Խմբագրական
Մոսկուայի Մերժումը
(Ղարաբաղի Հարցը)
Երբ Ղարաբաղի համար պահանջ ներկայացուած է կեդրոնական իշխանութեան, Մոսկուա հետեւեալ պատասխանը տուած է.
– Թող Հայաստան եւ Ազրպէյճան համաձայնին Ղարաբաղի հարցին մէջ, մենք դէմ պիտի չըլլանք երկուքին միջեւ գոյացած համաձայնութեան:
Այս խօսքով Քրեմլին մերժած է իր միջնորդութիւնը, երբ արար աշխարհ գիտէ եւ պատմութիւնն ալ արձանագրած է, որ Ղարաբաղ, ինչպէս` հայապատկան Նախիջեւանը, 46-47 տարի առաջ նոյն Ազրպէյճանին «նուիրաբերուեցան» Մոսկուայի միջամտութեամբ, Մոսկուայի որոշումով, Մոսկուայի կարգադրութեամբ:
Միջամտութեան այս մերժումին ետեւ շատ յստակ է միւս մերժումը, հարցին լուծման, արդար կարգադրութեան մերժումը, համապատասխան` Խորհրդային Ռուսիոյ պետական շահերուն, որոնք անփոփոխ կը մնան, կարծէք, յիսուն տարիէ ի վեր, նոյնն են, ինչ որ էին Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն, երբ Լենինի լիազօրները կտրեցին ու կտրատեցին Հայաստանը` թուրքին հաճելի երեւնալու եւ Անդրկովկասի միւս ժողովուրդներուն համակրանքը շահելու համար:
Բացի մեր պահանջին արդարութենէն, որ պատմական հիմք ունի, որովհետեւ այդ շրջանները` Ղարաբաղ եւ Նախիջեւան, անանջատելի մասը կազմած են մեր հայրենիքին` ի հնուց անտի, Հայաստանի ներկայ սահմաններուն ընդլայնումը կենսական նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդին համար:
Պաշտօնական վիճակագրութիւններու համաձայն, Խորհրդային Հայաստանի ներկայ տարածութեան վրայ, որ 30 հազար քառ. քիլոմեթր է (մինչ 1918-ին, Հայաստանի անկախութեան շրջանին, 47 հազար քառ. քիլոմեթր էր), 1939-ի մարդահամարով կ՛ապրէր 1.320.000 բնակիչ, 1959-ի մարդահամարով` 1.820.000: Այս թիւը ներկայիս հասած պէտք է ըլլայ երկու միլիոնի:
Երբ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վերադարձը կը պահանջուի, գոնէ առ այժմ, այդ պահանջը կ՛ըլլայ նախ երկու միլիոնին համար ու նաեւ` հետագայ աճին, որ քառորդ դար ետք կրնայ կրկնապատկել մեր համրանքը:
Ազատութեան եւ անկախութեան բոլոր պահանջներէն առաջ, որոնք հայ ժողովուրդին (հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի) հիմնական, անդառնալի որոշումը կը կազմեն, նախ` հողային պահանջի հարցը դրուած է սեղանի վրայ, ամէնէն հրատապը, որուն պիտի հետեւի միւսը, ամբողջականը, լրացուցիչը, մեր դարաւոր երազը, որուն իրականացումը նուիրական պարտքն է բոլորին, բոլոր սերունդներուն:
Ահա այս նախադրեալին առջեւ կը տեսնենք Մոսկուայի դժկամութիւնը, անխոստովանելի պիղատոսութիւնը, երբ նո՛յն Մոսկուան, պետական հասկնալի հաշիւներով, կը հրաժարի Հայաստանի պատկանող եւ ներկայիս Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական հողերէն:
Մեր ուզածը ո՛չ ազրպէյճանական հող է, ո՛չ ալ վրացական: Կը պահանջենք, ինչ որ մերն է, պատմականօրէն մերը, անկողոպտելիօրէն մերը, մեր պապերուն ժառանգը, որուն համար այնքա՜ն արիւն թափած ենք, այնքան զոհ տուած եւ տառապած:
Շատ յոռետես պիտի ըլլայինք` ըսելու համար, որ կեդրոնական իշխանութիւնը մասնաւոր դիտումով կտրատուած եւ սահմանափակ կը պահէ մեր հայրենիքը, որպէսզի, հայութեան աճող զանգուածները շնչահեղձ չըլլալու համար, բռնեն օտարութեան ճամբան, պանդխտանան ու կորսուին խորհրդային անծայրածիր տափաստաններուն մէջ:
Բայց դժբախտաբար ա՛յդ է իրականութիւնը, եթէ կ՛ուզէք` հետեւանքը հայավնաս քաղաքականութեան մը, որուն բացայայտ փաստերը կու տայ Մոսկուան, երբ իբր թէ առանձին կը թողու պարտատէրն ու պարտապահանջը` հաշուեյարդարի համար:
Հաշուեյարդար մը, որ անպայման պէտք ունի Քրեմլինի միջնորդութեան: