50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1966)
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանիներու Փառահեղ Մարզական Օրը ՀՅԴ Հրուանդանի Պատանեկան կեդրոնական մարմինը, միջպատանեկան մարզական մրցումներ կազմակերպելով, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր բոլոր շրջաններու մարզիկ պատանիներ հաւաքելու Հայաշէնի «Մուրատ» պատանեկան միութեան ակումբը: Արդարեւ, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 1966-ը տօնական օր մը եղաւ մրցաշարքերուն մասնակցող պատանիներուն համար, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ամբողջ օր մը ապրեցան` կուսակցական դաստիարակիչ ոգիով: Ամբողջ թաղը կը ցնծար, խանդավառութեան ալիքը կը բարձրանար, երբ հետզհետէ շրջաններէն խումբ առ խումբ կու գային պատանիները: Ժամը 8:30-ին արդէն հարիւրաւոր պատանիներու եւ հանդիսատես ժողովուրդի ներկայութեան կը սկսէր վազքի մրցումը: Հակառակ աննպաստ օդին` մրցումին մասնակցող պատանիները, բարձր տրամադրութեամբ, տրուած ազդանշանին վրայ եւ ընդհանուր ծափերու մէջ խոյացան...
Կարդալ ԱւելինDetails
