Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 14, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունահայ Կեանք

ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը 

Ընտանեկան Հանդիպումներ
Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութիւնը որոշած է շաբաթը անգամ մը կազմակերպել ընտանեկան հանդիպումներ` Աթէնքի «Աթէնէ փալաս» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ:

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 2-ին: Պիտի շարունակուին հանդիպումները ամէն չորեքշաբթի: Ներկաները հայկական մթնոլորտի մը մէջ պիտի գտնեն մտերմիկ անկիւն մը:

Խորհրդակցական Ժողով
«Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու վարչութեանց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը:

Որոշուած է ժողով մը եւս գումարել` մասնակցութեամբ ՀՅԴ երիտասարդացի եւ ՀԿ Խաչի վարչութեանց` կազմակերպչական անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնելու համար:

Ֆութպոլ
Բիրէայի Գ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներու շարքին, Քոքինիոյ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը արձանագրած է իր առաջին յաղթանակը` «Ասթեր Էվյենիա» խումբին դէմ (2-0):

Երկրորդ մրցումին, «Փանբիրայիքոս»-ի դէմ, ՀՄԸՄ դարձեալ յաղթական դուրս եկած է մրցումէն (4-2):

Երրորդ մրցումին, «Ֆալիրիքոս» խումբին դէմ, ՀՄԸՄ-ի տղոց յաղթանակը եղած է ջախջախիչ (7-2):

Պասքեթպոլ
Աթէնքի Գ. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանական մրցումներուն, որոնք պիտի սկսին մօտ օրէն, այս տարի եւս Ֆիքսի ՀՄԸՄ-ի խումբը զօրաւոր ըլլալով` իր մազասէրներուն խոստացած է փայլուն յաջողութիւններ:

Իտալացի Ճարտարապետներ
Հայաստանի Մէջ

Եւրոպայի արուեստի պատմութեան էջերուն մէջ հայկական ճարտարապետութիւնը դեռ չէ գրաւած իր արժանի տեղը: Ասոր պատճառը մասամբ հետեւանք է այն իրողութեան, որ մեր արուեստագէտներու գիրքերը, ընդհանրապէս, չեն թարգմանուիր օտար լեզուներու: Միւս աւելի կարեւոր պատճառը այն է, որ մինչեւ այսօր օտար մասնագէտները մեր ճարտարապետութիւնը խորապէս չեն ուսումնասիրած: Այդ պատճառով ալ անոնց տուած մեկնաբանութիւնները երբեմն թերի, մակերեսային եւ նոյնիսկ կամայական են: Ասոնք իրենց տրամադրութեան տակ չունին ճշգրիտ եւ ամբողջական չափագրութիւններ, լուսանկարներու լրիւ հաւաքածոներ, արձանագրութիւններու եւ պատմագիրներու վկայութիւններ: Իրենց ուսումնասիրութիւններուն մէջ օտար մասնագէտները կը բաւարարուին քանի մը էջ նուիրելով հայ ճարտարապետութեան (Ֆոսիյոն, Տոյեսկա) եւ կամ, ինչ որ աւելի ընդհանրացած սովորութիւն է, մեր յուշարձանները կը բաժնեն որոշ հիմնական հատուածներու եւ  մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն անոնց ունեցած ազդեցութիւններուն մասին` ռոմանական եւ գոթական արուեստներու վրայ (Բալտրուշայիտիս, Ռիվորիս, Ֆրանքլ): Այդ արուեստագէտներէն ոչ մէկը, բացառութեամբ Ստրչիկովսկիի, փորձած է մեր յուշարձանները մեկնաբանել իբրեւ ժողովուրդի մը պատմութեան, մշակոյթին համադրուած երեւոյթը: Իւրայատուկ հաճոյքով այդ կառուցուածքները կ՛ենթարկուին մանրակրկիտ վերլուծումներու, կը բաժնուին հատուածներու, եւ անոնց արժանիքները կը վերագրուին այս կամ այն ժողովուրդին (Իշպիրօղլու): Իսկ այն ոգին, որ կար այդ յուշարձաններուն մէջ եւ ծնունդ տուած էր ոճին, կը մնայ անծանօթ:

