Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1966)

Հոկտեմբեր 28, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութ Արդիական Քաղաք Մը
Պիտի Ըլլայ

Վերջերս ժողով մը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ` նախագահութեամբ Շարլ Հելուի եւ մասնակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի, հանրապետութեան նախագահութեան թեքնիք խորհրդական պր. Ֆուատ Պըզրիի, Պէյրութ քաղաքի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի անդամ Էլի Շայայի (նախագահ), Խոսրով Երամեանի եւ Անիս Շաարի: Խորհուրդի տնօրէն Նուրէտտին Ղազիրիի եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարագէտ պրն. Ժորժ Ռիաշիի:

Այս ժողովին ընթացքին քննուեցաւ Պէյրութ քաղաքին ընդհանուր վիճակը: Ապա քննուեցան Պէյրութի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` գործադրութեան մէջ եղող ծրագիրները:

Նախագահը պահանջեց, որ գործադրուի նաեւ Սահելի կոյուղիներու շինութեան ծրագիրը:

Այլ խնդիրներ եւս ուսումնասիրուեցան, յատկապէս` Պէյրութ քաղաքին համար ընդհանուր ծրագրի մը մշակումը, Ղալղուլի եւ Պուրճի հրապարակին արեւելեան մասին քաղաքաշինական նորոգութեան ծրագիրը, Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ այլ ինքնավար գրասենեակներու աշխատանքներուն համակարգումը եւ Պէյրութի կոյուղիներու ցանցին արդիականացումը:

Ժողովէն ետք Ժեմայել յայտարարեց, որ պատասխանատուները որոշած են իրագործել այնպիսի ծրագիրներ, որ Պէյրութ դառնայ արդիական քաղաք մը: Նախարարը աւելցուց. «Ֆուատ Շեհապ պողոտային կամուրջը բացարձակ անհրաժեշտութիւն մըն է»:

Ստորեւ կու տանք ցանկը այն ծրագիրներուն, որոնք ուսումնասիրուեցան ժողովի ընթացքին.

Աւարտած ծրագիրներ. Պըշարա Խուրի պողոտայ, (սպանդանոց) Շարլ Հելու պողոտայ (նաւահանգիստի փողոցէն մինչեւ Պիպլոս հրապարակ), Ֆուատ Շեհապ պողոտայ (Թապարիսէն մինչեւ Քանթարի փողոց), Մըտաուարի, Րըմէյլի եւ Պուրժ Ապի-Հայտարի հանրային պարտէզները:

Գործադրութեան մէջ եղող ծրագիրներ.- Մուսայթպէի հանրային պարտէզը, Պըշարա Խուրի-Պասթա միացումը, Արզ՛է Մեթիէ-Իւնեսքօ միացումը, Հարաւ-Արեւմուտք առանցքին մեծ մասը, զանազան ցցուածքներ, Լիոն փողոցին շարունակումը, Ղալղուլի եւ Պուրճի արեւելեան մասին ուսումնասիրութիւնը:

Ծրագիրներ, որոնք նուազուրդի պիտի դրուին տարեվերջէն առաջ.- Սիուֆիի հանրային պարտէզը, Շոճիներու անտառին բարեզարդումը, Արդարութեան պալատին եւ Թայունէի բոլորակէտին միացումը, Արդարութեան պալատին եւ Ֆրըն Շըպէքի միացումը, չորս դարմանատուն, Ատիպ Իսհակ եւ Դամասկոս փողոցներուն միացումը, Սահելի կոյուղիներու ծրագրին ուսումնասիրութիւնը, Արեւելեան մուտքին ինքնաշարժներու կայարանը, արեւելեան մուտքին կամուրջը:

Ծրագիրներ, որոնք նուազուրդի պիտի դրուին յառաջիկայ տարուան սկիզբը.- Ֆուատ Շեհապ պողոտային կամուրջը, Սահէլի կոյուղիները, Քանթարի-Սուր փողոցին միացումը, անցորդներու յատուկ օդային եւ ստորերկրեայ 9 կամուրջներ:

 

Հայ Կնոջ Դերը

Մեր Ազատագրական Պայքարին Մէջ

 

Հազա՛ր երանի անոնց, որոնք բախտը պիտի ունենան տեսնելու դրօշակիր հայ կինը` ազատ հայրենիքի մէջ:

Ոչ մէկ ազգի իգական սեռ տառապած է ընկերային, ընտանեկան, քաղաքական եւ ազգային կեանքի մէջ այն չափով, որքան` հայ կինը: Մանաւանդ Համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ կնոջ տառապանքը գագաթնակէտին հասաւ, երբ թուրք բորենի ազգը իր ոճրային ծրագրով ուզեց հայութեան վերջ տալ: Հայուն ողբերգութիւնը մասամբ ծանօթ է, բայց այդ ողբերգութեան իրական եւ լրիւ պատմութիւնը դեռ գրուած չէ:

Հայ կնոջ պատմական առաքելութիւնը ծանօթ է մեզի. անոր փափուկ հոգին եւ սիրտը յաճախ դարձած են պողպատէն կարծր, երբ նշմարած է իր ազգի պատուին ու գոյութեան սպառնացող վտանգը:

Հակառակ իր կաշկանդուած պայմաններուն` իր արիւը թափած է մեր բոլոր հերոսամարտերուն եւ ազատագրական պայքարներուն մէջ: Տառապանքն ու հալածանքը չեն կրցած վերջ տալ անոր ազատ ապրելու բնական ձգտումին: Այս իմաստով, գնահատական որեւէ խօսք չի կրնար հարազատ պատկերը տալ այն կեանքին, զոր հայ կինը ապրած է մայր երկրի թէ գաղթաշխարհի մէջ:

Տակաւին 19-րդ դարու կէսէն գրեթէ ստրուկ կեանք ապրող հայ կինը, այս օրերուն փաստի չի կարօտիր ընկերային կեանքի մէջ իր ձեռք բերած գնահատելի յառաջդիմութիւնը ցոյց տալու համար: Ընտանեկան կեանքի սրբութիւնը մարմնացնող էակը, այրերու արդէն հաւասար, գուցէ քիչ մըն ալ աւելի մասնակից է հանրային կեանքին:

Հայ կնոջ ընկերային եւ հասարակական արժէքը ա՛լ աւելի գնահատելի է այն տեսակէտով, որ հակառակ իր կարճատեւ ազատագրական կեանքին, աւելի դիրք գրաւած է ընկերային կեանքի մէջ, քան` ուրիշներ, որոնք քանի մը դար առաջ ձեռք բերած են իրենց ազատագրութիւնը: Մեր յարգանքը  կը փափաքինք ընծայել բոլոր կիներուն` իրենց մատուցած անժխտելի ծառայութեանց համար: Բայց թող ներեն օտար կիները, որ մենք աւելի շեշտը դնենք հայ կնոջ առաքինութեանց, տնտեսական շինարարութեան, մաքրասիրութեան, անոր տանտիկնութեան վրայ, որուն արժէքը միայն հայ մարդը գիտէ: Կիզիչ անապատներէն ազատագրուած հայ կինը այսօր ոչ միայն դարձած է տիպար մայր, այլեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ անխտիր ընկերային եւ  ազգային բոլոր աշխատանքներուն:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ անոր նուիրումը հայեցի դաստիարակութեան ճերմակ ջարդի դէմ դժուարին պայքարով:

Ան իր զաւկին հայոց պատմութիւնը եւ հայ լեզուն սորվեցնելու համար, ոչ միայն կը զրկուի յաճախ ընկերային եւ առօրեայ հաճոյքներէ, այլեւ իր կեանքին գնով կը լծուի այդ գործին առաւելագոյն յաջողութեան:

Եթէ մենք պիտի կրնանք ժամանակ մը աւելի պահել մեր ինքնութիւնը գաղթաշխարհի մէջ, այդ պիտի ըլլայ հայ մօր տոկունութեամբ, զոհողութեամբ եւ նուիրումով: Անապատի աւազին վրայ Ա.Բ.Գ. գրող հայ մօր տիպարը մեր պայմաններուն մէջ ապրող հայուհիին ժառանգն է, եւ որուն զոհողութիւնը եւ կամեցողութիւնը ամէն կասկածէ զերծ են:

Մեր ապագայ երազներու իրագործման մէջ կարեւոր դեր մը ստանձնողը դարձեալ պիտի ըլլայ հայ կինը: Անոր ծրագիրներն ու տարիներու բեղուն գործունէութիւնը այս ուղղութեամբ գծուած են: Իր հաւատքի խարիսխը ոչ միայն բարեսիրական եւ կրթական է, այլեւ ազատ անկախ հայրենիքն է, ուր միայն ան պիտի ստանայ իր տառապալից կեանքին մրցանակը… Մինչ այդ հայ կինը չի կրնար մոռնալ այն ժառանգը, զոր իրեն ձգեցին մէկուկէս միլիոն նահատակները:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Անցուցի Ամառնային Արձակուրդը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?