Խմբագրական
Անվրդով Եւ Ինքնավստահ
Մօտէն կը հետեւինք այն ծիծաղելի եւ զուր ճիգերուն, որոնց ողբալի վկայութիւնը կու տան Հայաստանի կարգ մը «պատմաբանները»` վճարովի պաշտօնեաները խորհրդային պետութեան:
Տասնամեակներ ամբողջ ուրանալէ եւ նսեմացնելէ ետք բախտորոշ դէպքեր ու թուականներ, որոնք կը հանդիսանան մեր նորագոյն պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները, խեղաթիւրումի անկրկնելի ախոյեանները վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին հարկադրաբար ընդունեցին այդ դէպքերուն եւ թուականներուն մեծութիւնը, բայց այս անգամ` գլխիվայր շրջելով զանոնք, տարբեր գոյն եւ իմաստ տալով նուիրագործուած իրողութիւններուն:
Խեղաթիւրումի այս ապերախտ գործին կ՛ենթարկուի մասնաւորաբար 1918-1921 երկարող շրջանը, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերը կու տայ մեզի` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով, թրքական արշաւող բանակներուն դէմ տարուած փայլուն յաղթանակներով, պետական կեանքի կազմակերպումով եւ ազատ ու անկախ հայրենիքի գոյութեան հիմնաւորումով:
Դեռ մինչեւ երէկ, Խորհրդային Հայաստանը ինքնաբոյս գոյութիւն մըն էր խորհրդային պատմաբաններուն համար: Մոգական գաւազանի մէկ հարուածով ծնունդ առած` անանցեալ պետութիւն մը, որուն համար ոչ մէկ կաթիլ արիւն թափած էր հայ ժողովուրդը, որուն համար ոչ մէկ պայքար մղած էին ազատագրութեան մեր ռահվիրաներն ու մարտիկները:
Շատ շատ կը բարեհաճէին (այդ պատմաբանները) նախախորհրդային Հայաստանը նկատել «թուրքի նուէր», «իմփերիալիստական վիժուկ», որ հազիւ երկու տարի «դիմացաւ» եւ «ինքն իր վրայ փուլ եկաւ»:
Այսօր կը հաստատուի վաւերականութիւնը այն կռիւներուն, որոնք 1918-ի գարնան մղուեցան Արարատեան դաշտին մէջ, Երեւանի դուռերուն առջեւ: Կռիւներ սակայն, որոնք ո՛չ ղեկավար ունեցան եւ ո՛չ ալ կազմակերպութիւն: Պոռթկումն էին միայն ժողովուրդին, Հայաստանի բանուորութեան, հայ գիւղացիութեան` առանց զանոնք ջրդեղող կամքին, առանց այդ անզուսպ հոսանքը հունաւորող կազմակերպութեան:
Կը հասկնանք, որ շատ դժուար է եւ «տառապալի», տասնամեակներու ուրացումէն ետք, բացուիլ ճշմարտութեան լոյսին: Կը հասկնանք, որ ընդունիլ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի գոյամարտերուն իսկական տարողութիւնը եւ բնոյթը, կը նշանակէ ընդունիլ եւ ճանչնալ զանոնք պատմական շքեղ դրուագներու վերածող կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան նախախնամական դերը Հայաստանի պետական կազմութեան նուիրական գործին մէջ:
Այդ ակնկալութիւնը չունինք: Ունենալ` պիտի նշանակէր չճանչնալ պոլշեւիզմը, որ նման անհեթեթ «պատմահիւսութիւններու» բուն հեղինակն է: Մեկնակէտը` խեղաթիւրումներու, որոնք պէտք է անպայման պատշաճին համայնավարական «տիալեկտիկա»-ին, դասակարգային պայքարներու ըմբռնումին եւ այլ մտահոգութիւններու, որոնք ոչ մէկ տեղ ունին հայ ժողովուրդի ապրումներուն մէջ:
Այդ ակնկալութիւնը չունինք, չունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ իր պատմական առաքելութեան ճամբուն վրայ, պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ եւ հիմնականը ժամանակաւորէն զատորոշելու կշռադատ մօտեցումով, կը վստահի պատմութեան եւ ժամանակի արդար վճիռին:
Կը վստահի մանաւանդ հայ ժողովուրդի զգացումներուն, դէպքերն ու դէմքերը իրենց իսկական տարողութեան մէջ դնելու անոր անվրէպ դատումին եւ այդ վստահութեամբ կը քալէ իր ճամբան այն խոր համոզումով, որ կարեւորը հաւատարմութիւնն է` հանդէպ հայութեան իտէալին եւ անոր դարաւոր երազին: