Լիբանանի Քեսապցիներու
Ուսումնասիրաց Միութեան
Գիշերային Դպրոցը
Լիբանանի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութիւնը, հիմնուած 1950-ին, իր ուշագրաւ գործունէութեամբ կարեւոր դեր մը ստանձնած է լիբանանահայ գաղութի նուաճողական վերելքին մէջ:
Ոչ միայն միութենական ներքին կեանքով, կազմակերպած ձեռնարկներով, Քեսապի «Միացեալ» վարժարանին իր բերած բարոյական եւ նիւթական այնքան էական օժանդակութեամբ, այլ եւ մանաւանդ` իրագործելով իր ծրագրի գլխաւոր առաջադրանքներէն` «Քեսապցիներու մասնակցութիւնը բերել լիբանանահայ կեանքին, մասնաւորապէս` կրթական-մշակութային գետնի վրայ», իր հիմնադրութենէն ի վեր, օրինակելի կանոնաւորութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, առանց կանգ առնելու որեւէ զոհողութեան առջեւ, կը պահէ իր «ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ»-ը:
Այս լուրջ ձեռնարկի մասին աւելի լայն ու վաւերական տեղեկութիւններ տալու համար մեր ընթերցողներուն վերջերս այցելեցինք դպրոց:
Ծանօթանալէ ետք դպրոցի տնօրէն Յովհաննէս Սարմազեանի հետ, երբ յայտնեցինք մեր այցելութեան նպատակը, երիտասարդ ու համակրելի տնօրէնը սիրալիր ընդունելութենէ մը ետք ըսաւ.
– Պատասխանելէ առաջ ձեր հարցումներուն, նախ կ՛ուզեմ Լիբանանի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի կողմէ շնորհակալութեան խօսք ուղղել «Սուրէն Խանամիրեան» քոլեճի պատուարժան խնամակալ վարչութեան` յայտնելով մեր խորին երախտագիտութիւնը, որ այս տարի եւս «Գիշերային դպրոց»-ի համար սիրայօժար տրամադրեց քոլեճի այս երկրորդ յարկաբաժինը իր բոլոր դասարաններով:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է նպատակը «Գիշերային դպրոց»-ի:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Գործաւոր, արհեստաւոր, պաշտօնեայ կամ ազատ ասպարէզի հետեւող 15 տարեկանէն մինչեւ 50 տարեկան բոլոր երկսեռ հայերուն, անխտիր, որոնք կեանքի բերումով հարկադրաբար զրկուած են ուսումը շարունակելու հնարաւորութենէ, գիշերային դասընթացքներով սորվեցնել իրենց նախասիրած լեզուները` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն, նաեւ` թուաբանութիւն եւ մեքենագրութիւն:
Հ.- Որքա՞ն է թիւը ուսանողներուն, ինչպէ՞ս կատարած էք դասարանային բաժանումները եւ ի՞նչ ծրագիր կը գործադրէք:
Պ.- Ունինք 78 երկսեռ ուսանող: Դասարանները բաժնուած են` համաձայն ուսանողներու ուսման մակարդակի: Ունինք չորս դասարան անգլերէնի, երեք դասարան ֆրանսերէնի, երկու` արաբերէնի, մէկական` գերմաներէնի եւ հայերէնի, նաեւ` թուաբանութեան եւ մեքենագրութեան յատուկ պահեր: Կը գործադրենք նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երբեմն բարձրագոյն վարժարաններու կրթական ծրագիրը:
Հ.- Ո՞ր օրերը եւ ո՞ր ժամերուն տեղի կ՛ունենան դասաւանդութիւնները:
Պ.- Դասաւանդութիւններուն կը սկսինք դպրոցական վերամուտին եւ ամէնօրեայ դպրոցի մը կանոնաւորութեամբ, հոկտեմբերէն մինչեւ յուլիս, հետեւողականօրէն կը դասաւանդենք ամէն երկուշաբթի եւ ուրբաթ օրեր, ժամը 6:00-7:00 եւ 7:00-8:00:
Հ.- Ուսուցչական կազմը քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ:
Պ.- Ունինք 11 ուսուցիչ, որոնց եօթը համալսարանի ուսանողներ են, եկած են կամաւոր, առանց ակնկալութեան, բոլորն ալ անվճար եւ անձնուիրաբար կը կատարեն իրենց ստանձնած պարտականութիւնը:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը հոգաք ձեր ընթացիկ ծախքերը:
Պ.- Գիշերային այս դպրոցը ազգային ծառայութիւն մը մատուցանելու համար հիմնադրուած է: Նիւթական ակնկալութիւններ չունինք: Մեր ընթացիկ ծախքերուն համար ուսանողներէն կը գանձենք միայն 25 լ. ոսկի:
Հ.- Յաւելեալ ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ:
Պ.- Մեր ուսանողները, անկասկած, կու գան գիտակցաբար, սորվելու համար: Ունին յստակ միտք եւ ըմբռնում: Այս իսկ պատճառով դասաւանդութիւնները կ՛ունենան կանոնաւոր ընթացք: Ուսուցիչները հաճոյքով կը դասաւանդեն, եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ խիստ գոհացուցիչ:
Գերազանցապէս ազգապահպանման մտահոգութիւններէ տարուած, մեր ուսանողներուն ոչ միայն կը ջամբենք հայեցի դաստիարակութիւն, այլեւ օտար լեզու սորվող ոեւէ ուսանող, պարտադիր, կը հետեւի նաեւ հայերէն դասաւանդութեան:
Իսկ Նոր տարիին եւ տարեվերջին կը կազմակերպենք ընկերային հաւաքոյթներ` նոյն յարկի տակ սորվող մեր ուսանողներուն մէջ ստեղծելով ազգային միասնական ոգիի ազգայնաշունչ եւ խանդավառ մթնոլորտ:
Վերջացնելէ առաջ, կ՛ըսէ Սարմազեան ժպտերես, յայտնեմ նաեւ, որ սկզբունքով քեսապցիներու համար սկսուած գիշերային այս դպրոցը առաջին օրէն իսկ դարձաւ լիբանանահայութեան դպրոցը: Ասոր լաւագոյն փաստը այն է, որ մեր 78 ուսանողներէն միայն երեքը քեսապցիներ են:
Մեկնելէ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Յովհաննէս Սարմազեանին` բացառիկ գնահատանքի արժանի, ազգօգուտ այս մեծ ձեռնարկի մասին տուած իր տեղեկութիւններուն համար:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Հայ Կեանք
«ՀՅ Դաշնակցութեան Օր»-ը
Սենթ Քեթրինսի Մէջ
Սենթ Քեթրինսի «Անդրանիկ» ակումբին մէջ, ընկերներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տօնակատարուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակը:
Բացման խօսքը ըրած է Տիրան Թերզեան:
Բանախօսած են` ՀՕ Միութեան կողմէ Սոնա Յովհաննէսեան եւ Ճան Նահապետեան (Թորոնթոյէն):
Հ. Երիտ. Դաշնակցութեան կողմէ ուղերձ մը կարդացած է Մարկօ Պաղտասարեան:
Քանատայի Գործադիրին կողմէ իր պատգամը տուած է Զոհրապ Սարգիսեան` խանդավառելով ներկաները:
Գործադրուած է նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հանդէսէն ետք տաք ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, տեղի ունեցած է կերուխում, նուագ ու պար, որ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր:
ՀՅ Դաշնակցութեան 76-Ամեակը
Առնուվիլի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Վարդան» ենթակոմիտէի եւ մասնակցութեամբ ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի «Կառվարենց» խումբին, Առնուվիլի (Ֆրանսա) հայ կաթողիկէ սրահին մէջ մեծ շուքով տօնակատարուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 76-ամեակը:
Բացման խօսքը կատարած է Յ. Սթամպուլեան:
Նախագահած է Խաչիկ Մկրտիչեան:
Բանախօսած է Ժիրայր Փալամուտեան:
Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Հանդէսէն ետք տօնակատարութիւնը շարունակուած է պարով եւ խրախճանքով, որ տեւած է մինչեւ ուշ գիշեր:
Մեքենագրուհի Անի Պիպեռեանի
Նոր Յաղթանակը
Պոլսահայ մեքենագրուհի Անի Պիպեռեան անցեալ տարի Թուրքիոյ մեքենագրութեան ախոյեան հանդիսացած էր: Այս տարի եւս, մասնակցելով լիսէներու միջեւ տեղի ունեցած մեքենագրութեան մրցումին, հինգ վայրկեանի մէջ 2850 զարկով առաջնութիւն շահած է:
Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչի Թէյ-Հաւաքոյթ
Դասախօսութիւնը
Ֆիքսի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ներկայ տարեշրջանի միջանդամական առաջին թէյ-հաւաքոյթ դասախօսութիւնը:
Բացման խօսքը կատարած է Անթառամ Յարութիւնեան: Ներկայացուցած է նաեւ միութեան ցարդ կատարած աշխատանքներուն տեղեկագիրը:
Դասախօսած է Պայծառ Մարտիկեան` «Մանուկներու հոգեբանութիւնը եւ ծնողներու դերը» շահեկան նիւթին շուրջ: