Մինչեւ Վերջնական Յաղթանակ
Եօթանասունվեց երկարաձիգ տարիներու բեղուն ու հարուստ վաստակով բեռնաւոր` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր հպարտօրէն, բարձր ճակատով կը ներկայանայ հայ ժողովուրդին առջեւ, որուն ծոցէն է ծնած եւ որուն ազգային-քաղաքական բաղձանքներուն հարազատ արտայայտիչը, անոր արդար դատին հաւատարիմ ու մշտարթուն պահակն է եղած:
Երէկ երկրին մէջ իր սրբազան դրօշակին տակ անհամար անձնազոհ, հայրենասէր մարտիկներ լեռ բարձրանալով կռուած են անարգ թշնամիին դէմ եւ իրենց կարմիր արիւնը թափած` ազատութեան ճանապարհին վրայ:
Հայութեան լաւագոյն մտաւորականները հարիւրներով բոլորուած ՀՅ Դաշնակցութեան շուրջ, անոր բարձր ու վսեմ գաղափարաբանութեան քարոզիչներն են եղած:
Իտէալ մը, գաղափարական մըն են տուած դարերով ստրկութեան մէջ ապրող, օտար բռնակալներու առջեւ գլուխ ծռող եւ ծունկի եկող ժողովուրդին:
Սորվեցուցած են անոր, որ «միայն զէնքով կայ հայուն փրկութիւն»:
Յեղափոխութեան սերմերը ցանած են անոր հոգիին մէջ:
Ազատութեան, անկախութեան, ազգային, սեփական հայրենիքի սէրը ներշնչած են անոր:
Պատրաստած են յեղափոխական սերունդ մը, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժբախտ օրերուն, ճակատագրական ու բախտորոշ պահու մը զէնքը ձեռին ռազմաճակատ նետուեցաւ Արարատեան դաշտին մէջ եւ իր վրիժառու բազուկով թշնամիին պարտադրեց Հայաստանի անկախութիւնը:
Դաշնակցութեան թագն ու պսակը, գերագոյն վարձատրութիւնը եղաւ այդ: Մինակ չէր ինքը: Հայութեան բոլոր հոսանքները, միեւնոյն գաղափարականով հաղորդուած, իր կողքին էին վճռական րոպէին:
Դաշնակցութիւնը քաոսէն ստեղծեց անկախ պետականութիւն: Աւերակները, համաճարակները, անթիւ անհամար որբերն ու այրիները, համատարած անօթութիւնն ու թշուառութիւնը արգելք չեղան իր խոյանքին:
«Միացեալ»-էն առաջ «միաձոյլ»-ը եղաւ իր գլխաւոր նպատակը: Մաքրագործեց հայրենի երկիրը օտար, թշնամի տարրերէ, որոնք կը սպառնային իր գոյութեան:
Արտաքին ճակատի վրայ, դիւանագիտութեան ճամբով նուիրագործել տուաւ «անկախ» եւ «միացեալ» Հայաստանի գերագոյն նպատակը` իբրեւ արդար իրաւունքը հայութեան, իբրեւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան գինը:
Այդպէս էր երէկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկրին մէջ:
Այսօր, տարագրութեան մէջ, անիկա իբրեւ արթուն պահակ կանգնած է ցիրուցան հայութեան կողքին` չորսուկէս տասնեակ տարիներէ ի վեր, միշտ հաւատարիմ իր «հաւատոյ հանգանակ»-ին:
Իր բեմով, իր մամուլով, իր դպրոցներով, իր կուսակցական, երիտասարդական, կնոջական, մարզական, բարեսիրական ու մշակութային կազմակերպութիւններով ան նուիրուած է ազգապահպանման սրբազան գործին:
Իր անվերապահ գուրգուրանքին առարկան են` հայ լեզուն, գրականութիւնը, արուեստը, հայ դպրոցն ու հայ մշակոյթը:
Այս բոլորին հետ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը` հետեւողական 76 տարի առաջ գծած իր ծրագրին, կը շարունակէ մնալ աննկուն պաշտպանը Հայ դատին` առանց ընկրկելու, առանց վհատելու, առանց կանգ առնելու զոհողութեանց առջեւ, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
«ՅԱՌԱՋ»
Ո՞վ Է Մեղաւոր
Երբ Աշակերտը Տուն Կը Ղրկուի
Կը պատահի, դժբախտաբար կը պատահի, որ աշակերտ մը ղրկուի տուն` դրամի համար: Դժուար չէ երեւակայել, թէ ի՛նչ փոթորիկ կը պայթի, երբ աշակերտը կը ղրկուի տուն:
Ծնողներ խորապէս կը վիրաւորուին: Ամօթով կը մնան դուռ-դրացիի մօտ: Իրենց զաւկին աչքին կը կորսնցնեն մեծ բան: Ու բարկութիւնը կը սկսի աւելնալ, բազմապատկուիլ: Մեղադրանքները կը շարուին, երբեմն` կոպիտ:
– Ազգ էք. կը գրէք, կը պահանջէք, որ ազգային վարժարան ղրկենք մեր զաւակները, սակայն ազգային մօտեցում չունիք: Ճի՞շդ կը գտնէք այսպէս վարուիլ մեր զաւակներուն հետ: Դուք մեզ չէ՞ք ճանչնար: Երբեք դպրոցի դրամը կերե՞ր ենք: Անգամ մը նայեցէք ձեր տետրակներուն: Այսքան տարիէ ի վեր մեր զաւակները հոս կու գան: Մէկ ղուրուշ տալիք ունի՞նք: Նո՞ր ելաւ այս օրէնքը: Չի՞ պատահիր, որ մարդ պատրաստ դրամ չունենայ: Ասոր համար պէտք է դպրոցը մեզ խայտառակէ՞: Ճանը՛մ, եթէ այս այսպէս պիտի շարունակուի, բոլոր պզտիկներս կը քաշեմ դպրոցէն, հիմակուընէ…
Երբ հարց կը տրուի տուն ղրկողին, ան ալ կը բացատրէ այսպէս.
– Կրթաթոշակներու վճարումները կ՛ըլլան երեք անգամով: Դժուարութիւն ունեցողներուն համար նոյնիսկ ամսական վճարում ընելու դիւրութիւն տուած ենք: Սակայն մեր ծնողներէն ոմանք ՎՃԱՐԵԼՈՒ իրենց պարտաւորութիւնը կ՛անգիտանան: Կը մոռնան, որ հարցը միայն վճարելու-չվճարելու խնդիր չէ, այլ մանաւանդ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ օրէնքը յարգելն է: Ուշացումները կը խախտեն դպրոցավառութեան հիմքը: Այսինքն` կարգապահութիւնը: Նամակով, շրջաբերականով, վերջնագրով, ժամանակէն շա՜տ առաջ լուր կու տանք: Ու երբ մեր արդար պահանջները օրին գոհացում չեն գտներ, այդ կ՛ազդէ աշակերտին` դպրոցի նկատմամբ ունեցած պատկառանքին վրայ:
Վերջին հաշուով, գլխաւոր կապը դպրոցին ու տան` աշակերտն է: Նոյն աշակերտը երբ կը տեսնէ, որ դպրոցին կողմէ որոշուած օրէնքները չեն գործադրուիր ծնողքին իսկ կողմէ, աշակերտը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ նաեւ իր պարտաւորութիւններուն մէջ թերանալ:
Մեզի համար ալ ծանր է աշակերտ մը դրամի համար տուն ղրկել. սակայն օրէնքի կիրարկումը մեզ կը պարտադրէ այդ միջոցառումին դիմել, երբ կը սպառին յիշեցումի բոլոր ձեւերը:
Անոնք, որոնք կ՛ըսեն, որ ԱԶԳ էք, կը մոռնան, որ ազգ ենք իրենցմով, իրարմով:
Արդարեւ, աշակերտին համար ահաւոր է տուն ղրկուիլ, մանաւանդ` դրամի համար: Ո՞վ է մեղաւոր սա տխուր երթին համար: Ծնո՞ղքը, թէ՞ դպրոցը: Կա՞յ արդեօք այլ կերպ մը` օրէնքը կիրարկելու:
Կը կարծենք, որ հաստատութիւնները չէ, որ պիտի յարմարին անհատներուն: Այս պարագային, ծնողնե՛րն են, որ բացառիկ ճիգ պիտի ընեն` ներդաշնակուելու վարժարաններու օրէնքներուն, որոնք, վերջին հաշուով, շատ ալ ծանր չեն, բաղդատաբար օտար վարժարաններու վճարումներուն: Այս գիտակցութիւնը մեծ նպաստ մը պիտի ըլլայ մեր կրթական հաստատութիւններուն մնայուն վերելքին եւ պիտի խնայէ մանաւանդ… աշակերտը:
ԱՍԻԱՑԻ