Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 3, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Դասախօսութիւնները

«Հայագիտութեան հարցը սփիւռքի մէջ» Գարեգին եպս. Սարգիսեան 27 հոկտեմբեր 1966

Հայագիտութիւնը, որ իբրեւ արեւելեան գիտութիւններու մէկ գլխաւոր ճիւղը 150 տարիէ ի վեր օտար համալսարաններու եւ հայութեան մէջ կը գրաւէր առաջնակարգ տեղ, իր դիրքը զիջած է ուրիշ գիտութիւններու եւ դառնալու վրայ է, եթէ դարձած չէ արդէն, երկրորդ կարգի գիտութիւն մը: Ընդհանուր թմբիր մը կը տիրապետէ հայ ուսանողութեան, ժողովուրդին եւ կազմակերպող ուժերու մօտ: Կարծես` մոռցուած են արդէն (այսքան շո՞ւտ) Աբեղեանները, Աղբալեանները, Կոմիտասները, Թորամանեանները, Ադոնցները, Աճառեանները եւ ուրիշներ: Այս անունները, որոնց վերյիշումը կ՛ուռեցնէ մեր սրտերը եւ զարկ կու տայ մեր մտքին, դադրած են ըլլալէ մղիչ ուժ, եւ իրենց համեստ վերյիշումը կը նուազի տարուէ տարի, յոգնած բանախօսէ` ձանձրացած բանախօս: Հայու ստեղծագործ ոգիին կարելիութիւնները թմրած են այսօր զանազան պատճառներով, որոնց թւումը մեր դասախօսութիւններուն շուարած կամ յուսահատ սահմանները կը գծէ:

Այս թմրութիւնը, սակայն, քիչ մը թափ տուին անոնք, որոնք ներկայ եղան Գարեգին եպս. Սարգիսեանի դասախօսութեան, 27 հոկտեմբերին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Սրբազան հայրը ըրաւ վերյիշում մը եւ ախտաճանաչում մը, որոնք մեզ պիտի ձգէին հանգիստ մեր թմբիրին գիրկը, եթէ զօրակոչ մը, լի հաւատքով եւ վճռակամութեամբ, չսթափեցնէր մեզ:

Վերյիշումը եւ ախտաճանաչումը, որ ըրաւ սրբազան հայրը, այնքա՜ն ծանօթ են մեզի եւ այնքան մօտ մեր թմրութիւնը պարուրող օրօրին, որ կը բաւարարուինք ընդհանուր գիծերով:

Սրբազան հայրը հայագիտութիւնը ներկայացուց իբրեւ ամբողջական եւ իրական գիտութիւն մը եւ ժխտեց հայագիտական յաւակնութիւնները բոլոր կէս-հայագէտներուն, բանգէտներուն եւ մտաւորական իմաստակներուն: Մասնագէտ հայագէտը, որուն կոչումին նախապայմանն է գիտութեան մեթոտներու եւ միջոցներու գործածութիւնը իր մասնագիտացած փնտռտուքի ընթացքին, կը տարբերի հիմնովին մտաւորական բանասէրէն, որ մասնագէտ հայագէտի փնտռտուքին եւ գիւտերուն վրայ հիմնուելով` կը մտածէ  վարկածներ ու զանոնք կը փոխանցէ մտաւորականութեան եւ ժողովուրդին:

Ախտաճանաչումը, որ ըրաւ սրբազան հայրը, անուրանալի իրականութիւն է այսօր: Հայագիտութեան բոլոր ամպիոններն ու օրրանները կ՛ապրին մղձաւանջի անհեթեթ օրեր: Օքսֆորտի, Հարվըրտի, Փարիզի, Վիեննայի, Լոս Անճելըսի ամպիոնները դարձած են հայերէնի դպրոց` օտար ուսանողներու համար, իսկ հայկական կեդրոնները` Անթիլիաս, Սեն Ժոզեֆ, Ճեմարան անկարող են պահելու հայագիտութեան մակարդակի բարձրութիւնը:

Սրբազան հայրը, սակայն, համոզուած է, որ հայագիտութեան հանդէպ վերարծարծուող հետաքրքրութիւն մը կայ այսօր, եւ որ պէտք է օգտագործել այս, արմատական պայքարով: Այս պայքարը յաղթանակով պսակելու համար սրբազան հայրը առաջադրեց ստեղծումը «Հայագիտական ընկերակցութեան» մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ հաստատել հայագիտական ամպիոն մը համալսարանի մը մէջ, հսկել անոր մակարդակին բարձր պահպանման, կազմակերպել օգտագործումը սփիւռքի մէջ ցրուած ձեռագիրներու, կազմակերպել պեղումներ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ստեղծել շփում` հայ եւ օտար հայագէտներու միջեւ, գոյացնել նիւթական` այս ծրագիրներու իրականացման համար:

