Երիտասարդութեան Մասին
Երիտասարդները կ՛ըսեն` «Եթէ գիտնայի…»: Ծերերը կ՛ըսեն` «Եթէ կարենայի…»:
Առաջիններուն «գիտնայի»-ն մենք կը կոչենք փորձառութիւն, որ խտացած իմաստութիւն է, երկրորդներուն «կարենայի»-ն` խանդավառութիւն, որ «մայր է ամենայն բարեաց»: Այս երկուքը զիրար չեն փոխարիներ, զիրար կը լրացնեն եւ իրարմով արժէք կը ստանան:
Ծերերը փորձառութիւն ունին, բայց խանդավառութիւն չունին: Երիտասարդները խանդավառութիւն ունին, բայց փորձառութիւն չունին: Ո՞րն է կարեւորը կեանքի մէջ եւ ո՞րն է, որ մեզ առաջ կը տանի: Այս հարցումին կը պատասխանենք առանց դոյզն վարանումի. ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ: Այսինքն` հաւատքը եւ յանդգնութիւնը:
Փորձառութիւնը գործօն տարր չէ. խանդավառութիւնն է գործօն տարրը: Առաջինը ապահովագրութիւն մըն է սխալանքի դէմ, երկրորդը ապահովագրութիւն մըն է անգործօնութեան դէմ: Փորձառու մարդը նուազ կը սխալի, քան` խանդավառ մարդը: Բայց խանդավառ մարդը աւելի գործունեայ է, քան` փորձառու մարդը:
Մէկը յաւելում է, միւսը բազմապատկութիւն է:
Աւելի լաւ է սխալիլ, բայց գործել, քան թէ` չսխալիլ, բայց չգործել: Ասկէ զատ, գործելով միայն կարելի է փորձառու դառնալ եւ ոչ թէ` չգործելով: Մեր ըսածներէն, եւ ըսել ուզածներէն, կը հետեւի, որ մենք երիտասարդներու խանդավառութիւնը կը նախընտրենք ծերերու փորձառութենէն: Ասիկա յարգանքի պակաս մը չէ ծերերուն հանդէպ, որոնք ատեն մը երիտասարդ եղած են, այսինքն գործած են` յաճախ իրենց խանդավառութիւնը միայն ունենալով իբրեւ դրամագլուխ: Ասիկա յարգանքի յաւելեալ արտայայտութիւն մը չէ նաեւ երիտասարդներուն հանդէպ, որոնք օր մը պիտի ծերանան անշուշտ եւ պիտի ուզեն իրենց փորձառութիւնը հակադրել երիտասարդներու խանդավառութեան:
Այս է ընդունուած կարգը «ի հնուց անտի»: Մենք բացառութիւն չենք եւ չենք կրնար ըլլալ:
Հիմա, այս տողերը գրելու ատեն եւ գրելու առիթով, մեր միտքը կ՛իյնան Դաշնակցութեան հիմնադիրները, երեք եռամեծերը` Քրիստափոր, Զաւարեան եւ Ռոստոմ: 1890-ին, երբ հիմը դրուեցաւ Դաշնակցութեան` իբրեւ «հայ յեղափոխականների» կուսակցութիւն, Զաւարեան հազիւ 24 տարեկան էր, Ռոստոմ` 23 տարեկան: Բաղդատաբար աւելի «ծեր» էր Քրիստափորը, ընդամէնը` 31 տարեկան:
Ըսենք անցողակի, որ Քրիստափոր ծնած էր 1859-ին: Եղերական պայմաններու մէջ մահացաւ 1905-ին, 46 տարեկանին: Զաւարեան ծնած էր 1866-ին: Յանկարծամահ եղաւ 1913-ին, 47 տարեկանին: Ռոստոմ ծնած էր 1867-ին: Մեռաւ 1919-ին, 52 տարեկանին: Ամէնէն երիտասարդն էր ողջերուն մէջ, ամէնէն ծերը եղաւ մեռեալներուն մէջ:
Երեքն ալ ծեր չէին ուրեմն, այսինքն փորձառու մարդիկ չէին, երբ հիմնադրեցին նոր ժամանակներու հայ մեծագոյն կուսակցութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Ընդհակառակն, երեքն ալ երիտասարդ էին, այսինքն զուրկ էին փորձառութենէն եւ իրենց խանդավառութիւնը միայն ունէին իբրեւ դրամագլուխ:
Քրիստափորի, Զաւարեանի, Ռոստոմի ատեն ալ կային «փորձառու»-ներ, բայց գործեցին երիտասարդները: Կրնանք ըսել, որ մինչ ծերերը կը մրափէին, երիտասարդները արթուն էին: Այսպէս է, որ խանդավառութիւնը յաղթեց ի վերջոյ, իսկ փորձառութիւնը պարտուեցաւ:
Հակադրութիւն մը կայ, հազիւ նշմարելի, բայց ըմբռնելի հակադրութիւն մը` երէկուան երիտասարդներուն եւ այսօրուան երիտասարդներուն միջեւ:
Մեր օրերու երիտասարդները զգայուն են, նրբացած ջիղեր ունին: Կ՛ուզեն, որ իրենց թերութիւններն իսկ ներկայացուին իբրեւ առաւելութիւն: Իրենց համար ներելի է, օրինակ, չյարգել երէցները, բայց չեն հանդուրժեր, որ երէցները չյարգեն զիրենք կամ ըսեն, որ երիտասարդութիւնը առաքինութիւն չէ, տարիք է:
Քրիստափորը, Զաւարեանը, Ռոստոմը նման չէին մեր օրերու երիտասարդներուն, ինչպէս որ մեր օրերու երիտասարդները նման չեն Քրիստափորին, Զաւարեանին կամ Ռոստոմին:
Առաջին տարբերութիւնը այն է, որ վերջինները հետամուտ չէին լորձնաշուրթն փառաբանութեան: Կապիտոլ չէին փնտռեր. ընդհակառակն, իբրեւ գաղափարապաշտ մարդիկ, պատրաստ էին ամէն զոհաբերութեան, նոյնիսկ զոհաբերութեան գերագոյն աստիճանին` մահուան, եւ Տարպեան ժայռէն չէին վախնար: Վկայութիւններ կան այն մասին, որ երեք եռամեծները յաճախ կը դատափետուէին, մինչեւ անգամ հալածանքի կ՛ենթարկուէին իրենց իսկ «ձեռնասուն»-ներուն կողմէ:
Հիմա գաղափարապաշտ մարդիկ չկան: Կան վերջամնացներ միայն, եւ երբ քանակով նուազին, որակով կ՛աւելնան դարու մը մէջ, որուն ճակատը գրուած է ՆԻՒԹ:
Ըսինք արդէն, որ մեր եռամեծերէն Քրիստափորը մեռաւ 46 տարեկանին, Զաւարեանը` 47 տարեկանին, Ռոստոմը` 52 տարեկանին:
Ըսենք նաեւ, որ առաջինը 31 տարեկան էր, երկրորդը` 24, երրորդը` 23, երբ հիմը դրին «Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան»:
Այս տարիքներուն (23, 24, 31) մեր երիտասարդները կը մտածեն պարի, խրախճանքի, զբօսապտոյտի, լաւագոյն պարագային պասքեթպոլի մասին, այն համոզումով, որ դեռ շատ ժամանակ ունին մտածելու նաեւ գաղափարներու եւ գաղափարականներու մասին:
Եւ օր մըն ալ, երբ մահուան հրեշտակը յանկարծ այցի գայ իրենց, պիտի տեսնեն, որ փորձառութեան քննութիւնը յաջողութեամբ անցուցած են, բայց ձախողած են խանդավառութեան քննութեանց մէջ:
Հիմա դարձեալ ծայրէն սկսինք եւ ըսենք. աւելի լաւ է, որ մեր երիտասարդները «փորձառու» չըլլան, բայց գործեն, քան թէ «փորձառու» ըլլան, բայց չգործեն: Թող սխալին, թող մեղանչեն մինչեւ իսկ, բայց թող գործեն:
Եւ եթէ պատահի, որ չգործեն, յանցանքը քիչ մըն ալ երէցներունն է կարծես: Երէցներուն խոհեմութիւնը թոյլ չի տար, որ գործէ երիտասարդներուն յանդգնութիւնը:
Մենք այս տողերը գրեցինք ոչ իբրեւ պարսաւ, ոչ իբրեւ գնահատանք, այլ միայն` հրահրելու, գործօն բան մը դարձնելու համար մեր երիտասարդներուն խանդավառութիւնը:
Եւ մենք պիտի ըլլանք մեր երիտասարդներուն հետ, անոնց ձայնին ունկնդիր, անոնց գործին ակնկառոյց:
Բ. ԹԱՇԵԱՆ
Համաստեղ
Հայ Գրականութեան
Սպիտակ Ձիաւորը
Սուգի վարագոյրը իջաւ հայ գրականութեան վրայ:
Համաստեղ` վերջին յիսնամեակի մեր գրական անդաստանին ամէնէն զտարիւն գրագէտը, հայ գիւղի անզուգական երգիչը «հայկական լեռներու սրնգահարը», խոնարհներու մտերիմը ինկաւ պատնէշի վրայ, մեծարանքի այն հանդիսութեան ընթացքին, որ իր գրական գործունէութեան յիսնամեակին առիթով կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի մէջ:
Հայ գրականութեան Սպիտակ Ձիաւորն է, որ գահավիժեցաւ անդունդն ի վար` անմիջապէս ետք բարձրանալու համար մեր անկորնչելի արժէքներուն երկնակամարը, կազմելու համար իսկական համաստեղութիւնը մեր մշակոյթի անմահ հսկաներուն հետ:
Համաստեղ գործեց ու գրեց հեռաւոր Ամերիկայի մէջ, բայց իր հոգին մնաց իր հայրենի բնաշխարհին մէջ, հոնկէ տարաւ անընկճելի պատկերը իր գիւղին, գիւղացիին, համեստ, այլ փիլիսոփայ մարդոց, որոնք տաղանդաւոր գրագէտին նկարչագեղ գրչին տակ մտան հայ գրականութենէն ներս եւ գրաւեցին իրենց տեղը յաւիտենական հերոսներու շարքին: