Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 27, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժխտական Տիպարներ

Այս անունին տակ կը հասկնանք մարդիկ, որոնք կրնան դրական աշխատանք մը կատարել, բայց ներհակ խառնուածքով անձերու կողքին, փոխանակ շինիչ գործ մը կատարելու, կը դառնան ընդդիմադիր ու կ՛անցնեն իրենց ժողովները վէճերով:

Ժխտական կամ բացասական ուժերը հաւաքականութեան մէջ ամլութեան մատնուած ուժեր են:

Նուիրեալ եւ նուազ պատրաստութեամբ, բայց զիրար յարգող եւ գործին սրբութեան նախանձախնդրութիւնը ունեցող ուժեր յաճախ աւելի դրական գործեր կը տեսնեն, քան` զիրար չէզոքացնող անձերէ բաղկացած մարմիններ, որոնք սանդին մէջ ջուր դրած` կը ծեծեն:

Իւրաքանչիւր անդամ, որ մարմինի մը կը մասնակցի, պէտք է աշխատի ոչ թէ իր անհատական նախասիրութիւնները եւ ծրագիրները իրականացած տեսնելու, այլ` զիրենք պաշտօնի կոչող հաւաքականութեան առաջադրութիւնները եւ ծրագիրները իրականացնելու:

Հաւաքականութեանց կողմէ ընտրուած մարմիններ պէտք է աշխատին հաւաքականութեան բաղձանքներուն եւ առաջադրութիւններուն իրացման համար:

Լաւ ժողովավարութիւնը որոճուած օրակարգի մը շուրջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան կը պարտի բեղմնաւոր իր եզրակացութիւնները:

Եթէ մեր շատ մը մարմինները մերթ ամուլ եւ անբեղմնաւոր նստաշրջաններ կը բոլորեն, պատճառը այն է, որ խառնիճաղանճ ժողովներու ընթացքին թոյլ կը տրուի, որ բացասական դէմքեր իրենց ձին վազցնեն ասպարէզին մէջ:

Փնտռել, գտնել եւ իրարու մօտ բերել հաւասարակշռուած, լայնախոհ եւ զոհաբերութեան ընդունակ ժողովականներ` բացառիկ բախտաւորութիւն մըն է համայնքներու, ընկերակցութիւններու եւ միութիւններու համար:

Հոն ուր յաջողած են ընել այդպէս, դրական եւ խօսուն գործերը դարձած են ակներեւ:

Ուր բացակայած է այդ ներդաշնակութիւնը, գործած է անսանձ բացասական ոգին` ժխտական տարրերու:

Ահա թէ ինչո՛ւ ներելի է ընտրապայքարներէ առաջ ամէն քարոզչութիւն, լուսաբանութիւն, փոխադարձ զիջողութիւն եւ հասկացողութիւն` ներդաշնակ եւ նուիրեալ անձեր գործի գլուխը տեսնելու նախանձախնդրութեամբ:

Ներդաշնակ ուժերով կազմուած մարմիններն են, որ կու տան բեղմնաւոր գործ, որուն պէտք ունի համայնք մը, ընկերութիւն մը կամ միութիւն մը` ծրագրով նախատեսած իր առաջադրութիւնները կեանքի մէջ իրականացած տեսնելու համար:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

 

Լոյս, Ճշմարտութիւն, Արդարութիւն Եւ
Ազատութիւն

Գերագոյն Լոյսը, Ճշմարտութիւնը, Արդարութիւնը եւ Ազատութիւնը որոնողներն եղան Հայկը, հայկայ զաւակներն ու թոռները:

Գերագոյն Լոյսի, Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Ազատութեան ստեղծագործն ու հայացնողն եղաւ ազգն հայոց` Նայիրեան:

Գերագոյն Լոյսի, Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Ազատութեան մարտնչող պահապանն եղաւ ազգն հայոց` Այրարատեան:

Գերագոյն Լոյսի, Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Ազատութեան Մեծ խաչեալն եղաւ ազգն հայոց հինաւուրց:

Գերագոյն Լոյսի, ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Ազատութեան ջահակիր-տարածողն եղաւ ազգն հայոց` անյուսահատ ու միշտ մարտնչող:

Գերագոյն Լոյսի, Ճշմարտութեան,  Արդարութեան եւ Ազատութեան ստեղծագործական պատուանդաններից դէպի պատուանդաններ սլացողն եղաւ ազգն հայոց` Արմենական:

Բոլոր ժամանակներում, բոլոր տեսակի կեցութիւնների մէջ եւ բոլոր պայմաններում Գերագոյն Լոյսի, Ճշմարտութեան, Արդարութեան եւ Ազատութեան ստեղծագործական պատուանդաններից չիջնողն եղաւ ազգն հայոց` մշտնջենական եւ յաւիտենական:

Ահա՛ ազգն հայոց` իր հաւատոյ հանգանակով եւ իր առաքելութեամբ իր պատմութեան եւ իր գերագոյն մաքառումների ընդմէջէն:

Գերագոյն Լոյս, գերագոյն Ճշմարտութիւն, գերագոյն Արդարութիւն եւ գերագոյն Ազատութիւն` ահա՛ էութիւնը հայոց ազգի, ահա՛ նրա տենչանքներն ու ձգտումները, ահա՛ նրա ազգային կեանքի ու պատմութեան լուսատու առաջնորդ-գաղափարները:

Հայ ժողովուդը երախտապարտ է` հանդէպ իր այն բոլոր զաւակների, որոնք հայութիւնը առաջնորդեցին դէպի հոգեկան, մտաւոր ու բարոյական սլացքների, հաստատելով հայ մշակոյթի բարձր ու ամրակուռ պատուանդանները:

«ԱԼԻՔ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Անուշ Ասլիբեկեան-Արծրունի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?