ածուին:
Մեր սերունդը այդ յանցանքը պիտի չգործէ, այդ դաւաճանութեան մէջ պիտի չգտնուի: Ընդհակառա՛կն, հայութեամբ սնանիլը, հայութեամբ յագենալը պիտի նկատէ իր հիմնական պարտականութիւնը:
Պատմութեան եւ իր խիղճին առջեւ:
Մե՛ր Աստուածաշունչը
Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութիւնը իրագործած Ոսկան Երեւանցիին յիշատակին առջեւ, այս օրերուն հայ մամուլը կը յորդի երախտագէտ զեղումներով:
Երեք հարիւր տարի առաջ: Ամսթերտամ քաղաք: Շօշափելի իրականութիւն: Ներշնչող հեքիաթ:
Դէպքեր ու երեւոյթներ կան մեր կեանքին մէջ, որոնց դիմաց դժուար է ճշդել իրականութեան ու հեքիաթին սահմանները: Շօշափելի իրականութիւնը մէկէն կը ստանայ հեքիաթի հմայք մը:
Հեքիաթային կը թուի, օրինակ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ այս պարզ վարդապետին գործը եւ ուրիշ հերոսներու լուսապսակէն նուազ փայլուն չէ իրը:
Ոսկան վարդապետի օրերուն նորէն պայծառ չէր հայ իրականութիւնը: Այս անգամ շահապասեան մրրիկը անցած էր մեր երկրէն, եւ դուրսի ու ներսի մարդակերները դարձեալ տարածած էին իրենց մռայլ շուքը մեր գոյութեան վրայ: Հակազդեցութեան պէտք կար նորէն, ու նորէն գտնուեցաւ լուսամիտ կաթողիկոս մը, նորէ՛ն գտնուեցաւ տեսլահար վարդապետ մը, որ ուխտագնացութեան ելաւ, զօրութիւն բերելու համար ծովեր կտրեց, ու այս անգամ ու իր միջոցով հեռաւոր Ամսթերտամէն եկաւ լոյսը: Իր տեսլիքին, երկունքին ու յամառութեան շնորհիւ` ունեցանք տպագիր Աստուածաշունչ, այսինքն` ճամբորդող, ծաւալող լոյս, ամէնուր թափանցող խորունկ խօսք, հայ գիր, հայերէն բառ, հայ գիրին ու բառին հետ կապուած մեծութիւններու նոր զարթօնք` Լուսաւորիչ. Մեսրոպ, Հայաստանի յայտնութիւն, յամառութեան մեր ուխտը կրկնելու նոր առիթ:
Որովհետեւ Արարատեան աշխարհի մէջ մուտք գործելէ ու Մեսրոպի մատներուն օրհնութիւնը ստանալէ ետք, Աստուածաշունչը Աստուծոյ շունչը միայն փոխանցող գիրք չէ՛ր մեզի համար, միայն Աստուծոյ շո՛ւնչ չէր այլեւս, փոխանցուած էր անոր ուրիշ շունչ, հայութեա՛ն շունչ, հեռուներէն եկած նոր անհատականութիւն մը:
«Ժամանակին շունչը» դարձած վարդապետ մը գիր ստեղծեց: «Ժամանակին շունչը» դարձած ուրիշ վարդապետ մը հայերէնի վերածեց գիրքերու գիրքը, «ժամանակի շունչը» դարձած երրորդ վարդապետ մը տպագիր դարձուց գիրքը: Ու բոլորին ալ մթնոլորտը հեքիաթային է, նորէն` մութ ժամանակ, դաժան մարդեր ու յանկարծ տեսիլք, երկունք, լոյս, ցեղին տագնապը զգացող մարդ մը, հերոս մը, ճգնաւոր մը, բանաստեղծ մը, որոնց գործերը իրարու վրայ գումարելով` մենք կազմեցինք մեր վարդապետութիւնը, որ հայութիւն կը կոչուի:
Պ. Ս.