Երիտասարդութեան Մասին
Երիտասարդները կ՛ըսեն` «Եթէ գիտնայի…»: Ծերերը կ՛ըսեն` «Եթէ կարենայի…»:
Առաջիններուն «գիտնայի»-ն մենք կը կոչենք փորձառութիւն, որ խտացած իմաստութիւն է, երկրորդներուն «կարենայի»-ն` խանդավառութիւն, որ «մայր է ամենայն բարեաց»: Այս երկուքը զիրար չեն փոխարիներ, զիրար կը լրացնեն եւ իրարմով արժէք կը ստանան:
Ծերերը փորձառութիւն ունին, բայց խանդավառութիւն չունին: Երիտասարդները խանդավառութիւն ունին, բայց փորձառութիւն չունին: Ո՞րն է կարեւորը կեանքի մէջ եւ ո՞րն է, որ մեզ առաջ կը տանի: Այս հարցումին կը պատասխանենք առանց դոյզն վարանումի. ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ: Այսինքն` հաւատքը եւ յանդգնութիւնը:
Փորձառութիւնը գործօն տարր չէ. խանդավառութիւնն է գործօն տարրը: Առաջինը ապահովագրութիւն մըն է սխալանքի դէմ, երկրորդը ապահովագրութիւն մըն է անգործօնութեան դէմ: Փորձառու մարդը նուազ կը սխալի, քան` խանդավառ մարդը: Բայց խանդավառ մարդը աւելի գործունեայ է, քան` փորձառու մարդը:
Մէկը յաւելում է, միւսը բազմապատկութիւն է:
Աւելի լաւ է սխալիլ, բայց գործել, քան թէ` չսխալիլ, բայց չգործել: Ասկէ զատ, գործելով միայն կարելի է փորձառու դառնալ եւ ոչ թէ` չգործելով: Մեր ըսաներէն, եւ ըսել ուզածներէն, կը հետեւի, որ մենք երիտասարդներու խանդավառութիւնը կը նախընտրենք ծերերու փորձառութենէն: Ասիկա յարգանքի պակաս մը չէ ծերերուն հանդէպ, որոնք ատեն մը երիտասարդ եղած են, այսինքն գործած են` յաճախ իրենց խանդավառութիւնը միայն ունենալով իբրեւ դրամագլուխ: Ասիկա յարգանքի յաւելեալ արտայայտութիւն մը չէ նաեւ երիտասարդներուն հանդէպ, որոնք օր մը պիտի ծերանան անշուշտ եւ պիտի ուզեն իրենց փորձառութիւնը հակադրել երիտասարդներու խանդավառութեան:
Այս է ընդունուած կարգը «ի հնուց անտի»: Մենք բացառութիւն չենք եւ չենք կրնար ըլլալ:
Հիմա, այս տողերը գրելու ատեն եւ գրելու առիթով, մեր միտքը կ՛իյնան Դաշնակցութեան հիմնադիրները, երեք եռամեծերը` Քրիստափոր, Զաւարեան եւ Ռոստոմ: 1890-ին, երբ հիմը դրուեցաւ Դաշնակցութեան` իբրեւ «հայ յեղափոխականների» կուսակցութիւն, Զաւարեան հազիւ 24 տարեկան էր, Ռոստոմ` 23 տարեկան: Բաղդատաբար աւելի «ծեր» էր Քրիստափորը, ընդամէնը` 31 տարեկան:
Ըսենք անցողակի, որ Քրիստափոր ծնած էր 1859-ին: Եղերական պայմաններու մէջ մահացաւ 1905-ին, 46 տարեկանին: Զաւարեան ծնած էր 1866-ին: Յանկարծամահ եղաւ 1913-ին, 47 տարեկանին: Ռոստոմ ծնած էր 1867-ին: Մեռաւ 1919-ին, 52 տարեկանին: Ամէնէն երիտասարդն էր ողջերուն մէջ, ամէնէն ծերը եղաւ մեռեալներուն մէջ:
Երեքն ալ ծեր չէին ուրեմն, այսինքն փորձառու մարդիկ չէին, երբ հիմնադրեցին նոր ժամանակներու հայ մեծագոյն կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Ընդհակառակն, երեքն ալ երիտասարդ էին, այսինքն զուրկ էին փորձառութենէն եւ իրենց խանդավառութիւնը միայն ունէին իբրեւ դրամագլուխ:
Քրիստափորի, Զաւարեանի, Ռոստոմի ատեն ալ կային «փորձառու»-ներ, բայց գործեցին երիտասարդները: Կրնանք ըսել, որ մինչ ծերերը կը մրափէին, երիտասարդները արթուն էին: Այսպէս է, որ խանդավառութիւնը յաղթեց ի վերջոյ, իսկ փորձառութիւնը պարտուեցաւ:
Հակադրութիւն մը կայ, հազիւ նշմարելի, բայց ըմբռնելի հակադրութիւն մը` երէկուան երիտասարդներուն եւ այսօրուան երիտասարդներուն միջեւ:
Մեր օրերու երիտասարդները զգայուն են, նրբացած ջիղեր ունին: Կ՛ուզեն, որ իրենց թերութիւններն իսկ ներկայացուին իբրեւ առաւելութիւն: Իրենց համար ներելի է, օրինակ, չյարգել երէցները, բայց չեն հանդուրժեր, որ երէցները չյարգեն զիրենք կամ ըսեն, որ երիտասարդութիւնը առաքինութիւն չէ, տարիք է:
Քրիստափորը, Զաւարեանը, Ռոստոմը նման չէին մեր օրերու երիտասարդներուն, ինչպէս որ մեր օրերու երիտասարդները նման չեն Քրիստափորին, Զաւարեանին կամ Ռոստոմին:
Առաջին տարբերութիւնը այն է, որ վերջինները հետամուտ չէին լորձնաշուրթն փառաբանութեան: Կապիտոլ չէին փնտռեր. ընդհակառակն, իբրեւ գաղափարապաշտ մարդիկ, պատրաստ էին ամէն զոհաբերութեան, նոյնիսկ զոհաբերութեան գերագոյն աստիճանին` մահուան, եւ Տարպեան ժայռէն չէին վախնար: Վկայութիւններ կան այն մասին, որ երեք եռամեծները յաճախ կը դատափետուէին, մինչեւ անգամ հալածանքի կ՛ենթարկուէին իրենց իսկ «ձեռնասուն»-ներուն կողմէ:
Հիմա գաղափարապաշտ մարդիկ չկան: Կան վերջամնացներ միայն, եւ երբ քանակով նուազին, որակով կ՛աւելնան դարու մը մէջ, որուն ճակատը դրուած է ՆԻՒԹ:
Ըսինք արդէն, որ մեր եռամեծերէն Քրիստափորը մեռաւ 46 տարեկանին, Զաւարեանը` 47 տարեկանին, Ռոստոմը` 52 տարեկանին:
Ըսենք նաեւ, որ առաջինը 31 տարեկան էր, երկրորդը` 24, երրորդը` 23, երբ հիմը դրին «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան»:
Այս տարիքներուն (23, 24, 31) մեր երիտասարդները կը մտածեն պարի, խրախճանքի, զբօսապտոյտի, լաւագոյն պարագային պասքեթպոլի մասին, այն համոզումով, որ դեռ շատ ժամանակ ունին մտածելու նաեւ գաղափարներու եւ գաղափարականներու մասին:
Եւ օր մըն ալ, երբ մահուան հրեշտակը յանկարծ այցի գայ իրենց, պիտի տեսնեն, որ փորձառութեան քննութիւնը յաջողութեամբ անցուցած են, բայց ձախողած են խանդավառութեան քննութեանց մէջ:
Հիմա դարձեալ ծայրէն սկսինք եւ ըսենք. աւելի լաւ է, որ մեր երիտասարդները «փորձառու» չըլլան, բայց գործեն, քան թէ «փորձառու» ըլլան, բայց չգործեն: Թող սխալին, թող մեղանչեն մինչեւ իսկ, բայց թող գործեն:
Եւ եթէ պատահի, որ չգործեն, յանցանքը քիչ մըն ալ երէցներունն է կարծես: Երէցներուն խոհեմութիւնը թոյլ չի տար, որ գործէ երիտասարդներուն յանդգնութիւնը:
Մենք այս տողերը գրեցինք ոչ իբրեւ պարսաւ, ոչ իբրեւ գնահատանք, այլ միայն` հրահրելու, գործօն բան մը դարձնելու համար մեր երիտասարդներուն խանդավառութիւնը:
Եւ մենք պիտի ըլլանք մեր երիտասարդներուն հետ, անոնց ձայնին ունկնդիր, անոնց գործին ակնկառոյց:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