Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 22, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան Երէկ Մեծ Շուքով Տօնեց
Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձը

 

Լիբանան երէկ մեծ շուքով տօնեց ազգային անկախութեան 23-րդ տարեդարձը: Երկուշաբթի երեկոյէն ի վեր տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Պէյրութի եւ բոլոր շրջաններուն մէջ: Փողոցներն ու հանրային հաստատութիւնները լուսաւորուած էին եւ` դրօշազարդուած: Հրապարակներու վրայ զետեղուած էին բարձրախօսներ, եւ բազմութիւններ հաւաքուած` կ՛ունկնդրէին լիբանանեան եւ հայրենասիրական երգեր:

Երկուշաբթի իրիկուն ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Սպայից ակումբին մէջ, ուր խօսք առաւ նախագահ Հելու` շնորհաւորելով լիբանանեան բանակը:

Նոյն իրիկունը նախագահը ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` վեր հանելով Լիբանանի հանդէպ ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարներուն պարտականութիւնները:

Երեքշաբթի առտու ժամը 9:00-ին տեղի ունեցաւ զինուորական աւանդական տողանցքը, որուն մասնակցեցան բանակային բոլոր միաւորները, ինչպէս նաեւ միաւորներ` ներքին ապահովութեան ուժերէն, ոստիկանութենէն, հրշէջներէն եւ Կարմիր խաչէն:

Տողանցքին ներկայ գտնուեցան` նախագահ Հելու, խորհրդարանի նախագահ Սապրի Համատէ, վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, նախարարներ, երեսփոխաններ, Պէյրութի քաղաքապետը, բարձրաստիճան ապաշտօնատարներ, կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, դեսպաններ եւ այլ հիւրեր:

Տողանցքէն ետք նախագահը եկաւ քաղաք, ուր Ասսուր հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ մը դրաւ Լիբանանի անկախութեան դարբիններէն` Ռիատ Սոլհի արձանին առջեւ: Նախապէս այցելեց նաեւ նախագահ Պշարա Խուրիի շիրիմին:

Երէկ ամբողջ օրը արձակուրդ էր: Բոլոր խանութները  փակ մնացին, եւ ամէն ոք մասնակցեցաւ անկախութեան տօնակատարութեան:

 

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Փառաշուք
Ջահագնացութիւնը

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, այս տարի եւս, երէկ` երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները փառաշուք ջահագնացութիւն մը կատարեցին:

Պուրճ Համուտի սկաուտներու նուագախումբին առաջնորդութեամբ, գայլիկներ, Լիբ. օգնութեան խաչի արծուիկներ, արենուշներ եւ սկաուտներ բոլոր շրջաններէ, լիբանանեան, եռագոյն եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները բարձր պարզած, նախագահ Շարլ Հելուի մեծադիր նկարով, հրթիռով, ՀՄԸՄ-ի զինանշանով, լիբանանեան մայրիով, Լիբանանի քարտէսով  եւ պաստառներով ճամբայ ելան-քաղաքի ակումբէն, անցան Պուրճի հրապարակէն եւ ժամը 7:30-ին հասան Պուրճ Համուտ:

Իրենց  անցքին ամէնուրեք արժանացան ժողովրդային խանդավառ եւ անդադրում ծափերու:

Պուրճ Համուտի մէջ կանգ առին քաղաքապետարանի առաջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն:

Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, Պուրճ  Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, քաղաքապետական խորհուդի անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութենէն` ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան, տոքթ. Յ.  Պէրպէրեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան եւ բազմահազար ժողովուրդ ունկնդրեցին լիբանանեան քայլերգն ու «Յառա՛ջ, նահատակ»-ը ապա ընդհանուր խանդավառութեան մէջ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

Այնուհետեւ, ջահագնաց խումբը նոյն շարքով անցաւ հայկական թաղերէն, ուղղուեցաւ Սին էլ Ֆիլ, դէպի նախագահական ապարանք:

Պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետը, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները ներկայացան նախագահին եւ յանուն ՀՄԸՄ-ի շնորհաւորեցին Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը: Երկու սկաուտներ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեցին նախագահին:

Այնուհետեւ նախագահ Շարլ Հելու, վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, շրջապատուած պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ եւ պատուիրակութենէ, ունկնդրելէ ետք սկաուտական նուագախումբին հնչեցուցած լիբանանեան քայլերգը, ուրախութեամբ դիտեցին ջահագնաց խումբին տողանցքը ապարանքի բակին մէջէն:

Անգամ մը եւս փառաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ը` արժանանալով նախագահին եւ ներկաներու անվերապահ գնահատանքին:

 

Հայ Կեանք

«ՀՅ Դաշնակցութեան Օր»-ը Տեսինի Մէջ
Վեց Նորագիրներ Կը Մտնեն
Դաշնակցութեան Շարքերը

ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 76-ամեակի տօնակատարութիւնը, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Լազեան» խումբին եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Տեսինի կոմիտէին, տեղի ունեցած է ՀՅԴ Տան մէջ, հոծ բազութեան մը ներկայութեան:

Նախագահած է Հայկունի Թաշճեան:

Բանախօսած է Ժիրայր Դատաւորեան (Փարիզէն):

Խօսք առած է նաեւ Կարօ Յովսէփեան (Մարսէյէն):

Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Նոյն օրը, հանդէսէն առաջ, վեց երիտասարդներ, կնքահայրութեամբ Ժիրայր Դատաւորեանի, հանդիսաւորապէս կատարած են իրենց ուխտը եւ մտած` Դաշնակցութեան շարքերը:

Սան Ֆրանսիսքոյի
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Ակումբը` Այրած

«Ասպարէզ»-էն կը տեղեկանանք, որ նոյեմբեր 4-ի գիշերը այրած է Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբը: Հրդեհը ծագած է վարի յարկի խանութէ մը եւ` արագօրէն ծաւալած:

Շէնքը մասամբ միայն ապահովագրուած էր, հետեւաբար կարեւոր վնասներ կան:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Քննեց Սուրիահայութեան Օգնութեան Հարցը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?