ՀՅ Դաշնակցութեան 76-Ամեակի
Տօնակատարութիւններ
Իսիի Մէջ (Ֆրանսա)
Ճաշկերոյթով եւ խրախճանքով տօնակատարուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակը Իսիի մէջ:
Բացման խօսքը ըրած է ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի կողմէ Յարութիւն Շիրվանեան:
Բանախօսած են` Ժ. Փալամուտեան, Ե. Մինասեան եւ Հ. Հանտալեան:
Մէջ ընդ մէջ գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Լին-Սէյլըմի Մէջ (Քանատա)
Նախաձեռնութեամբ «Ղազարեան» կոմիտէի, Լին-Սէյլըմի հայ գաղութը եւս տօնած է ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակը ֆրանքեւքանատական ակումբին մէջ:
Նախագահած եւ բացման խօսքը ըրած է Յակոբ Ասլանեան:
Բանախօսած է Ստեփան Տարտունի (հրաւիրուած` Նիւ Եորքէն):
Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, եւ տօնակատարութիւնը վերջ գտած է խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
«Բագին» Գրական Ամսագրի Զրոյցներ
Պօղոս Սնապեանի
«Ես Այդ Շունն Եմ»
«Բագին» գրական ամսագրի զրոյցներէն չորրորդը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 1966-ի երեկոյեան: Զեկուցաբեր Կ. Սասունի ներկայացուց Պ. Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գրքոյկը` որպէս երիտասարդ հայու մը անձնական տագնապը, ներքին փնտռտուքը հայու հոգիին եւ Հայաստանի: Հայաստան եւ հայրենիք սահմանումներուն մէջ կը մտնեն իր համար հոգեկանը, գաղափարականը, անզսպելի ներքինը հայուն: Ընդվզում մը կայ այս գրքին մէջ` ի տես գաղափարներու ուրացումներուն. զրոյց մը կայ ուրացման ճամբուն վրայ անցած մարդու մը հետ, եւ բանաստեղծական շունչով զրոյց մըն է ինքն իր հետ, որ կ՛ընթանայ աղօթողի – բողոքողի ելեւէջներով: Պոէմ մը չէ, իմացական եւ ազգային տագնապի մը արտայայտութիւնն է` բանաստեղծական ելեւէջներով, ներկայացումն է իր սերունդի տագնապներուն` բանաստեղծական սքեմի մը տակ:
Զեկուցաբերի զեկուցումէն ետք տեղի ունեցան մէկ-երկու հատուածներու ընթերցում, ապա ձայն առին ներկաները` քննելու համար գիրքը թէ՛ որպէս վկայութիւն հեղինակի մը, կամ սերունդի մը տագնապին, եւ թէ՛ որպէս գրականութիւն, կամ արուեստ:
Արտայայտուեցաւ այն կարծիքը, որ գիրքը վարակիչ է, անկասկած եւ արտայայտող տագնապի մը, սակայն կառուցումին մէջ երեք տարբեր մակարդակներ իրարու միացուած են` անձնականը, ազգայինը, մարդկայինը, ինչ որ տկարացուցած է իւրաքանչիւրը այդ բաժիններէն: Եթէ հեղինակը մնար զուտ անձնական տագնապի սահմաններուն մէջ ու խորացնէր, պիտի կարենար իմաստասիրական խորքով իրական գրական գործ մը տալ:
Հարցնողներ եղան թէ արդեօ՞ք այս գիրքը ներկայ սերունդին տագնապները կ՛արտայայտէ, հայրենիքի, գաղափարական ձգտումներու եւ զանոնք ուրացողներու, ուրացողներու ըսածներու կրկնութիւններէն յառաջացող: Ո՞ւր է առօրեան, ներկան, ամէնօրեայ կեանքը գրքին մէջ:
Կա՞յ սակայն արդեօք միայն մէկ սերունդ, մէկ նոր սերունդ, միատեսակ նոր սերունդ:
Բազմաթիւ սերունդներ կ՛ապրին սփիւռքի տարածքին, եւ եթէ այս կամ այն կը գտնէ, թէ իր տագնապը չէ այս գրքին մէջ արտայայտուածը, մտածող միտքը պէտք է ընդունի, որ ուրիշ ձեւի հոգեկան աշխարհ ունեցող սերունդ մը կայ, որուն տագնապը տրուած է այստեղ:
Ինչ կը վերաբերի առօրեային, այո՛, հեղինակը չէ ագուցած առօրեան ուղղակի ձեւով մը իր հոգեկան տագնապներուն, տուած է, սակայն, որպէս հեռուէն երեւցող պատկեր, որուն ինք մասնակից չի կրնար ըլլալ: Այդ մասնակից չկարենալ ըլլալու երեւոյթն ալ ինքնին տագնապի մը արտայայտութիւնը չէ՞ արդեօք:
Գիրքի գրական կողմին մասին խօսելով` ներկաները դժուարութեան մատնուեցան ճշդելու, թէ ի՛նչ պիտի կոչէին գիրքը, քանի որ պատմուածք մը չէր, բանաստեղծութիւն չէր, լրագրական յօդուած չէր:
Վկայութիւն մըն էր` գրական շունչով տրուած: Բողոքեցին ոմանք, թէ լեզուն, որ գրականութեան հիմնական յատկանիշներէն մին է, կը բացակայի գիրքէն. ընթերցողին կը թուի, թէ կարդացած բան մը կը կարդայ, որովհետեւ լեզուն աւելի մօտ է մամուլի, հրապարակագրութեան լեզուին: Շունչը կայ անկասկած, ըսին, սակայն շունչը կը բաւէ՞ բանաստեղծութիւն համարելու համար:
Այո՛, բանաստեղծութիւն չէ գիրքը, պատմուածք մը չէ գիրքը, բանաստեղծական սքեմ մը ունի իր վրայ սակայն, եւ իր արտայայտութեան ձեւը գրական ապրում կը բերէ, կը վարակէ: Լրագրական պարզ հրապարակագրութենէն շատ հեռու է, շատ աւելի բարձր է, որով գրական կալուածին մէջ կ՛իյնայ:
Թերեւս կը պակսի գործին կառուցում. մէկ շունչով գրուելէն ետք կատարուելիք աշխատանքը, վերադասաւորման, զեղչումի կամ յաւելումի, որ պիտի առաջնորդէ ընթերցողը զարգացուած նիւթի մը զգայնութեան: Մինչդեռ հիմա կ՛ունենանք ապրումը` ընդվզումի ճիչ մը լսած ըլլալու:
Լեզուի հարցեր գրուեցան այստեղ, պայման չէ, կարելի է շատ պարզ լեզուով մը, շատ ընթացիկ լեզուով մը գրական գործեր տալ: Գիրքը, որ մեր դիմաց ունինք, հեղինակի տագնապին հարազատ արտայայտութիւնն է: Մինչդեռ անգամ երբ կը գրէ Հայաստանի ժողովուրդին անունով եւ այդ ժողովուրդի տագնապները կը ներկայացնէ մեզի, դարձեալ իրն են անոնք: Էականը այն է, թէ կրցա՞ծ է պէտք եղած ջերմութեամբ տալ իրը եղող այդ հոգեկան տագնապները: Անկասկած որ կրցած է: Թէեւ այս կամ այն ժանրին մէջ տեղաւորելը դժուար է գործը, սակայն անկասկած որ գրական գործ մըն է:
Չմոռնանք նաեւ, որ չի կրնար գոյութիւն ունենալ ընդհանուրը արտայայտող բոլոր սերունդներու հոգեկան աշխարհի ներկայացուցիչ հեղինակ: Ամէն մէկը, ուզէ կամ ոչ, մէկ մասի արտայայտիչն է: Կարեւորը` փոխանցել կարենալն է անկեղծութեան, ջերմ ապրումի զգայնութեան: Եւ հեղինակը կրցած է ատիկա ընել:
Եթէ կառուցուած գործ մը տար, եթէ պատմուածքով մը տար, եթէ վէպով մը տար, եթէ բանաստեղծութեամբ մը տար… անշուշտ տարբեր բան մը պիտի ըլլար, այդ բոլոր եթէները սակայն ի զուր են:
Մեր դիմաց ունինք անձնական եւ սերունդի մը տագնապներէն բխող ճիչ մը: Անկեղծ ճիչ մըն է այս գիրքը: