Ակնարկ
Երբ Կը Սիրեն…
«Մենք աւելի կը սիրենք հայերը, մասնաւորաբար` յեղափոխականները, քան` պուլկարներն ու յոյները, որովհետեւ հայերը միւս երկու տարրերէն աւելի քաջ են եւ ազնուասիրտ: Երկերեսութիւն ընել չեն գիտեր: Հաւատարիմ են, երբ բարեկամ են, զօրեղ ու դիմացկուն, երբ թշնամանան»:
Ո՞վ կրնայ հաւատալ, եթէ ըսենք, որ այս տողերուն հեղինակը մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը եւ ջարդը կազմակերպող կառավարութեան մը ծովային նախարարն ու Իթթիհատի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է:
Հաւատանք կամ ոչ, իրականութիւնը այս է, ճերմակի վրայ սեւով գրուած, թուրք երբեմնի զօրավարին յուշերուն մէջ, որոնք վերջերս հրատարակուեցան անոր զաւկին կողմէ, առանձին հատորով մը:
Իրականութիւն է նաեւ, այս անգամ` եղերական, որ Ճեմալ փաշայի հայասիրութիւնը արգելք չեղաւ հայկական սպանդին, ապրիլեան Մեծ եղեռնին, երբ նոյն փաշան, իբրեւ հարաւային բանակներու վերին հրամանատար, կրնար շատ բան փոխել կացութենէն:
Չկրցաւ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` չուզեց, որովհետեւ հայաջինջ սպանդը պատահականութեան հետեւանք չէր, այլ` ծրագրուած, տարիներով որոճացուած քաղաքականութեան մը, պետական որոշումներու, որոնց քով ի՜նչ արժէք կրնար ունենալ Ճեմալին հայասիրութիւնը, ընդունելով պահ մը, որ անկեղծ էր փաշան, երբ գիտենք, թէ թուրքը կեղծաւորութիւնը հասցուցած է արուեստի մակարդակին…
Համակրանքի այս արտայայտութիւնները, գրուած յիսուն-վաթսուն տարի առաջ եւ հրապարակուած` այսօր, պարզապէս կեղծիք կը բուրեն, մանաւանդ չեն կրնար Թուրքիոյ վրայէն ջնջել Մեծ եղեռնին արատը, չեն կրնար մաքրել թուրք մարդասպաններուն արիւնոտ ձեռքերը:
Մենք սիրոյ պէտք չունինք: Մեր փնտռածը արդարութիւնն է:
X
ՀՅԴ 76-Ամեակի Տօնակատարութիւնները
Ֆրանսայի Մէջ
ՀՅ դաշնակցութեան 76-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնակատարուած է Փարիզի, Մարսէյի եւ Կրընոպլի մէջ:
ՓԱՐԻԶԻ Վեցերորդ քաղաքապետարանի հոծ բազմութեամբ լեցուած սրահին մէջ հանդէսին նախագահած է Խաչիկ Մկրտիչեան: Ֆրանսերէն եւ հայերէն բանախօսած են Հուրի Իփէկեան եւ Ժ. Միրիճանեան: Գործադրուած է գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:
ՄԱՐՍԷՅԻ Վառիեթէի սրահին մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, հանդէսին բացումը կատարուած է «Նոր Սերունդ»-ի կողմէ կենդանի պատկերով մը: Նախագահած է Վ. Միսթիքի: Տպաւորիչ ճառ մը արտասանած է Յովիկ Եղիազարեան (հայերէն եւ ֆրանսերէն):
Մարսէյի «Փրովանսալ» թերթը, կենդանի պատկերին նկարը տպելով, երկար նկարագրական մը հրատարակած է: Տուած է նաեւ մանրամասնութիւններ` Մարսէյի հայ գաղութին մասին:
Շիքակոյի Մէջ
Հոծ բազմութեամբ, Շիքակոյի մէջ եւս, հոկտ. 31-ին, փառաշուք կերպով տօնակատարուած է ՀՅ դաշնակցութեան 76-րդ տարեդարձը:
Ներկայ գտնուած են Ուոքիկընի քաղաքապետ Պարոյր Սապունճեան եւ Լիբանանի հիւպատոս Նիքոլա Սալամ եւ իր քարտուղարը` Պալեան:
Հիւրերը խօսք առնելով` դրուատած են հայ ժողովուրդին առաքինութիւնները եւ մասնաւորաբար անոր արդար դատին համար Դաշնակցութեան մղած անվեհեր պայքարը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսը` Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ստեփան Տարտունի խօսած է խանդավառ ու ներշնչուած կրակոտ ճառ մը, ներկաներու մէջ հպարտութեան ալիքներ բարձրացնելով:
Տասներկու ընկերներ ստացած են Կեդր. կոմիտէի կողմէ պատրաստուած ոսկեայ շքանշաններ` 50 տարի Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ իրենց կատարած ծառայութեան համար:
Գործադրուած է գեղեցիկ յայտագիր մը: Մոմավաճառութենէն գոյացած է 1.088 տոլար: Ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր երգած ու պարած են:
Նոր Սերունդի
Ազգ. Դաստիարակութիւնը
Յոռետեսութեամբ, քմծիծաղով կամ ափսոսանքով պէտք չէ մօտենալ այս, կը խոստովանիմ, դժուարին հարցին:
Հետզհետէ դժուարացող սփիւռքահայ պայմաններուն մէջ աւելի քան անհրաժեշտութիւն մըն է նոր սերունդի ազգային դաստիարակութեան գործին մօտենալ իրատեսի ակնոցով:
Եւ ամէն բանէ առաջ, ի՞նչ կը հասկնանք «նոր սերունդ» ըսելով: Ես այն տպաւորութիւնը կը կրեմ, որ սփիւռքահայ նոր սերունդը յստակ մտապատկեր մը չէ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ սփիւռքահայ ամբողջ տարածքին վրայ «հայ նոր սերունդ» հասկացողութիւնը այս հարցով հետաքրքրուողներուն կամ զբաղողներուն մտքին մէջ տարբեր պատկերներ կը յառաջացնէ, եւ ասիկա ստեղծուած ներկայ պայմաններուն արդիւնքն է անշուշտ:
Այսօր, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկա գոյութիւն ունեցող հայագաղութներուն մէջ, հայ նոր սերունդը դադրած է այլեւս նոյն ձեւի հայ նոր սերունդ ըլլալէ: Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունի ֆրանսահայ նոր սերունդ, Յունաստանի մէջ` յունահայ նոր սերունդ, Պարսկաստանի մէջ` պարսկահայ եւ այլն: Այս բոլոր «… հայ» սերունդները հայ են անշուշտ, առաւել կամ նուազ չափով, սակայն մեզ շահագրգռողը հայութեան տոկոսը չէ այս պարագային: Եթէ միայն ատիկա ըլլար, այսինքն, եթէ սփիւռքահայ տղուն կամ աղջկան ի՞նչ չափով հայ զգալը, իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին հետ զգացականօրէն որքանով կապուած ըլլալը` համեմատաբար դիւրին էր դժուարութիւնը յաղթահարել ու սփիւռքահայ նոր սերունդը դաստիարակելու ընդհանուր ծրագիր մը մշակել:
Սակայն, դժբախտաբար, այս չէ միայն: Սփիւռքահայ նոր սերունդները ներկայիս իրենց հայ զգալու տոկոսին նոյնութիւնը կորսնցնելէ ետք, իրենց հոգիին ու մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող հայկականութեան ձեւին ալ նոյնութիւնը կորսնցուցած են:
Հայրենասիրութիւնը ներկայիս, իւրաքանչիւր հայ գաղութի նոր սերունդի համար, տարբեր զգայնութիւններու, տարբեր մտածելակերպի, տարբեր ճաշակի արդիւնք է:
Տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ տարբեր մշակոյթներու զօրաւոր եւ անմիջական ազդեցութեան տակ հասակ նետող հայ նոր սերունդներուն մէջ հայրենասիրական ապրումը իր գոյութեան ու կենսունակութեան աւիշը կը ստանայ «հայութիւն» հասկացողութեան տարբեր եւ առանձին մարզերէն:
Հին սերունդի հայրենասիրութիւնը միատարր էր, կուռ, ամուր եւ ամբողջական: Հին սերունդի հայրենասիրութիւնը ձեւերու զանազանութիւն չունէր, նոյն ապրումէն կը բխէր եւ նոյն նպատակին կը ձգտէր: Այդ ձգտումը օրօրոցէն կը սկսէր ու մինչեւ գերեզման կ՛երթար:
Նոր սերունդը այդպէս չէ: Նոր սերունդի մէջ չկայ «հայրենասիրութիւն» հասկացողութեան այդ ամբողջականութիւնը:
Հայրենասիրութիւնը իբրեւ զգացում` զանազան շրջաններու հայ նոր սերունդներուն մէջ տարբեր-տարբեր կոտորակներու բնոյթը կը կրէ: Ամբողջութիւն չէ:
Նոր սերունդի ազգային դաստիարակութեան որեւէ ծրագիր պէտք է խարսխուի այս ճշմարտութեան վրայ: Նոր սերունդը հին սերունդը չէ: Նոր սերունդի հոգիին մէջ չկայ հին սերունդի հայրենասիրութեան բնածին կրակը, այդ կրակը պէտք է արծարծել:
Նոր սերունդ դաստիարակելու հին մեթոտը, հին սերունդի հայրենասիրական ապրումներով օժտուած սերունդ դաստիարակելու մեթոտ է, հայրենասիրական ընդոծին կրակը օգտագործելու մեթոտ: Ներկայ սերունդին համար այդ կրակը արծարծելու մեթոտ պէտք է որոնել: Կրակը վառելէ ետք միայն կարելի է օգտագործել: Նախադրեալները փոխուած են, պէտք է փոխուի նաեւ մեթոտը:
Եթէ կ՛ուզենք, որ նոր սերունդը ըմբռնէ մեզ եւ գիտակցի հայրենիքին հանդէպ իր պարտաւորութիւններուն, պէտք է որ նախ մենք իջնենք մինչեւ այդ նոր սերունդին ներաշխարհին խորերը, եւ ապա զայն բարձրացնենք մինչեւ հոն, ուր մենք կը բաղձանք:
Ն. ԱՃԷՐԵԱՆ