Նոթեր Ու Նետեր
Տուրքեր Ու Տուներ
Նոր Տուրքեր
Քանի մը տարի առաջ իտալացի մը մաքիավելական մտածում մը ունեցած էր ու առաջարկած էր կառավարութեան, որ գոյութիւն ունեցող տուրքերէն զատ, հաստատել բացառիկ նոր տուրք մը` գեղանի կիներուն համար, «Գեղեցկութեան տուրք» անունով:
Ու սատանայի պէս կը հարցնէր.
– Ո՞ր իտալուհին է, որ պիտի չուզէ սիրայօժար վճարել այդ տուրքը` պատկանած ըլլալու համար աղուորներու գահակալ դասակարգին:
Ներկայիս այս առաջարկը կրկնողներ կան թէ՛ կառավարութեան օգտակար հանդիսանալու, թէ՛ գեղուհիները (չեղողներն ալ) պատուելու համար:
Պէտք է խոստովանիլ, որ առաջարկը իմաստուն է: Ահա՛ տուրք մը, որ հաճոյքով պիտի վճարուի: Մանաւանդ եթէ ըսուի, որ այդ տուրքը քսան տարեկանէն մինչեւ քառասուն տարեկան գեղուհիներուն համար է: Յայնժամ, յիսուննոցներն ու վաթսուննոցներն ալ հաճոյքով պիտի վճարեն` ապացուցելու համար, որ քառասունը չեն անցուցած ու բնաւ միտք չունին անցընելու:
Բայց ինչո՞ւ օձիքէն չբռնել այրերուն ալ` յանուն բացառիկ տուրքի: Կարելի է մանաւանդ բռնել անոնց քիթէն: Նոր տուրք մը ստեղծել. տուրք` տաղանդաւորներու: Ո՞վ պիտի չվճարէ հաճոյքով: Ներկայիս բոլոր երիտասարդները թեկնածու են շարժանկարի, բեմի, պարի, նկարչութեան, արձանագործութեան եւ քերթողութեան: Ամէն շաբթու միակ երկրի մը մէջ, հանդէս կու գան յիսուն նոր երգիչներ ու երգչուհիներ, նոյնքան` նկարիչներ եւ այլ արուեստներու կոչում ունեցողներ: Այդ նորեկները պէտք է պատուել պատժելով: Սիրայօժար պիտի պատժուին` տուրք վճարելով:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ «հրաշք-մանուկ»-ները: Անոնք ալ բազմացած են ամէն երկրի մէջ: Ընդհանրապէս դաշնակահար են, կան նաեւ` ջութակահարներ, փողահարներ, տակաւին նկարիչներ ու քերթողներ: Ներկայիս ամէն ծնողք իր զաւակը «հրաշք-մանուկ»-ի տեղ դրած է, որով նոր տուրքը հեշտանքով ու հպարտութեամբ պիտի վճարէ վաւերացնելու համար իր զաւկին հրաշք մանուկ ըլլալը:
Կայ տակաւին տուրք մըն ալ գանձելի. խելքի տուրքը: Խելք ունեցողն է, որ շատ կը շահի, որով շատ ալ վճարելու է: Եւ առանց առարկութեան պիտի վճարեն շա՜տ շատեր` ապացուցանելու համար, որ վաւերացուած են իբրեւ խելացի: Ո՞վ է ան, որ ինքզինքին համար պիտի ըսէ. «Ես անխելք եմ»:
Եւ այսպէս, կառավարութիւնները, միանգամընդմիշտ պիտի փրկուին ելեւմտական անհաւասարակշռութենէ, նիւթական նեղութենէ, ու պետական գանձը պիտի ըլլայ լի, ինչպէս` գանձատունը քառասուն գողերուն:
Յայնժամ, հաւանաբար, տուրքերը կը թեթեւնան տգեղներուն, անտաղանդներուն, հրաշք-մանուկ չունեցողներուն եւ անխելքներուն:
Կառավարութիւններն ալ հարստանալով` հիւլէական ռումբեր կը շինեն ու կը յայտարարեն պատերազմ:
Իսկ պատերազմի ընթացքին ալ իրենք զիրենք արդիական հերոս կարծողներուն համար ծանր տուրք մը կը դրուի, եւ անոնցմէ գանձուած դրամով պատերազմը կը շարունակուի` մինչեւ կատարեալ խաղաղութիւնը աշխարհի:
Նոր Տուներ Տէրունական
Միացեալ Նահանգներէն եկած բարեկամ մը ի միջի այլոց ըսաւ.
– Ամէն մէկ օր եկեղեցի մը կ՛աւելնայ մեր երկրին մէջ: Այս եկեղեցաշինութիւնը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր: Ամէն մէկ յարանուանութիւն, ամէն մէկ աղանդ լծուած է գործի: Իսկ աղանդները կը բուսնին նման սունկի: Յիսուն հետեւորդ գտնողը կը հիմնէ նոր աղանդ մը: Աստուծոյ տուն շինողներուն գլխաւորներն են մեթոտականներն ու մկրտչականները: Հայերը անմասն չեն այս շարժումէն: Հայոց տոլարները տաճարի կը վերածուին: Հայերը կը հալին, հայ եկեղեցիները կը հաստատուին: Խօլարշաւ մը կայ եկեղեցաշինութեան: Վերջին ութ-տասը տարուան մէջ շինուած է քսան հազար եկեղեցի: Եթէ այս թափը շարունակուի, օր մը տաճարները տուներուն հետ պիտի մրցին` իրենց քանակով: Քսանհինգ հոգիի մէկ աղօթատեղի պիտի ըլլայ: Թո՛ղ բազմաչարչար մարդկութիւնը տառապի բնակարանի տագնապէն:
Օր մը, եթէ Յիսուս յայտնուի կրկին ի վերայ երկրի, պիտի ըսէ բնակարանի տագնապէ տառապողներուն:
– Եկէ՛ք, ո՜վ ժառանգազուրկներ, եկէ՜ք, ու ձեր Երկնաւոր Հօրը տուներուն մէջ բնակեցէք: Եւ այդպէս, աւելի մօտ կ՛ըլլաք Աստուծոյ: Եւ այդպէս, շէնցուցած կ՛ըլլաք տաճարները, որոնք պարապ են ու շաբաթը մէկ անգամ կ՛ունենան քառասուն-յիսուն հոգինոց բազմութիւն: Եկէ՜ք, ո՜վ քարայրաբնակներ, աւերակաբնաներ, գերեզմանաբնակներ, մգլոտած ու անարեւ հիւղակներու մէջ ապրողներ, մէկ սենեակի մէջ ամբողջ ընտանիքով տուայտողներ: Եկէ՜ք, բնակարանի վարձք վճարել չկրցողներ: Ահա կը բաշխեմ Հօրս համար շինուած տուները, ձեզի կը բաշխեմ երկնայիններու համար կառուցուած այս տաճարները: Երկնաբնակները պէտք չունին տունի: Թող Աստուած տուն շինելէ աւելի` մարդոց սրտերը շինեն, հոգիները շէնցնեն:
Եւ մարդիկ կարասիներով պիտի խուժեն տաճարներէն ներս` մաս մը տեղ թողլով արարողութեանց համար: Իսկ ապագայ աղօթատեղիները պիտի շինուին բնակութեան յարմարութիւններով: Եւ այդպիսի եկեղեցի մը պիտի ըլլայ առաւելապէս ընդունելի:
Մարդոց մեծ մասը պիտի ըլլայ տաճարաբնակ` փոխանակ ըլլալու տակառաբնակ կամ տնանկ:
Յայնժամ, երբ Կիրակոսին կամ Մայքըլին հարցնէք, թէ ո՞ւր կը բնակի, պիտի պատասխանէ.
– Կը բնակիմ քաղաքիս Սրբուհի Թերեզ տաճարին վերնատունը:
Իսկ եթէ Մարկարեթին կամ Վարդանուշին հարցնէք, թէ ո՞ւր է իր տունը, անոնցմէ մին պիտի ըսէ.
