Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 24, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նժարէ Նժար

Ի՜Նչ Անձկութեամբ…

Մեր անցեալ շաբթուան թիւերէն մէկուն մէջ ընթերցողը կարդաց Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի շինութեան կեդրոնական յանձնախումբին նոր կոչը: Այս անգամ անիկա կ՛առաջադրէր հերոսին արձանը, կիսանդրին կամ դիմանկարը պարունակող համադրութեան մը նախագիծը պատրաստել եւ ուղղուած էր մեր քանդակագործներուն:

Յուշարձանի յանձնախումբը անցեալ տարի նոյն նպատակով հրատարակութեան տուած էր հանգանակութեան մը կոչը, որուն մեր ժողովուրդը պատասխանեց սրտաբուխ զեղումով: Դժկամներ գտնուեցան հարկաւ, անտարբերներ, հաշուեխնդիրներ գտնուեցան: Բայց նման պարագաներու մութ հոգիները, վատասերածները, լըվանթենները հաշուի չեն առնուիր: Խօսքը կը վերաբերի բուն ժողովուրդին, իր արիւնը մաքուր պահած ու աչքերը մաքուր պահած զանգուածին, որ, ի՛նչ խօսք, գիտցաւ արժանապատուութեամբ արտայայտել իր խորունկ երախտագիտութիւնը:

Առաջին կոչին առիթով ամէն ոք ինքն էր իր անձին ներկայացուցիչը, իւրաքանչիւրը կրնար անձամբ խօսիլ, դրսեւորել ինքզինք, մասնակցիլ գործով, իսկ հիմա ամէնուն աչքը յառած կը մնայ մասնաւորներուն վրայ, արուեստագէտներուն, քանդակագործներուն վրայ: Ու եթէ ներելի էր հանգանակութեան համար հրատարակուած կոչին դիմաց զանցառելիներուն ցոյց տուած անտարբերութիւնն ու ցրտութիւնը, բնաւ ներելի չէ սակայն արուեստագէտներուն ուղղուած երկրորդ կոչին դիմաց որեւէ ձեւի վերապահութիւն:

Համահայկական ու այրող վրէժի մը յագուրդ տուած վիշապաքաղ կտրիճը եղաւ Սողոմոն Թեհլիրեան եւ իր արարքը ընդհանրական բնոյթ մը ունի եւ սուրբ է բոլոր հայերուն համար: Ըսել կ՛ուզենք` աջի եւ ձախի խնդիր չի կրնար ըլլալ հոս, հրէի եւ հեթանոսի խտրական խնդիրներ չեն կրնար ծագիլ: Իրաւ արուեստագէտ մը չի կրնար նման կեցուածքներ որդեգրել, մեր կտրիճներուն առիթով` մանաւանդ, որոնք իր արիւնին, հոգիին, տենչերուն արտայայտիչները եղան եւ նոր բովանդակութեամբ օժտեցին մեր պատմութիւնը:

Յուշարձանի յանձնախումբին այս նոր կոչին դիմաց` մենք կ՛երեւակայենք մեր արուեստագէտները ալեկոծ վիճակի մը մէջ, ստեղծագործական տենդի մը մէջ, անհամբեր, անքուն, պայծառանուն Թեհլիրեանի պայծառ յիշատակին դիմաց երկիւղածօրէն կանգնած, աղօթքի կանգնած եւ իրենց առաւելագոյնը տալու վսեմական տառապանքի մը անձնատուր:

Որովհետեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանը քանդակելու պարագան ապսպրուած նիւթերու շարքին չի գտնուիր, կը գտնուի իւրաքանչիւր արուեստագէտի հոգիին խորքը: Ամէն օր կայ անիկա, ապրող ամէն հայու ջիղերուն մէջ կայ, կայ` իբրեւ աղօթք, բանաստեղծութիւն, երգ, քանդակ: Յանձնախումբին կոչը դրսեւորուելու առիթ մըն է, մտածման ու յղացումի առիթ չէ:

Հրէշի մը ահաբեկ մարմինը, ահաբեկիչի մը աստուածային ակնարկը ու ողջ ժողովուրդի մը երախտագէտ զեղումը իրենց հոգիներուն մէջ համադրած` մեր արուեստագէտները պիտի մտնեն վաղը իրենց աշխատանոցներէն ներս ու բեղմնաւոր տենդի մը մէջ` պիտի յայտնակերպեն արժանաւորին գեղաքանդակ արձանը:

Մուրճի իւրաքանչիւր հպում` թշնամիին գլխուն իջած շանթահարող հարուած մը պիտի ըլլայ, արձանին վրայ ձեւ առած ամէն մէկ մասնիկ յաղթանակի մը ապրումը պիտի ծաւալէ, ու ամբողջը պիտի ըլլայ լոյս մը, արդարութեան մը ծարաւը թանձրացնող հրաշակերտ մը:

Անձկութեամբ կը սպասենք մեր արուեստագէտներուն:

XX

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?