Այս եղաւ սրբազան հօր զօրակոչը, որուն արտայայտած գաղափարները կ՛իւրացնենք ամբողջութեամբ, դժբախտաբար` քիչ մը թերահաւատ մնալով Թրքահայաստանի մէջ պեղումներ կատարելու կարելիութեան մասին:

Կը մաղթենք, որ այս զօրակոչը սեփականութիւնը չմնայ 150 ներկաներուն, սրբազան հօր եւ սրահին խոնաւցած ու նորոգութեան կարօտը քաշող պատերուն: Կը սպասենք յուսալից, յիսնամեայ մեր շուարումը եւ թմրութիւնը թօթափելու փորձերուն յաջողութեան: Կը հաւատանք հայու ստեղծագործ ոգիի յաղթանակին:

Վ. Փ.

 

Ահա Թէ Ի՛նչ Ըսել Է
Օրէնքին Կառչիլ

Ներքին ապահովութեան ուժերուն կանոնագիրը կ՛ըսէ` «նոյեմբեր 1-ին` ձմեռնային համազգեստ»: Ու տարիներէ ի վեր, անձրեւէ թէ ոչ, արեւը այրէ թէ ոչ, ոստիկանը կը հանէ ամառնային թեթեւ համազգեստը` հագնելու համար ձմեռնայինը` պատրաստուած հաստ կտաւէ:

Այս տարի, սակայն, բոլոր տարիներէն տարբեր եղաւ: Նոյեմբեր 1-ին ջերմաչափը 32 աստիճան ցոյց կու տար: Բայց կանոնագիրը կարելի չէ խախտել, օրէնքը օրէնք է: Ի՜նչ փոյթ, եթէ խեղճ ոստիկանը այրի իր ձմեռուան համազգեստով, տրամադրութիւնը ըլլայ վատ եւ իր ամբողջ զայրոյթը թափէ քաղաքացիին վրայ…

 

Ակնարկ

Տասը Տարի Առաջ…

Տասը տարի առաջ, այս օրերուն, Միջին Արեւելքը տագնապի մէջ էր:

Եգիպտոսի դէմ իսրայէլեան արշաւանքէն հազիւ քանի մը օր ետք, անգլեւֆրանսական ուժերը, որոնց ընդհանուր բանակատեղը հաստատուած էր Կիպրոսի մէջ, Պեն Կուրիոնի հետ նախապէս գոյացած համաձայնութեամբ, կը յարձակէին Եգիպտոսի վրայ` նախագահ Նասըրը տապալելու եւ Սուէզի ազգայնացման առիթով ստեղծուած տագնապը լուծելու բացայայտ դիտաւորութեամբ:

Սուէզի արշաւանքը, որ քաղաքական մեծ սխալ մը եղաւ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի համար, Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծեց նոր կացութիւն մը, որմէ միակ վնասուողները եղան արեւմտեան պետութիւնները, նոյնիսկ` Միացեալ Նահանգները, որոնց դիրքը հանդիսացաւ գլխաւոր պատճառը արշաւանքին ձախողութեան:

Շատ քիչեր մնացած են այդ պատմական դէպքին դերակատարներէն:

Անգլիոյ այդ օրերու վարչապետը` Էնթընի Իտըն, ստիպուեցաւ հրաժարիլ հազիւ քանի մը ամիս ետք:

Ֆրանսայի վարչապետը` Կի Մոլէ, նոյն ճակատագրին ենթարկուեցաւ, անշուշտ, նուազ շռնդալից անկումով մը:

Ֆրանսական ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Շալ Ալժէի ապստամբութեան պատճառով ձերբակալուեցաւ ու տակաւին կը մնայ արգելափակուած:

Եգիպտոս եռեակ յարձակումէն դուրս եկաւ զօրացած թէ՛ ներքին, թէ՛ արաբական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ, ուր նախագահ Նասըրի վարկը բարձրացաւ համապատասխան չափով:

Սուէզ հանդիսացաւ գաղթատիրական երկիրներու վերջին ցնցումը: Պատմութեան մէկ գլուխը փակուեցաւ եւ բացուեցաւ ուրիշ մը, ուր արտաքին միջամտութիւնները հանդուրժելի չեն:

Գաղթատիրութիւնը պատմութեան կը պատկանի այլեւս, բոլոր ժողովուրդները, մեծ թէ փոքր, կը ձգտին տէր դառնալ իրենց ճակատագրին:

Ոմանք արդէն իրագործած են իրենց երազը: Ուրիշներ այդ ճամբուն վրայ են, եւ կասկած չկայ, որ պիտի հասնին իրենց իտէալին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կին Դէմքեր. Քաթրին Տընէօվ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?