«Հռո՞մ, թէ՞ Մերձաւոր Արեւելք», այս վէճը հետզհետէ կը լուծուի: Եւրոպան, անցեալին, իբրեւ պատմական եւ մշակութային կեդրոն ունեցած է Փոքր Ասիան, ապա դարերու ընթացքին տեղափոխուած է դէպի Արեւմուտք` Աթէնք, Հռոմ, Փարիզ:

Ստրչիկովսկի օտարներուն մէջ առաջինը եղաւ, որ վճռական կերպով պատասխանեց վերոյիշեալ հարցին` եւրոպական ճարտարապետութեան հիմնական կառուցուածքներու մտայղացման կեդրոնը տեղափոխելով Իրան (թուրան) եւ հասաւ այն եզրակացութեան, որ հայկական ճարտարապետութիւնը կարելի չէ նկատել իբրեւ Բիւզանդիոնի գաւառական արուեստը: Իբրեւ հիմ ընդունելով իրանական զրադաշտական տաճարը` ան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս պահպանուած է անոր հիմնական ձեւը եւ աւելի ետքը Հայաստանի մէջ փոխակերպուած է քրիստոնէական կեդրոնագմբէթ եկեղեցիի (ըստ Սարչիկովսկիի, Բագարանը «իրանա-պարսկական եկեղեցի է Հայաստանի մէջ»):

Մեր օրերուն հետաքրքրութիւնը հայկական ճարտարապետութեան նկատմամբ հետզհետէ կը շատնայ: Ասոր ապացոյցներէն մէկը պէտք է համարել այն, որ իտալացի չորս ճարտարապետներ այցելեցին Հայաստան` մեր պատմական յուշարձանները հանգամանօրէն ուսումնասիրելու նպատակով: Վերջին տասնամեակին առաջին մասնագիտական խումբն է, որ իտալական կառավարութեան պատուէրով եկած է Հայաստան: Խումբին անդամները` Թոմազօ Պրեշիա, Փաուլօ Քունէօ, Մաուրիցիօ Կոյտին եւ Ճիանլուիչի Նիկրօ աւարտած են Հռոմի համալսարանի ճարտարապետական ճիւղը եւ կ՛աշխատին իբրեւ ճարտարապետներ, միեւնոյն ժամանակ գիտական աշխատանք կը կատարեն նոյն համալսարանի Միջնադարեան արուեստի պատմութեան հիմնարկութեան մէջ: Այմ հիմնարկութեան տնօրէնը համաշխարհային համբաւ վայելող Կ. Արզան է, իսկ բաժնի վարիչը` Գ. Ֆրանքովիչը, որ շուտով լոյս պիտի ընծայէ «Ուրարտու» վերնագրով իր աշխատութիւնը:

Իտալացի ճարտարապետները անցեալ տարի եղած են Պարսկաստան, ապա` Վան, Աղթամար եւ Էրզրում, իսկ յառաջիկայ տարի կ՛այցելեն Տիգրանակերտ, Կարս, Անի եւ Վրաստան: Փրոֆ. Ֆրանքովիչ պիտի այցելէ Հայաստան: Հայկական յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնը աւարտելէ ետք պիտի գրէ հայկական արուեստին նուիրուած հատորը:

Ա. ԶԱՐԵԱՆ

***

ԻՏԱԼՈՒՀԻ ՀԱՅԱԳԷՏԸ

Աննա Լոքարնի, իտալուհի, մեծ հետաքրքրութեամբ կը զբաղի հայոց պատմութեամբ եւ յատկապէս հնագիտական հարցերով: Ներկայիս անոր հետաքրքրութեան առանցքը կը կազմէ Սեւանի աւազանին պեղումը:

Նամակի մը մէջ օտարուհին կը գրէ ի միջի այլոց. «Առաւել եւս ծանօթ եմ ձեր պատմութեան: Կը կարդամ Բաստրմաջեանի, Նասլեանի, Սալեանի, Մաքլերի, Սիտարի, Մորկընթաուի, Բասմաջեանի աշխատութիւնները: Ծանօթ եմ Սայաթ Նովային, Դ. Վարուժանին, Սիամանթոյին եւ հայ ուրիշ գրողներու, զորս կը կարդամ բնագրով: Հիացած եմ նաեւ հայկական ճարտարապետութեան վրայ: Կը մտածեմ այցելել Անի, Աղթամար»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?