«Ես Այդ Շունն Եմ»
(Պօղոս Սնապեան)
Տպարան «Ատլաս»-էն նոր լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» բոցաշունչ հատորը, 104 էջ, ընտիր թուղթի վրայ, գեղատիպ, կողքի նկար` տաղանդաւոր նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի:
Կարդացինք «մէկ շունչով», առանց ընդմիջելու, յափշտակութեամբ: Ու երբ աւարտեցինք, ունեցանք մեծ բաւարարութիւն մը:
Գիրքին սկիզբը կայ մեր վէրքերուն ու հառաչանքներուն ականջալուր եւ անոնց համար հաջած իրական շունի մը սրտագրաւ պատմութիւնը: Այդ շունն է, որ եղած է գրական յղացումին նախապատճառը, գրագէտին գրչին տակ դարձած է խորհրդանիշ եւ եղած «Ես այդ շունն եմ», «Շո՜ւն իմ, իմ գտնուած ձեռագիր, իմ ճշդուած ճակատագիր»:
Հիմա գիրքի վերածուած այս «ձեռագիր»-ին մէջ, սրտազեղ պոռթկումով մը, գրական իրենց լաւագոյն բանաձեւումը գտած են տագնապահար գրագէտին ապրումները:
Հեղինակը` սփիւռքահայ երիտասարդ Պօղոս Սնապեան, գրագէտ-մտաւորական, «Բագին» ամսագրի խմբագիրներէն, «Ես այդ շունն եմ» հատորով կ՛արտայայտէ այն խորագոյն ապրումները, որոնք միայն իրը չե՛ն, նաեւ ապրումներն են գաղափարապաշտ ա՛յն սերունդներուն, որոնք կրեցին տառապանքներուն ամէնէն խստագոյնը, որոնք ենթարկուեցան զրկանքներուն ամէնէն դառնագոյնին, որոնք ճշմարիտ հայրենասէրի իրենց ազատատենչ գաղափարաբանութեան համար զգացին վիրաւորանքը արհամարհանքներուն ամէնէն պժգալիին:
Աւելի՛ն. Սնապեան ամբողջական զեղումով արտայայտիչը դարձած է «հայ վիշտը այս ափերէն երգողներուն, յեղափոխութեան առաքելութիւնը մշակող բուռն մարդոց, այս փառահեղ լոյսերուն մէջ «հայ արտերուն պաղատանքը» խորազգացող, պայքարը երգող կիզուած հոգիներուն, խռովածներուն, վիրաւորուածներուն»:
Տակաւի՛ն. անոնց, որոնց խորագոյն զգացումին լաւագոյն բնորոշումը կու տայ Սնապեան, «Ո՞վ կրնայ մեզմէ լեռ մը դիտել ու չյիշել լեռներուն ամէնէն կախարդը, հողի մը վրայ ոտք դնել ու չդողալ մեր հողերուն կարօտով եւ դրօշակի մը ի տես իր հոգիին մէջ անծածան պահել մեր դրօշակը»:
Դրդապատճա՞ռը այս հատորին: «Վերջին նամակդ, անսպասելին, վերջին վէրքս, անհանգչելին…»:
Քարասունհինգ տարի, եւ դեռ մինչեւ այսօր, այնքան արգահատելի ու մեծագոյն ամօթով շարունակուող մտայնութիւնը, ուր` «մենք, որ դաւաճան ենք անպայման, բութ ենք, մեր սրբութիւնները ասոր անոր վաճառող փերեզակ, անհայրենիք ամբոխ, գնչո՛ւ…»: Տակաւի՛ն. «… հոգեկան հայրենիքի ցնորեալ քաղաքացիներ ենք մենք, իրական հայրենիքին թշնամիներ, դաւաճաններ», ուրկէ եւ` արդարօրէն ընդվզումը գրագէտին. «Մեզ հայրենիքի դաւաճան յորջորջելու դիւրութիւնդ ալեկոծեց արիւնս…», «…ստեղծեց սիրտս պարպելու անհրաժեշտութիւն մը»:
Արդի՞ւնքը: Ա՛յս հատորը` «Ես այդ շունն եմ»: Հայրենասէր ամբոխը, «հայրենիքի դաւաճաններ»-ը իրապէս ճանչցնելու բոցաշունչ խօսքը, բաց թուղթը` Պօղոս Սնապեանի: Բաց թուղթը` նաեւ բոլոր անոնց, որոնք «ի՞նչպէս կրնան կեղծ ըլլալ, հեգնանքիդ ենթակայ ըլլալ այս ափերուն վրայ անքուն ապրող, ապրած տղաքը, որոնք անձնամոռ կեանք մը կ՛ապրէին ու կը շաղախէին իրենց հոգին յանուն հանուրց հայրենիքին»:
«Բայց մարդերը իրենց խորագոյն ապրումներուն մէջ վիրաւորելու այս բիրտ ոճը ո՞վ սորվեցուց ձեզի…»: Մե՛նք, որ «հայրենիքին համար արիւն թափեցինք, աւանդութիւն ստեղծեցինք, կրկներեւոյթը դարձանք հայրենիքին համար կատարուած ողջ սխրագործութիւններուն, ամբողջական ընծայումով մը սիրեցինք, տրուեցանք, լրացանք, այլ հիմա ելեր էք ու անոր թշնամի կը հռչակէք մեզ: Դուք չէ՞ք վախնար այս գրականութիւնը կուտակելու դաւաճան հեռանկարէն»:
«Բայց դուք իրապէս կը ճանչնա՞ք արդեօք մեզ: Մենք հայրենիքին համար ինկող հերոսներուն խնկարկու ամբոխ, հայրենիքի տեսիլքը պայծառակերպող բանաստեղծներու անխոնջ ունկնդիր, հայրենիքին համար սիրտը ճրագ դարձուցած մարդոց անվհատ ուղեկից…»:
Եւ, բնականաբար, ընդվզումին յաջորդող զայրոյթը գրագէտին. «… զայրոյթ կայ մեր ներսը, մենք չենք կրնար գոհունակ սրտով ապրիլ, մինչեւ որ ոստիկանութիւնը մեր սահմաններէն դուրս չգայ եւ ազատութեան ծնուցիչ համբոյրով մարդոց հոգին չվերսկսի իր թեւաւոր ծլարձակումին, մենք չենք կրնար խաղաղութեամբ քուն մտնել»:
Տրամաբանական եզրակացութի՞ւնը: Կը հաւատայ Սնապեան, թէ պիտի գայ ատենը, երբ` «մեր հողերուն վրայ ապրող մարդը օր մը լեզու պիտի ելլէ, պիտի իմանա՛ք, ամբողջ հասակով պիտի կանգնի չարաշահներուն դէմ, պիտի տեսնէ՛ք, ու պոռայ պիտի վիրաւոր հոգիներուն հոգեցունց զայրոյթը», ուր արդէն, «հայրենիքին պարտադրուած կարգերուն վրայ հսկող խոժոռադէմ ոստիկանը եւ հողին բոյրը ծծելով հասակ նետած բանին սպասարկու ընտրեալը իրարու դէմ յանդիման ապրեցան միշտ, առաջին օրէն ի վեր…»:
Այդ զայրոյթին պիտի միանայ նաեւ զայրոյթը «հայրենիքի դաւաճաններուն»: Ո՛չ թէ անոնց դէմ, որոնք բռնակալ կարգի տակ հարկադրուած էին ապրելու «… աղօթելով, տառապելով, գովերգելով, հիւծելով, խնկարկելով, մեռնելով», այլ բոլոր անոնց, որոնք ականատես այդ ահաւոր տառապանքներուն, զրկանքներուն, հալածանքներուն, ապրուած դառնագոյն կեանքին, թափուած անմեղ արիւններուն, խնկարկեցին «հովանաւոր»-ին, մինչեւ անգամ հաճելի դառնալու համար աւելի խորացուցին վէրքը խաչեալներուն: Նաեւ, մանաւանդ, բոլոր այն դուրսիններուն, որոնք ստիպուած չէին ունենալու «սեւ ներշնչումը», որոնք չըմբռնեցին «… մեր հողերուն եւ հոգիներուն սեւ ու կարմիր աւերներ տարածող ահաւորները», գիտակցաբար խորթ մնացին «մեր ցաւատանջ իրականութեան, ապրումներուն, «լուռ ցաւերուն»:
Բոցաշունչ այս հատորին մէջ կայ տակաւին տառապանքը, ողբերգութիւնը սփիւռքահայ գրագէտին: Տառապանքը, ողբերգութիւնը հայրենիք չտեսած, հայրենազուրկ ապրած, հայրենիքի ձգտող, հայրենիքի տեսիլքով տանջուող սփիւռքահայ գաղափարպաշտ սերունդներուն: Բռնակալ լուծի տակ հեծող հայրենի տառապանքին միացած տառապանք մը… ամբողջական տառապանքը հայ ժողովուրդին. «Ես ու դուն նոյն տառապանքը կ՛ապրինք, նոյն տագնապով կը գալարինք, նոյն կարօտով կ՛ապրինք ես ու դուն, ես ու դուն, ե՛ս, դո՛ւն…»:
Ու գաղափարապաշտ հայը, իր կոչումին սպասարկու հայ գրագէտը` Պօղոս Սնապեան, ազատատենչ հայ մարդուն յաճախ ըսած ու կրկնած, առաջին ու վերջին, վճռական, անտեղիտալի խօսքը, գրական գեղեցիկ բանաձեւումով մը անգամ մը եւս կը կրկնէ.
«Գոյութեանս փիլիսոփայութիւնը դո՛ւն ես հիմա, ու մինչեւ պատկերդ չամբողջանայ, չփարատին այն ափէն եկող վէրքերը, այս ափին վրայ կուտակուած մռայլ ամպերը, մինչեւ չառնես երազիս կերպարանքը. միտքս կը մերժէ ուրիշ փիլիսոփայութիւններու աշխատակցիլ»:
Գեղեցիկ ու դիւրասահ լեզուով եւ սքանչելի ոճով գրուած «Ես այդ շունն եմ» հատորը գրական արժէքաւոր գործ մըն է:
Այս հատորը, առանձինն կը բաւէ հաստատելու համար վաւերական խառնուածքը` սփիւռքահայ գրագէտ Պօղոս Սնապեանի:
ՀՐԱԶԴԱՆ