Սիմոն Վրացեանի
«Կեանքի Ուղիներով»
Ե. Հատորին Հրատարակութեան Առիթով
Ապարդիւն է Ս. Վրացեանի հրատարակած այս շարքին համար սովորական իմաստով գրական-քննադատութիւն ընել: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ան շատ լաւ կը գրէ, իր լեզուն հաճելի է, միտքը` սուր, գործածած բառերը կ՛արտայայտեն ճիշդ այն` ինչ որ ինք ըսել կ՛ուզէ. հատորները կը կարդացուին մէկ շուչով. յիշատակուած դէպքերը, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի «մասնակցած դէպքեր եւ անձնական ապրումներ», բո՛ւն աղբիւրէն առնուած տեղեկութիւննր են եւ, հակառակ հեղինակի այն հաստատումին, որ «պատմագրական տեսակէտից, ի հարկէ, մեծ չէ դրանց արժէքը», բայց եւ այնպէս մեր ժամանակակից պատմութեան մաս կը կազմեն:
Ոչինչ կարելի է գրել նաեւ հատորներուն բովանդակութեան մասին: Այլ միայն կարդալ, տեղեկանալ եւ տրուած հարցի մը մասին բազմակողմանի կամ նոյնիսկ պարզ մանրամասնութիւններ փնտռել ուզելու պարագային, դիմել`… ի դէպ, դիմել ո՞ւր եւ որո՞նց:
1966-ի ամառը, Լիբանանի Պուա տը Պոլոն գիւղը, բոլորս գիտէինք, որ Ս. Վրացեանն ալ այնտեղ է, պանդոկի մը սենեակին մէջ փակուած` Օ. Զաքարեանին հետ, որուն կը թելադրէ իր «Կեանքի ուղիներով»-ի Զ. հատորին բովանդակութիւնը: Անտեսանելի էին երկուքն ալ, շաբաթներ շարունակ: Եւ յանկարծ, օր մը, իրիկնադէմին, գիւղի գլխաւոր ճամբուն վրայ յայտնուեցան: Կառքով կ՛անցնէի. աչքերուս չհաւատալով կանգ առի. մօտեցայ իրենց: Ս. Վրացեան, ծանր բեռէ մը ազատած մարդու գոհունակութեամբ յայտնեց.
– Այսօր` վեցերորդ եւ վերջին հատորին վերջակէտը դրինք:
Քիչ ատեն ետք, մեր տան պատշգամը նստած էինք բոլորս: Անհամարձակ շեշտով փորձեցի ըսել.
– Յուշագրական ձեր աշխատանքը վերջացաւ թերեւս. բայց այժմ պէտք է գրէք գոնէ` Հայաստանի խորհրդայնացման շրջանի պատմութիւնը, իբրեւ պատմագրութիւն:
Մտքիս մէջ ունէի հանգուցեալ Արշամ Խոնդկարեանի մէկ նախադասութիւնը, զոր յաճախ կրկնած է իմ ներկայութեան.
– Սիմոն Վրացեանը դեռ շատ բաներ գիտէ. պէտք է գրէ. միայն ա՛ն է, որ կրնայ այդ ամիսներուն ճշգրիտ պատմութիւնը տալ:
Իմ անհամարձակ խնդրանքիս` Ս. Վրացեան պատասխանեց, ինչպէս արդէն յիշատակած է Ե. հատորի նախաբանին մէջ, թէ` ժամանակաշրջանի առարկայական պատմութիւնը ներկայացնելու աշխատանքը արդէն կատարած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորին մէջ:
Քիչ մը աւելի համարձակօրէն պատասխանեցի, թէ այդ հատորը կ՛ընդգրկէ ամբողջ շրջանին պատմութիւնը: Իմ ըսել ուզածս այն է, որ պէտք է մանրամասնօրէն գրէ Հայաստանի խորհրդայնացման շրջանի պատմութիւնը:
Տարակուսական արտայայտութիւն մը առաւ դէմքը: Այն զգացումը ունեցայ, որ օրս լաւ չէի ընտրած: Դեռ կէս ժամ առաջ էր վերջացուցեր «Կեանքի ուղիներով»-ի Զ. հատորը եւ հասկնալի կերպով յոգնած, «ազատած» եւ իր պարտականութիւնը աւարտած կը զգար միաժամանակ, հաւանաբար:
Բայց, վերադառնալով Ե. հատորի նախաբանին, ուր Ս. Վրացեան կը հաստատէ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերմամբ էլ Սովետահայ պատմագրութիւնը զգալի չափով սկսել է իր դիրքը փոխել: Առաջ, Ստալինի տիրապետութեան տարիներին, կարելի չէր խօսել այն դէպքերի մասին, որոնք ծնունդ տուին Հայաստանի Հանրապետութեան: Ո՛չ Սարդարապատ կար, ո՛չ Բաշապարան, ո՛չ Ղարաքիլիսէ, ո՛չ Արամ Մանուկեան, ո՛չ Դրօ, ո՛չ Սիլիկեան, ո՛չ Փիրումեան… Ո՛չ էլ, ի հարկէ, Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այսօր այդ բոլորի մասին խօսւում եւ գրւում է»: Երբեմն` սխալ մեկնաբանութեամբ, «բայց անշուշտ ժամանակը այս էլ կը սրբագրէ»:
Ուրիշ տեղ մը, Ս. Վրացեան կ՛աւելցնէ. «Ասենք իրե՛նց խօսքով. իրերի տրամաբանութիւնը աւելի զօրաւոր է, քան մարդկային կամքը: Իրերի տրամաբանութիւնը անպարտելի կը դառնայ, երբ նրան միանայ մարդկային կամքը»:
Երեւակայենք, որ հասած է այդ ժամանակը: Խ. Հայաստանի մէջ բաւարար թիւով վաւերաթուղթեր կան թոյլ տալու համար, որ դէպքերուն ոչ-մասնակից պատմագէտներ, իրենց տրամադրութեան տակ ունեցած փաստաթուղթերու հիման վրայ, կարենան դէպքերը ներկայացնել առարկայական ճշգրտութեամբ եւ պատմագրական բծախնդրութեամբ: Բայց այդ ճշգրտութիւնն ու բծախնդրութիւնը չեն կրնար ամբողջական ըլլալ, այնքան ատեն որ այժմ Հայաստանէն դուրս գտնուած փաստաթուղթերն ալ հրատարակուած չեն եւ այնքան ատեն որ այդ օրուան վարչապետը, Ս. Վրացեան, հրատարակած չէ նաեւ գրաւոր հետք չձգած խօսակցութիւններու, բանակցութիւններու, խորհրդակցութիւններու նկարագրութիւնը, կամ միայն ի՛ր քով գտնուած փաստաթուղթերը, եթէ կան:
«Կէս դար առաջ տեղի ունեցած դէպքերի մասին կարելի է խօսիլ աւելի՛ սառնարիւն, աւելի՛ անանձնական ձեւով», կ՛ըսէ դարձեալ Ս. Վրացեան: Որքան ճիշդ եւ տեղին է հաստատումը:
Բայց իր պատմութիւնը ժամ առ ժամ, վայրկեան առ վայրկեան գիտնալ ուզող հայ երիտասարդութիւնը այն զգացումը ունի, որ եթէ մէկը չսկսի օրինակ տալ միւս բոլորին, տակաւին կէս դար եւս կ՛անցնի ու դեռ գրուած չ՛ըլլար Հայաստանի խորհրդայնացման ամբողջական, մանրամասն, բազմակողմանի պատմութիւնը: Այդ մէկը, ըստ մեզի, առաջնութեան ու աւագութեան հերթով, Սիմոն Վրացեանն է: Յանուն մեր ժամանակակից ամբողջական պատմութեան:
ՇԱՔԷ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Փարիզ, հոկտեմբեր 1966