Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 29, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Ժամանակը Եկած Է

Արտասահմանեան մամուլը վերջերս արձագանգ հանդիսացաւ յուսադրիչ զրոյցներու` հայ ժողովուրդէն խլուած եւ Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայապատկան հողերու եւ մասնաւորաբար Ղարաբաղի հարցին կարգադրութեան մասին:

Երեւանէն մինչեւ հոս եւ հայկական սփիւռքի չորս ծագերուն վրայ Ղարաբաղի վերադարձը ամիսներու, նոյնիսկ օրերու խնդիր նկատուեցաւ: Վերջերս հայրենիք այցելող ճամբորդներ եւս վերադարձան խրախուսիչ լուրերով: Բայց այս անգամ ալ սպասումը եղաւ զուր, գոնէ մինչեւ հիմա: Պաշտօնական Երեւանը եւ պաշտօնական Մոսկուան լուռ մնացին եւ կը շարունակեն լուռ մնալ Հայաստանի եւ հայութեան համար շատ կենսական այս խնդրին մասին հակառակ իբր թէ տրուած խոստումներուն եւ հաւաստիքներուն:

Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, հոգեբանական բոլոր տուեալները ստեղծուած են Ղարաբաղի պարագային: Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնած է իր պատմական իրաւունքները արժեցնելու համար: Դրացի ու եղբայրակա՜ն Ազրպէյճանը, որ տասնամեակներէ ի վեր անարդարօրէն նստած է մեր հողերուն վրայ, շատ լաւ գիտէ, թէ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի վերադարձուին իրենց իրաւատիրոջ, բայց անշուշտ` ոչ իր կամքով, հակառակ իր կամքին: Անծանօթ կը մնայ միայն Մոսկուայի դիրքը, որմէ կախում ունի գործողութեան յաջողութիւնը:

Մոսկուա լուռ է եւ այդ լռութեան տակ կը ծածկուի հին չկամութիւն մը, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ի վեր միշտ վնասակար եղած է հայ ժողովուրդին եւ անոր դատին` թէ՛ Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող հողերուն եւ թէ՛ դրացի հանրապետութիւններուն նուիրուած շրջաններուն կապակցութեամբ:

Եթէ պետական զանազան հաշիւներով, որոնց մէջ լայն տեղ կը գտնէ Թուրքիոյ բարեկամութիւնը ապահովելու մտահոգութիւնը, Քրեմլին չ՛ուզեր պահանջներ ներկայացնել Անգարայի, կրնայ սակայն հայ ժողովուրդին հանդէպ արդար ըլլալ` իր իրաւասութեան մէջ գտնուող հարցի մը առնչութեամբ: Արդար չեղաւ մինչեւ հիմա, երբ թուրքեւխորհրդային բարեկամութեան զոհեց Կարսն ու Արտահանը: Արդար չեղաւ, երբ Թուրքիոյ պահանջով Նախիջեւանը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ տրուեցաւ Ազրպէյճանին: Արդար չեղաւ, երբ, հակառակ աշխարհագրական եւ պատմական բոլոր տուեալներուն, Ղարաբաղը նուիրեց Ազրպէյճանին: Անարդարութիւններու այս ամբողջական գումարը` ժողովուրդի մը հանդէպ` որ դարեր շարունակ Ռուսիոյ բարեկամութիւնը փնտռեց եւ միայն յուսախաբութիւն եւ դառնութիւն քաղեց:

Ժամանակը եկած է այլեւս արդարութեան գերագոյն գործ մը կատարելու: Ժամանակը եկած է հայ ժողովուրդին վերադարձնելու իր պատմական հողերը: Խոստումներու հաւատացող չկայ, գործնական քայլերու կը սպասուի, յատկապէս` Ղարաբաղի պարագային, ուր բնակչութեան ջախջախիչ տոկոսը հայ է եւ սրտով, արիւնով, մշակոյթով ու քաղաքական իտէալներով կապուած է մայր հայրենիքին: Երբեք չէ դադրած ինքզինք անոր անբաժան մասնիկը նկատելէ` հակառակ բոլոր սեղմումներուն եւ համայնավար քարոզչութեան, թէ` եղբայր են Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդները, եւ անոնց միջեւ հողային խնդիր չի կրնար ըլլալ:

Արտասահմանի մէջ վէճ եւս չկայ այս մասին: Բոլորն ալ, բացի հոգիով վատասերածներէն եւ անբուժելի ստրուկներէն, որոնք տակաւին կը շարունակեն Մարքս ու Լենին գեղգեղել, կարելի չէ գտնել հայ մը, որ պահանջատէր չներկայանայ:

Հետեւաբար, երբ այսօր Ղարաբաղի հարցը սեղանի վրայ կու գայ շատ հրատապ կերպով, ամբողջ հայութիւնն է որ կանգնած է այդ պահանջին ետին եւ ակնդէտ կը սպասէ արդար լուծումի մը:

Հնարաւորութեանց մասին մտածելը պետութեան պարտականութիւնն է:

Մոսկուայի պարտականութիւնը:

 

Հայաստանի Աղբիւրները

Սառնորակ ու յորդահոս աղբիւրներ շատ կան Հայաստանի մէջ: Արագածը անուշահամ, զանգակ աղբիւրներու հայրենիքն է: Անոր լանջերէն կը բխին 324 ստորերկրեայ աղբիւրներ, որոնք յառաջացուցած են Մեծամօր կամ Այղր լիճը:

Ապարանի, Ամբերդի եւ Մանթաշի ձորերուն մէջ զանգակ աղբիւրներ շատ կան, որոնք կու գան Արագածի գագաթներէն: Արագածի ծնունդ են Շղարշիկ, Ոսկեթաս, Կոշ, Ահագչի գիւղերու հռչակաւոր աղբիւրները, որոնցմով իրաւամբ կը հպարտանան տեղւոյն բնակիչները:

Հայաստանի իւրաքանչիւր շրջանը ունի իր նշանաւոր աղբիւրները:

Աշխարհի մէջ շատ քիչ կարելի է գտնել Երեւանի սառնորակը, առողջարար ջուրերէն: Սկիզբ կ՛առնեն Էլառի շրջակայքի քառասուն աղբիւրներէն: 60 տարիէ ի վեր անոնք հիանալի ջուր կը մատակարարեն Երեւանին: Սակայն այս յորդառատ աղբիւրները ներկայիս չեն բաւարարեր քաղաքի բնակչութեան եւ արդիւնաբերութեան պահանջները, ատոր համար ալ Երեւանի արուարձաններն ու արդիւնաբերական շատ ձեռնարկութիւնները կ՛օգտագործեն նաեւ Արզնիի խմելու ջուրը:

Դարաւոր պատմութիւն ունին Ձորաղբիւրի, Ողջաբերդի, Սանահինի, Գառնիի եւ Գեղարդի սքանչելի աղբիւրները:

Ծաղկաձորի, Ջրառատի (Ռնդամալ) կաթնաղբիւրներու ջուրերը կը բխին Ալեբեկ լերան բարձրաւանդակէն: Վանաձորի, Վարդաբլուրի, Կամօ քաղաքի, Գետաշէնի եւ Ակունքի սառնորակ ու վճիտ ջուրերը եւս առատ են ու առողջարար: Հայաստանի մէջ կան 10 հազարէ աւելի անուշահամ աղբիւրներ:

Հայաստանի բնութիւնը հարուստ է նաեւ բազմաթիւ այլ հանքային աղբիւրներով:

Արզնին դարձած է Հայաստանի նշանաւոր առողջարաններէն մէկը, որովհետեւ անոր հանքային ջուրերը իրենց քիմիական բաղադրութեամբ կը դասուին հիտրոքարպոնաթային ջուրերու առաջին կարգի վրայ:

Դիլիջանէն մօտ 5 քիլոմեթր հեռու գտնուող Բլդան-Չայի գետի կիրճին մէջ գտնուող հանքային աղբիւրներու ջուրերը, «Դիլիջան» մակագրութեամբ, շիշերով կը վաճառուին Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ:

Սեւան գիւղի մէջ նոյնպէս կան հանքային աղբիւրներ, որոնց ջուրերը տարածուած են ամէնուրեք:

Հանքային յորդահոս բազմաթիւ աղբիւրներ կան Արարատ աւանի եւ Սարի-Բուլաղ լերան հարաւային լանջին մէջ, Վեդի գետի վտակի ափերուն:

Արարատի հանքային ջուրերով կը բուժուին յօդացաւէ տառապողները:

Զարգացման լայն հեռանկար ունի Հանքաւանը, որ մօտիկ ապագային պիտի դառնայ լաւագոյն բուժիչ հանգստավայրերէն մէկը: Այստեղի հանքային աղբիւրները լրիւ ուսումնասիրուած են կը համարուին բարձրորակ հանքային ջուրեր:

Հրազդան գետի ափին, Աւազան գիւղի մօտ կը գտնուին Կենսալիի հանքային ջուրերը, որոնք կը կոչուին Սալամաթ:

Հանքային ջուրերու առատ աղբիւրներ կան Սիսիանի շրջանի Բազարչայ, Մարտունի շրջանի Լիճք, Գորիսի շրջանի Քարաշէն, Քարահունջ, Տաթեւ, Ստեփանաւանի շրջանի Կաթնաղբիւր, Յազդան գիւղերու մէջ, ինչպէս նաեւ` Դուինի, Աղինի, Մեղրիիի եւ Մատունիի մէջ:

Հայաստանի մէջ կան տարբեր բաղադրութեան աւելի քան 400 հանքային աղբիւրներ, որոնք կը կազմեն Հայաստանի բնութեան հարստութիւնը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գրիչի Փոխարէն` Վիտէօ-Խաղի Գործիք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?