– Կ՛ապրինք Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին զանգակատան մէջ:
Մէկն ալ թերթի մը պիտի գրէ.
– Հասցէս փոխեցի: Այսուհետեւ թերթս հաճեցէք ղրկել Յոբ Երանելի մատուռը:
Եւ տաճարները տուն ըլլալով` մարդոց վրայ շնորհ պիտի գայ: Մարդիկ պիտի ըլլան խելօք, սիրալիր, շնորհալի: Վերջ պիտի գտնեն կռիւները էրիկ ու կնկան, հարս ու կեսուրի` երկնչելով սուրբերէն, սերովբէներէն, հրեշտակներէն, հայրապետներէն, առաքեալներէն ու աւետարանիչներէն:
Հարսերը պիտի փարին իրենց կեսուրներուն, փեսաներն ալ` իրենց զոքանչներուն:
Եզրակացութիւն քրիստոնէական. ժամ շինելը միայն եկեղեցի կառուցելով չ՛ըլլար: Նօթիին հաց տալով, մերկին թշուառին ու դժբախտին օժանդակելով ալ շինած կ՛ըլլաք եկեղեցի:
Ն. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Համազգայինի Դասախօսութիւնները
Ն. Աղբալեան Սայաթ Նովայի Մասին
Կիրակի, 13 հոկտեմբերին Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տրուեցաւ դասախօսութիւն մը` նուիրուած Ն. Աղբալեանի, իր ամբողջական գործերու երկրորդ հատորի տպագրութեան առիթով: Այս հատորը կազմուած ըլլալով Սայաթ Նովայի նուիրուած յօդուածներէ եւ գրութիւններէ եւ 1966-ը մօտաւորապէս զուգադիպելով Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակին, դասախօսութիւնը կ՛ընդգրկէր աշուղի գործին ուսումնասիրութիւնը` կատարուած Ն. Աղբալեանի ակնոցով:
Ն. Աղբալեանի քննադատական կարողութիւնները եւ բանաստեղծ-բանասէրի թռիչքը անփոխարինելի հարստութիւնն են հայ գրականութեան: Սայաթ Նովայի բանաստեղծական եւ քնարերգական տաղերը հրաշանման գանձեր են, խոր ու բազմերանգ:
Ն. Աղբալեանի հազուադէպ եւ թանկագին աշխատասիրութիւնները մեզ հաղորդակից կը դարձնեն զգացական եւ մտաւորական այն բարդ եւ անթափանցելի աշխարհին, որ կը պարունակէ Սայաթ Նովայի տաղերու մթնոլորտը: Շաղիկ Փափազեան իր ըմբռնող եւ փոխանցող ընթերցումով արտայայտեց այն ադամանդեայ ճաճանչը, որ կը շողարձակէ տառապած եւ սիրավառ աշուղի գործը:
Մուշեղ Իշխան իր հաղորդական ոճով կառուցեց Սայաթ Նովա Աղբալեան կամարը` դարերու եւ կեանքերու ընդմէջէն: Այս կառոյցը եւ կապը անմիջապէս յայտնաբերեց հետեւեալ անուրանալի ճշմարտութիւնները.
Ա.- Սայաթ Նովայի տաղերը հայ գրականութեան հիմնական հարստութիւնն են եւ աշուղը ինքը հազուագիւտ բանաստեղծ մը:
Բ.- Ն. Աղբալեան իր պայծառատեսութեամբ, գրական շնորհով եւ բանասէրի մեծ տաղանդով միակ թարգմանն է Սայաթ Նովայի տաղերու արժէքին եւ ըմբռնողութեան:
Գ.- Համազգայինի հրատարակած այս հատորը Սայաթ Նովա-Աղբալեան կամարին հիմնաքարն է եւ բացարձակօրէն անհրաժեշտ` ըմբռնելու Սայաթ Նովան, ըմբոշխնելու Աղբալեանը եւ խթանելու հայ հրատարակչական գործը, որ տասնամեակներէ ի վեր, իր գաղթականի պատնէշներուն ետին, կը սպասէր լաւ օրերու:
Վ. Փ.