Քալիֆորնիոյ Հայութեան Վերջին Յարգանքը
Համաստեղին
Ս. Խաչ եկեղեցին լուսազարդուած էր այդ իրիկուն արտակարգօրէն, իր բոլոր հնարաւորութիւններով: Բազմահարիւր սգակիրներ եկած էին` յարգանքի իրենց վերջին տուրքը տալու տարաբախտ գրագէտ Համաստեղին, որուն անշնչացած մարմինը շուտով պիտի փոխադրուէր Պոսթըն` իր դեռ վերջերս մահացած կնոջ մօտ թաղուելու համար: 1966 նոյեմբեր 28-ն էր այդ օրը:
Դագաղը զետեղուած էր եկեղեցիին մէջտեղը, խորանէն ոչ շատ հեռու եւ ծածկուած էր Եռագոյնով:
Իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն` հոյակապ ծաղկեպսակներ զետեղած էին, ի միջի այլոց ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէն, յանուն Քալիֆորնիոյ բոլոր դաշնակցական ընկերներուն` այլ ծաղկեպսակ մը, ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցականը եւ իրանահայերու հայրենակցական միութիւնը:
Արարողական կարգին կը նախագահէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ամերիկեան թեմի Քալիֆորնիոյ առաջնորդական Սմբատ ծ. վրդ. Լափաճեան:
Եկեղեցական բոլոր մեղեդիները մեներգողն էր երգչուհի Անգինէ Մուրատեան:
Համաստեղի թաղմանական կարգին համազգային բնոյթը կը հաստատուէր` ներկայութեամբ Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Կղեմես վրդ. Մսրեանի եւ բողոքական համայնքին հովիւ վերապատուելի Մարտիրոս Մարկանեանի:
Դագաղին շուրջ պատուոյ պահակութիւնը կը կատարէին «ՀՄԸՄ-Րաֆֆի» սկաուտներն ու արենուշները` պաշտօնական տարազով եւ սեւ ժապաւէն իրենց կուրծքին վրայ: «Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան» երկրորդականի աշակերտները եւ «Մեսրոպեան» ամէնօրեայ վարժարանին երկսեռ աշակերտութիւնը, իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ, տեղ գրաւած էին մեռելակառքին քով` իբրեւ գլխաւոր սգակիրներ հայ գրին եւ դպրութեան հանգուցեալ Մեծ Վարպետին:
Իբրեւ գլխաւոր սգակիր` դագաղին շուրջն էին Քալիֆորնիոյ ՀՅԴ Կ. կոմիտէի երիտասարդ անդամները:
Ի լրումն եկեղեցական վեհաշուք, բայց թախծալի արարողութեան, դամբանախօսեց Սմբատ վրդ. Լափաճեան: Հայր սուրբին դամբանականը, անսեթեւեթ եւ սակայն կուռ բովանդակութեամբ, փառաբանանքն էր մեծ գրագէտին ստեղծագործական բարձր արժանիքներուն, անոր անժխտելիօրէն ազնիւ, պարզունակ, առաքինի նկարագրին, որոնք «շնորհուած էին, բացառաբար շնորհուած հանգուցեալին` Բարձրեալին կողմէ»: «Համաստեղ հարազատ զաւակն էր Աստուծոյ` իր հաւատքին ուժով, իր ներշնչումներուն աստուածատուր շնորհներով: Մեր մեծ հայրապետներուն գրչին զօրութեամբ աղօթասաց «Աղօթարան»-ի մը հեղինակը, պիտի չկրնար զԱստուած փնտռել իր հոգիին կարեկից ջերմ հարազատութեամբ, եթէ գէթ մէկ անգամ Աստուած տեսած չըլլար:
«Իբրեւ Համբարձում Կելենեան ծնաւ հանգուցեալը, բայց անմահութեան գիրկը գնաց իբրեւ Համաստեղ: Եւ ի՞նչ աւելի պատշաճ է այս պահուս, քան` յիշել խօսքեր ոսկեդարեան Կորիւն վարդապետին, որ տասնեւհինգ դար առաջ գրի առաւ յաւերժացնելու համար յիշատակը: Մեծն Մաշտոցի. Մահկանացու ծնաւ եւ սակայն անմահ թաղուեցաւ` ձգելով յաւիտենական անուն մը իր ետին: Այսպէս ալ, Համաստեղ ծնաւ եւ ապրեցաւ իբրեւ մահկանացու եւ սակայն իր ստեղծագործութիւններով անմահներուն կարգը դասուեցաւ:
«Կարդացա՞ծ էք արդեօք Համաստեղի «Օր մը պիտի մեռնիմ»` կեանքի փիլիսոփայութիւնը խորհրդանշող հոյակապ բանաստեղծութիւնը: Այդ բանաստեղծութեան ընթերցումէն ետք միայն դուք կրնաք ըմբռնել, որ Համաստեղ մահէն չէր սարսափեր: Իր միակ վիշտը եւ շնչաւոր կեանքին փարած մնալու ցանկութիւնը յետմահու այլեւս ստեղծագործել չկարենալու մղձաւանջն էր: Մարդոց եւ իր ժողովուրդին այլեւս չկարենալ ծառայելու ցուրտ հեռապատկերը: Աշխատանքի, նուիրումի անզուգական հերոս մըն է, որ կը բաժնուի մեզմէ այս պահուս:
«Հանգիստ իր ոսկորներուն եւ անմոռաց յիշատակ` իր Մեծ անունին»:
Աշխարհական միակ խօսողն էր Յակոբ Մանճիկեան` յանուն Քալիֆորնիոյ դաշնակցական ընկերներուն եւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կ. կոմիտէին: «Ճիշդ է,- ըսաւ դամբանախօս ընկերը,- որ Համաստեղ սեփականութիւնն էր ողջ հայութեան իր ստեղծագործութեանց անյեղլի հայկականութեամբ եւ սակայն ան արժանաւոր զաւակն էր Դաշնակցութեան, որովհետեւ ինքն ալ մէկն էր այն «Սպիտակ ձիաւորներէն», որոնք շունչ ներարկեցին իր խոնարհ հերոսներուն: Համաստեղ պեղեց զինք ծնող ժողովուրդին հոգին եւ իր վարպետ գրիչով լոյս աշխարհ բերաւ այն, ինչ որ հոն գտաւ ազնուական, հայեցի եւ միեւնոյն ատեն համամարդկային` իբրեւ յոյզ եւ ապրում:
«Դեռ պատանի էր Համաստեղ, երբ մտաւ Դաշնակցութեան շարքերը եւ չհեռացաւ դաշնակցական մեծ ընտանիքէն, մինչեւ որ իր մարդկային վերջին շունչը աւանդեց զինք սիրող եւ պաշտող ընկերներուն բազուկներուն մէջ: Համաստեղ իր տիպարները ընտրեց խոնարհ հերոսներէն իր հարազատ կուսակցութեան, որոնք հայ գիւղացիներ էին իրեն պէս, հայ հողէն առած աւիշը կեանքին:
«Գիւղացին, որուն հորովելները դեռ հնչեղ արձագանգ մը ունէին իր հոգիէն ներս, կապարճը ուսին, սրինգը շրթներուն, մակաղած հօտին անդորրը հովուերգող հովիւէն իր պատանի օրերէն իրեն հետ բերած յիշատակներուն վերապրումները, պաշտամունքը` իր օճախին հաւատարիմ եւ ջահել հարսներուն պատուին նախանձախնդիր հայ շինականին. ազատ, անկաշկանդ, իր սեփական տան մէջ ազատ ապրելու առնական բաղձանքը հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն, գտած էր ան հիւրընկալ այս ափերուն վրայ եւս միշտ իր շուրջը, իր պաշտած կուսակցութեան յարկին տակ:
«Յարգա՜նք իր յիշատակին, որ պիտի մնայ առ յաւերժ դաշնակցական ընկերներու հոգիներուն մէջ»:
Յակոբ Մանճիկեանի դամբանականէն ետք, դագաղը եկեղեցական դասուն տխրաշունչ մեղեդիներով, Կ. կոմիտէի ընկերները ուսամբարձ փոխադրեցին դէպի մեռելակառք:
Երեքշաբթի, 29 նոյեմբեր, հանգուցեալ ընկերոջ անշնչացած մարմինը փոխադրուեցաւ Պոսթըն:
Յանուն ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ ընկերներուն եւ Լոս Անճելըսի յոբելենական յանձնախումբին` մինչեւ Պոսթըն դագաղին ընկերացաւ Բիւզանդ Կռանեան:
Հանգի՜ստ Մեծ հայուն, անզուգական ընկերոջ եւ իր գրական ստեղծագործութիւններով անմահութեան փառքին հասած Համաստեղի աճիւններուն:
Ս. ՍԱՐՈՒՆԻ
29 նոյեմբեր 1966
Լոս Անճելըս