Խմբագրական
Նոյեմբեր 22
Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, վաղը` երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր, արժանավայել շուքով եւ արտակարգ խանդավառութեամբ պիտի տօնէ անկախութեան քսաներորդ տարեդարձը, արդար հպարտութեամբը երկրի մը, որ գիտցաւ, անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին, գործնապէս արդարացնել եւ արժեւորել իր անկախութիւնը` հանրային կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ արձանագրելով զգալի նուաճումներ:
Լիբանան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ովասիս մը` եռեւեփող աշխարհի մը մէջ, այսօր մեզի կը ներկայանայ դիմագծովը բարոյական մեծութեան մը, որուն նմանները մատի վրայ կը համրուին ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ:
Արեւմտեան եւ արեւելեան քաղաքակրթութիւններու քառուղիին վրայ` Լիբանան կը հանդիսանայ աշխարհի այն բացառիկ երկիրներէն մէկը, ուր ապրիլը վայելք է տակաւին եւ մարդկային մտածողութիւնն ու արտայայտութիւնը ազատ ասպարէզ գտած են աւելի քան երբեք:
Խճանկար մը զանազան համայնքներու եւ ընկերային զանազան խաւերու` այս երկիրը, որ իրաւամբ կը կոչուի Արեւելքի Զուիցերիան, եթէ կրցաւ քսան տարուան համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցին հասնիլ այսպիսի նախանձելի մակարդակի մը, ատիկա կը պարտի նախ իր հեռատես ղեկավարներուն իմաստուն քաղաքականութեան, ու ապա` իր ժողովուրդին ձեռներէցութեան, հանրային ըմբռնումին եւ քաղաքացիական պարտականութիւններու հանդէպ ունեցած հետզհետէ աճող հետաքրքրութեան ու բծախնդրութեան:
Մասնաւորաբար վերջին տարիներուն Լիբանան բոլորեց բեղուն գործունէութեան շրջան մը, որ յատկանշուեցաւ զանազան մարզերու մէջ իրագործուած նուաճումներով: Ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, արմատացաւ ազգային միութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը լիբանանեան բոլոր զանգուածներուն մէջ, որոնք նոյն այդ միութիւնը կը նկատեն Լիբանանի գոյութեան հիմնաքարը, անոր անկախութեան եւ գերիշխանութեան ապահով գրաւականը:
Տարիները որքան անցան, այնքա՛ն աւելի շեշտուեցաւ այս գաղափարը, ու այսօր չկայ լիբանանցի մը, որ խորապէս կապուած չըլլայ այս երկրի անկախութեան եւ անոր մէջ չտեսնէ իր հիմնական նպատակը` հաւաքական թէ անհատական կեանքի մէջ:
Անկախութեան տարեդարձին առթիւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի միտքը կ՛երթայ հեռուն, քսանեւերեք տարի ետ, երբ այս երկրին ղեկավարները, խիզախ կեցուածք մը ունենալով հոգատար իշխանութեան դէմ, շնորհիւ իրենց անդրդուելի կամքին ու նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին միահամուռ կեցուածքին, կրցան տիրանալ լիբանանեան բազմաթիւ սերունդներու երազը եղող ազգային անկախութեան:
Այսօր անոնց քաղաքական վաստակն է, որ գուրգուրանքով կը պահուի բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ, որոնք իրենց Ազգային ուխտով գօտեպնդուած` եղբայրօրէն կը գործակցին նուաճելու համար նոր բարձունքներ:
Իբրեւ անդամը լիբանանեան ընտանիքին` այս գեղեցիկ երկրին հայութիւնը այլ համայնքներու իր եղբայրներուն հետ կ՛ողջունէ Լիբանանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձը, այդ անկախութեան կերտումին իր նպաստը բերած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:
Գիտակից` անկախութեան եւ ազատութեան բարիքներուն, դարերով պայքարած այդ երկու նուիրականութիւններուն համար, Լիբանանի հայութիւնը եղբայրօրէն կը մասնակցի այս ասպնջական երկրին զաւակներուն ուրախութեան` բաժնելով անոնց հպարտութիւնն ու ցնծութիւնը:
Հայութիւնը, որ իբրեւ համայնք` Լիբանանի հետ զուգընթաց ծաղկած է եւ բարգաւաճած, անոր միւս համայնքներուն հետ ձեռք ձեռքի, պիտի շարունակէ այսուհետեւ եւս իր լայն բաժինը բերել այս գեղեցիկ երկրի վերելքին ու բարգաւաճման:
Հաղորդագրութիւն
Ս. Ղազարի Ողողումը
Նոյեմբեր 4-ի ջրհեղեղը, որ հարուածեց գրեթէ ամբողջ Իտալիան, մանաւանդ` Ֆիրենցէ ու Վենետիկ քաղաքները, չխնայեց նաեւ Ս. Ղազարի վանքին, հակառակ անոր որ պարիսպները մնացին անխորտակելի:
Աննախընթաց մակընթացութիւն մը, որ չի յիշատակուիր հազար տարիէ ի վեր, հարաւարեւելեան կատաղի քամիին միացած (120 քմ ժամական արագութեամբ), յանկարծ խուժեց Վենետիկի խաղաղ լճակին վրայ: Յորդահոս անձրեւը կու տար իսկական ջրհեղեղի մը պատկերը:
Ծովի ջուրը բարձրացած էր մէկուկէս մեթրէն, սովորական աստիճանէն աւելի: Վանքի մեծ ու փոքր նաւամատոյցներէն եւ շրջապատի այլ յարակից մուտքերէն անգամ (չպատահած եղելութիւն) ջուրը խուժեց ներս. մայր դրան առջեւ հասաւ մինչեւ 1,13 մեթր բարձրութեան: Հակառակ անոր որ ստորին յարկի սրահները թեթեւ զառիվեր մը ունին, յորդահոս ջուրը մտնելով հիւրանոցէն` յառաջացաւ մինչեւ խոհանոց, ճաշարան, եկեղեցի, շտեմարաններ, աշխատաւորներու սենեակներ (նաւավար, պարտիզպան, խոհարար, դռնապան), նորընծայարան, ներքին մատուռ:
Ըստ վանքի ժամանակագրութեան, 1916 նոյեմբեր 21-ին տեղի ունեցած է մեծ մակընթացութիւն մը եւ ջուրը սեղանատան մէջ հասած է մինչեւ 0,38 մեթր բարձրութեան: Այս անգամ սակայն բարձրացաւ մինչեւ 0,78 մեթր: Իսկ եկեղեցին ջուրը անցնելով ատեանէն, մտաւ դաս ու բարձրացաւ մինչեւ աւագ բեմի երրորդ աստիճանը (0,44 մեթր դասին մէջ): Թէ՛ 1916-ի, թէ՛ 1935-ի եւ թէ՛ 1951-ի մակընթացութիւններուն ջուրը չէր մտած դաս:
Վանքի քառանկիւնին ներքին պարտէզը, արտաքին պարտէզին մեծ մասը եւ այգին երկար ժամեր մնացին ջուրին տակ: Սովորական պայմաններուն մէջ ջուրը վեց ժամուան ընթացքին կը սկսէր քաշուիլ: Այս անգամ յամառօրէն մնաց 12 ժամէն աւելի: Իմացանք, որ Վենետիկի լճակին թումբերէն մէկն ալ խորտակուեր է:
Ս. Ղազարի վարի յարկերէն մասնաւորաբար վնասուեցան սեղանատան եւ եկեղեցւոյ ընկոյզէ որմատախտակները, ներքնայարկի կահ-կարասիները, իսկ մարմարէ սիւներուն վրայ իջաւ նաւթային իւղոտ մրուր մը: Ջերմաբաշխի կեդրոնները, իրենց ելեկտրական սարքերով ու բոցահան մեքենաներով մնացին ջուրերու տակ: Դադրեցան ելեկտրականութիւնը եւ հեռաձայնը:
Մինչ մէկ կողմէն ջուրերը կը բարձրանային ահեղ թափով, ներսը պայքար մը կար` փրկելու համար կարելին: Միաբաններ ու աշակերտներ կը բարձրացնէին, ապա քիչ մըն ալ կը բարձրացնէին ամէն թանկագին առարկայ:
Հակառակ ամէն ակնկալութեան, ջուրը մտաւ նաեւ տպարան, որ թէեւ ներքնայարկի վրայ, սակայն հինգ աստիճան բարձր է միւս յարկաբաժիններէն: Տպագրական բազմաթիւ մեքենաներ մնացին աղի ջուրին տակ:
Երիտասարդ վարդապետներէն յանդգնագոյններ բոկոտն իջան տպարան, գրեթէ լողալով, փրկելու համար այնտեղէն ալ կարելին, ի մասնաւորի, հայկական մանրանկարչութեան նորատիպ պրակները, եւ… յաջողեցան: Դժբախտաբար անկարելի եղաւ պարպել գրավաճառանոցի հսկայ շտեմարանը, ուր ջուրը շուրջ կէս մեթր բարձրութեամբ մտաւ, վանքի ներքին պարտէզի դուռերէն: Ու բաւական թիւով հին ու նոր տպագրութիւններ թաղուեցան ջուրերու տակ` խլելով արցունքը միաբաններուն:
Մինչ անդին, քամին պարտէզին մէջ կը տապալէր հսկայ ծառեր, բայց այդ այնքան չէր մտահոգեր մեզ, որքան` մշակութային գանձերը:
Բարեբախտաբար մատենադարանի, ձեռագրատան, դիւանի, լրագրային հաւաքածոներու ճոխ բաժինները կը գտնուին վանքի վերին յարկերուն մէջ, ուր ջուրը չէր կրնար հասնիլ: Որեւէ վտանգ չպատահեցաւ այդ գանձերուն:
Սակայն ստորին յարկին մէջ բաւական վնասուեցան լրագրային հաւաքածոներու կրկնօրինակները, գոնէ` մասամբ:
Այս բոլորը` հազիւ քանի մը ժամուան ընթացքին: Առաւօտեան ժամը ինն էր, երբ զգացինք ջուրերուն խուժումը: Կէսօրին արդէն ամէն ինչ ջուրին տակ էր սուզուած:
Վարդապետներն ու աշակերտները, ջուրերու դէմ պայքարելէ ետք, հուսկ քաշուեցան վերի յարկերը, ուր չոր ճաշ մը կատարեցին: Բարեբախտաբար, տօնական օր ըլլալով, հացը նախորդ օր հասած էր եւ գոնէ ատիկա չպակսեցաւ: Իսկ մնացած ուտելիքները վարի մառանէն վեր փոխադրելու համար մինչեւ իսկ զուարճալի միջոցներու հարկ եղաւ դիմել:
Ու մթնեց, իջաւ երեկոն պաղ ջուրերուն վրայ: Վառեցան մոմերը: Գիշերուան ժամը 10:00-ին ատեններն էր, երբ նշմարեցինք, որ ջուրը վերջապէս սկսած է քաշուիլ: Արդէն կը մարէին մոմերն ալ, կը վառէր լոկ յոյսը: Հովը դադրած էր, աստղազարդ գիշեր մըն էր:
Առաւօտուն դարձեալ խոնաւ օդը պատեր էր: Ջուրերը բոլորովին քաշուած էին` ձգելով սակայն ջարդի եւ թալանի տխուր տպաւորութիւն: Եւ ահա դարձեալ գործի, մաքրելու, սրբելու եւ տեղաւորելու համար ամէն ինչ, կարգ մը բաներ ալ` նետելու առ յաւէտ:
Օրեր անցան: Եւ ահա հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ ջուրին գործած հսկայ աւերը: Հեռաձայնը կը սկսի բանիլ, եւ ահա տխուր լուրերը կը բարդուին:
Ինչպէս ծանօթ է, վանքը ունի, Վենետիկի նահանգին մէջ, հողային կալուածներ, բարերար նուիրատուներու դրամներով գնուած եւ մշակութեան յանձնուած: Գրեթէ բոլոր այդ հողամասերը, այգիներ, մրգաստաններ, բանջարանոցներ, ձկնարաններ, մնացած էին ջուրերու եւ տիղմի տակ: Աղէտին հետեւանքները զգալի պիտի ըլլան մինչեւ երկու կամ երեք տարի` ըստ մասնագէտներու: Կորուստը քանի մը տասնեակ միլիոններու կրնայ հասնիլ:
Հիմա կը սպասենք չոր ու արեւոտ օրերու` դարմանելու համար աղէտին հետքերը, գոնէ` մասամբ: Շաբաթներով տպարանը կը մնայ ամուլ` մեքենաներու նորոգութեան գործով լոկ զբաղած:
Ոչ մէկ վնաս` վարդապետներուն, աշակերտներուն եւ աշխատաւորներուն:
Բաւական վնաս ունեցանք նաեւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի մէջ: Հոն ջուրը ներս խուժեց ստորին յարկի պատուհաններէն իսկ` միասին բերելով քաղաքին ստորախաւերէն հաաւաքուած նաւթը եւ սեւցնելով պատերը: Ամբողջ պարտէզը մնաց ջուրին տակ: Դպրոցը զրկուած մնաց ելեկտրական հոսանքէ ամբողջ վեց օր: Բարեբախտաբար խոհանոցը բարձր ըլլալով` վնաս չկրեց: Կերակուրը անպակաս եղաւ: Հացը կարելի եղաւ ճարել մերձաւոր Մեսթրէ քաղաքէն: Դասարաններն ալ բոլորը երկրորդ յարկին վրայ ըլլալով` չունեցան վնաս: Սակայն վարի յարկը կեղտոտեցաւ: Վարժարանին նորոգութիւնները տակաւին չէին աւարտած ու փճացան շինութեան վերաբերեալ կարգ մը նախանիւթեր: Վնասուած են ստորին բոլոր սենեակները, մանաւանդ` հեռատեսիլին սենեակը, լուացքի մեքենաները, ջերմութեան կեդրոնը, դպրոցական գրադարանը եւ այլ յարակից մասեր: Ոչ մէկ վնաս անձի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ
Վենետիկ, 10 նոյեմբեր 1966