Նշմար
Հայերէնը` Պատերուն Վրայ
Բարեձեւ երիտասարդ մը խանութ մտաւ եւ շատ քաղաքավար, նոյնիսկ տեսակ մը վախով հարցուց.
– Հաստատութեան տէ՞րը:
«Ես եմ» պատասխանողին` գրեթէ կակազեց.
– Ուշադրութիւնս գրաւեց ձեր յայտարարութիւնը: Շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ էր: Սակայն թոյլ կու տա՞ք, որ ձե՛ր իսկ օգտին` փոքրիկ դիտողութիւն մը ընեմ:
Ու արտօնութիւն առնելէ ետք բացատրեց, որ այդ յայտարարութեան մէջ ուղղագրական սխալներ սպրդեր են:
– Գիտէ՞ք,- եզրակացուց,- բանիմաց յաճախորդին վստահութիւնը կրնայ խախտիլ հաստատութեան նկատմամբ, երբ փոքր յայտարարութեան մը մէջ այնքան սխալներ գտնուին: Տեսակ մը անփութութեան տպաւորութիւն կ՛ունենայ նոյնիսկ ձեր գործին նկատմամբ: Ուստի, եթէ անպատեհութիւն չէք տեսներ, թոյլ տուէք, որ նշեմ այդ սխալները:
Խանութպանը, շփոթած, իրարանցումի մատնուեցաւ: Անմիջապէս խնդրեց, որ այդ ցուցմունքը ըլլար իրեն, եւ խոստացաւ անմիջապէս սրբագրութիւնը կատարել:
Երիտասարդը, նոյն յայտարարութեան նորը գրեց, օրինակը սեղանին վրայ դրաւ ու պատրաստուեցաւ մեկնելու` միշտ ամօթխած ու ներողութիւն խնդրելով:
Խանութպանը շատ խնդրեց անծանօթ երիտասարդէն, որ մնայ, սուրճ մը առնէ: Երիտասարդը սակայն կ՛աճապարէր: Չգիտցանք անունը անգամ:
Այս տպաւորիչ դէպքէն ետք հաստատութիւններու յայտարարութիւնները մասնաւոր հետաքրքրութեամբ սկսայ դիտել: Արդարեւ, շատ անխնամ դիր, շատ ծանր ուղղագրական սխալներով լեցուն տողեր տեսայ: Նոյնիսկ անձնանուններու մէջ` մէկէ աւելի սխալներ: Գէորգ, Յովսէփ, Յովհաննէս, Կարապետ ու շարք մը ամբողջ ասոնց նմանակներուն` գրուած էին տարօրինակ, տարօրինակ ձեւերով:
Այս աններելի երեւոյթին դէմ ժամանակին յօդուած գրուեցաւ: Ազգային վիրաւորանք կայ այս անփութութեան մէջ: Անոնց արմատական փոփոխութիւնը առաւելաբար յաճախորդին ձեռքը կը տեսնենք: Յայտարարութեան մը մէջ ուղղագրական կամ այլ սխալ տեսնող հայ յաճախորդը պէտք է ինքնիրեն իրաւունք տայ` ակնարկութիւն ընելու եւ նոյնիսկ քաղաքավար պահանջ ներկայացնելու: Օտար հաստատութիւններն անգամ շնորհակալութեամբ պիտի ընդառաջեն եղած կամ ըլլալիք դիտողութիւններուն:
Ուրախութիւն մը պիտի ըլլայ հայ անցորդին համար դիտել, որ հայ դպրոցական մը, մատիտը հանած, պատերուն վրայ փակցուած ինչ-ինչ յայտարարութիւններու սխալները կը սրբագրէ:
Վստահ ենք, որ խղճամիտ ու հայերէնին վրայ գործնականօրէն գուրգուրացող երիտասարդներ չեն պակսիր: Ու սխալներով լեցուն յայտարարութեան մը նորն ու շիտակ գրել տալը երբեք աւելորդ ծախս պիտի չըլլայ, այլ մոմագին մը` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անմահ աճիւնին:
ԱՍԻԱՑԻ
Նաւակատիք
«Փիթըր Եւ Էլիզապէթ Թորոսեան» Հայ Աւետ. Վարժարանի – Տորա
Տիկ. Էլիզապէթ Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ
Լիբանանեան Մայրիի Ա. Կարգի Շքանշանով
Բարձր հովանաւորութեամբ կրթական նախարար Ֆուատ Պութրոսի, կիրակի, 30 հոկտեմբեր 1966, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի ունեցաւ նաւակատիքը «Փիթըր եւ Էլիզապէթ Թորոսեան» Հայ աւետարանական վարժարանի նորակերտ շէնքին` վարժարանի ժողովասրահին մէջ, հրաւիրեալներու ընտիր հասարակութեան մը ներկայութեան:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը կատարեցին Բ. Զանոյեան եւ տոքթ. Ա. Մանուկեան: Վեր. Ս. Նիւյիւճիւքեանի աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ խմբերգ` ղեկավարութեամբ տոքթ. Է. Էլմաճեանի: Վարժարանի բարերար, հանգուցեալ Փիթըր Կ. Թորոսեանի կենսագրութիւնը ներկայացուց Օ. Պետիր: Մեներգեց Շ. Քէշիշեան:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան արաբերէնով կարդաց բովանդակալից ուղերձ մը: Այնուհետեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական մարմինի նախագահ վեր. Յ. Ահարոնեանի պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ բացումը Փիթըր Կ. Թորոսեանի կիսանդրիին` ձեռամբ Էլիզապէթ Թորոսեանի:
Կրթական նախարարի ներկայացուցիչ տոքթ. Թուֆիք Սապպաղ, յանուն հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի, Լիբանանեան «Մայրիի Ա. կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց էլիզապէթ Թորոսեանը` իբրեւ գնահատանք իր եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն կրթանուէր այն ծառայութեան համար, որ սրտաբուխ նուիրատուութեամբ կառուցել տուին կրթական այս գեղակերտ շէնքը լիբանանեան հողին վրայ:
Էլիզապէթ Թորոսեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց եղած մեծարանքին համար: Վարժարանին կողմէ երկու աշակերտուհիներ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեցին ազնուասիրտ բարերարուհիին` իբրեւ երախտագիտութիւն:
Այնուհետեւ, ներկաները բարձրացան վարժարանին սրահը, ուր շնորհաւորեցին Է. Թորոսեանը: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Հայ Կեանք
Խորէն Ա. Կաթողիկոս Իր Գոհունակութիւնը
Յայտնած Է Կիլիկիոյ Միաբանութեան Անդամներէն
Խոսրով Ծ. Վրդ. Էմիրզէեանի Էջմիածնի Մէջ
Եպիսկոպոսացման Համար
Խորէն Ա. կաթողիկոս, պատասխանելով Խոսրով ծ. վրդ. Էմիրզէեանի 4 օգոստոս թուակիր նամակին, գրած` իր եպիսկոպոսացման առիթով, պայմանաւ որ հրաժարէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութենէն եւ Ս. էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուելով` դառնար Ս. Էջմիածինի միաբան, եւ ուր Խոսրով ծ. վարդապետ կը խնդրէր վեհափառէն յայտնել իր կարծիքը եւ ընել թելադրութիւնները, ի միջի այլոց գրած է.
«Մենք որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ, որ երթաք Մայր Աթոռ Ս. էջմիածին եւ անդ եպիսկոպոսանալով` վերադառնաք եւ ծառայէք Պոլսոյ մեր բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր հայ ժողովուրդին, քանի որ Ս. Աթոռիս արտօնութեամբ մեկնած էիք Պոլիս նոյն այս առաքելութեամբ եւ ձեր եպիսկոպոսացումը բարւոք ծառայութեամբ նուաճուած նոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ ձեր կեանքին մէջ:
«ԾԱՌԱՅԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՎ ԵՒ ԾԱՌԱՅԵԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ.- Այս եղած է մեր Ս. Աթոռին նշանաբանը անցեալին մէջ, եւ այս է ներկայիս եւ այս պիտի ըլլայ ապագային:
«Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը իր փառքը կը տեսնէ իր ծառայութեան դաշտին մէջ: Ան ծառայեց, կը ծառայէ այժմ եւ կոչուած է միշտ ծառայելու հոն, ուր կարիքը կը զգացուի անոր հոգեւոր եւ մշակութային ծառայութեան: Ան հասած է եւ կոչումն ու առաքելութիւնը ունի հասնելու բոլոր անոնց, որոնք ծարաւը ունին հայ շարականին ու աղօթքին, Ս. Մեսրոպի մեծասքանչ լեզուին եւ մեր մշակոյթի ոսկեղէն արժէքներուն»:
Մկրտիչ Մարկոսեան Ս. Խաչ
Դպրեվանքի Տեսուչ Նշանակուած Է
Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի տեսուչ Խոսրով ծ. վրդ. Էմիրզէեանի հրաժարումէն ետք (իր եպիսկոպոսացման առիթով), նոր տեսուչ նշանակուած է դպրեվանքի առաջին սաներէն Մկրտիչ Մարկոսեան:
Նորընտիր տնօրէնին պաշտօնը հաստատուած է Կրթական տնօրէնութեան կողմէ եւ պաշտօնական փոխանցումը` կատարուած:
Վահան Ունճեանին Մահը
Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Վահան Ունճեան, 77 տարեկան հասակին:
Վահան Ունճեան մաս կը կազմէր Զմիւռնիոյ մարտական խումբին: 1916-ին ձերբակալուած էր դաշնակցական մարտական խումբին հետ եւ` մահուան դատապարտուած: Ամերիկայի դեսպան Մորկընթաուի միջամտութեամբ մահապատիժը ցկեանս բանտարկութեան վերածուած էր եւ փոխադրուած` Գոնիայի բանտը:
Զինադադարին ազատ արձակուած էր եւ հաստատուած` Ֆրանսա:
Լեւոն Երկանեան գրի առած էր անոր յուշերը, որոնք հրատարակուած են «Յուսաբեր»-ի մէջ: