Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Նոյեմբեր 1966)

Նոյեմբեր 19, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բագին»-ի Զրոյցները Բ.

 Սփիւռքահայ Գրագէտին Կազմաւորման
Եւ Յարատեւման Նախապայմանները 

Զեկուցաբար` Յ. Գեղարդ

«Բագինի զրոյցներ»-էն երկրորդը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 5 նոյեմբերին: Զեկուցաբերն էր Յ. Գեղարդ, որ գրականութիւնը սահմանելէ ետք իբրեւ ընկերային երեւոյթ` խօսեցաւ հայ մարդուն ընկերային ներկայ վիճակին մասին, ուրուագծեց անոր դժուարութիւնները, երբեմն հանգստաւէտ պայմանները, ու առօրեայէն դուրս ունեցած անոր հետաքրքրութիւններն ու աղերսը` իր ժողովուրդին, Հայ դատին ու մշակոյթին հետ: Սփիւռքահայ գրագէտին միջավայրը այս է ու հոս է, որ պիտի կազմաւորուի ու ստեղծագործէ անի:

– Սփիւռքահայ գրագէտ բնորոշումը, ըսաւ զեկուցաբերը ինքնին կը հերքէ արդէն հայրենի հողին նախապայմանը: Սփիւռքահայը պապենական հողէն հեռու կ՛ապրի եւ հետեւաբար ուրիշ հողի վրայ պէտք է դնէ իր ոտքը, կոխէ իր իրականութեան վրայ եւ իր գրականութեամբ տայ ի՛ր իրականութիւնը:

Գրագէտի կազմաւորման մէջ կրնայ նշանակալից դեր կատարել դպրոցը, անշուշտ հայկական երկրորդական վարժարանը, իր ներշնչեալ ուսուցիչներով: Զանցառելի չէ նաեւ ընտանիքին դերը: Նոյն հարցին կրնան նպաստ մը բերել նոյնպէս գրական մրցանակները:

Սփիւռքահայ գրագէտը պէտք է գիտնայ, թէ ինք իր գրականութեամբ պիտի չշահի իր կեանքը: Ճգնաւորի, մարտիրոսի ճակատագիր մըն է իրը եւ կ՛աշխատի կոչումի մը մղումով: Այս նուիրումով է միայն, որ կրնայ գոյատեւել գրագէտը, այսինքն` սփիւռքի գրականութիւնը:

Զեկոյցէն ետք ներկաներուն կողմէ արտայայտուեցան հետեւեալ կարծիքները.

– Դպրոցը նախապայման չէ, նախապայման չէ նոյնիսկ հայերէն գիտնալը, հայ գրագէտ կամ սփիւռքահայ գրագէտ դառնալու համար: Հասկնալի է անշուշտ, որ որոշ չափով հայերէն պէտք է գիտնալ, բայց կատարեալ լեզուագիտութիւն մը անհրաժեշտ է: Անհրաժեշտ չէ նաեւ հայ երկրորդական վարժարան մը աւարտելը. նախակրթարան միայն տեսած տղան ալ կրնայ լաւ գրագէտ դառնալ, եթէ իր մէջ ունի անհրաժեշտ խմորը, ընթերցանութեան կիրքը: Սփիւռքի իրականութեան մէջ ամէնէն աւելի պակսողը ընթերցողն է:

– Գրագէտը երբեք չի գրեր ընթերցողին համար:

– Սփիւռքահայ գրագէտին կազմաւորման համար պակսող միջոցները երկուք են. Ա) Խստապահանջ մօտեցում, Բ) Մթնոլորտ: Վարժարաններէն ներս թէ հանրային բեմերուն վրայ անհրաժեշտ է ցոյց տալ խստապահանջ մօտեցում մը: Չխանդավառուիլ սովորական գրութիւններով: Հայրենասիրական կամ ազգային ապրումներու սոսկական առկայութիւնը պէտք չէ խաբէ մեզ: Պէտք է արուեստ փնտռել ամէն գրուածքի մէջ, գեղեցկութիւն, խորութիւն:

– Ամէնէն աւելի հարկ է շեշտը դնել գրական մթնոլորտին վրայ: Սփիւռքի գրականութեան պակսածը մթնոլորտն է: Ուժ տալ զրոյցներուն, գրական խմբակներու մէջ ստեղծել խորունկ հետաքրքրութիւն եւ ցուցական ու մակերեսային բարքերը իջեցնել իրենց նուազագոյնին:

– Ընթերցող հասարակութեան մը գոյութիւնը կամ գրքի վաճառումը նախապայմաններ չեն:

– Գրագէտի կազմաւորման համար այս զրոյցը, ինչպէս նման բոլոր զրոյցները աւելորդ են: Գրագէտին կազմաւորման նախապայման գոյութիւն չունի:

– Մեր ներկայ պայմաններուն մէջ, չափազանցուած խստապահանջութիւն մը կրնայ ամլութեան դատապարտել մեր երիտասարդ գրողները: Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր գրողները չեն կրնար արհեստով գրող դառնալ,  որով երիտասարդ գրողներ պատրաստելու եւ դէպի գրականութիւն բերելու համար գոնէ բարոյական վարձատրութիւնը անհրաժեշտ է:

– Իրողութիւնը այն է, որ մենք սփիւռքահայ անունը մեր վրայ առած ըլլալով հանդերձ, դեռ սփիւռքահայ չենք դարձած: Սփիւռքահայ ենք անոր համար, որ Հայաստանէն դուրս կ՛ապրինք: Մինչդեռ պէտք է իրապէս սփիւռքահայ դառնանք եւ ամբողջովին ստանձնենք մեզ շրջապատող կեանքին պայմանները ու դուրս գանք լուսանցքէն: Սփիւռքահայու իրական տիպարը պէտք է երեւան գայ նախ եւ ապա տրուի արուեստի միջոցներով:

– Շրջապատը, երկիրը մեծ կարեւորութիւններ չեն ներկայացներ. Պոլիսը գրական սերունդ մը տուաւ, սակայն այդ սերունդը նոյնացած չէր Պոլսոյ միջավայրին հետ: Մէկ-երկու բացառութիւններով Պոլսոյ մէջ ստեղծագործած մեր լաւագոյն գրագէտներուն գործերէն միանգամայն կը բացակայի Պոլիսը:

– Պոլիսը իր ետին ունէր իր իրականութիւնը` գաւառը, եւ գաւառէն մշտապէս հոսող ապրումներն ու պահանջներն էին իր իրականութիւնը: Սփիւռքը այդ միջավայրը չունի: Հետեւաբար պարտաւոր է իր իրականութեան մէջ մխրճուիլ` իրական գրագէտներ տալու համար:

– Պէտք է անդրադառնալ, որ երբ սփիւռք կ՛ըսենք եւ սփիւռքահայ գրագէտ, մեր աչքին առջեւ կը ներկայանան երեք սերունդներ. Ա) Վերապրող սերունդը, որ կապ չունի մեր իրականութեան հետ: Բ) Շահնուրի, Սարաֆեանի սերունդը եւ` Գ) Եդուարդ Պոյաճեանի սերունդը, որ իր կարգին, ամբողջովին կտրուած չէ հայրենի հողէն ու անոր զգայնութիւններէն: Չորրորդ, այսինքն նոր կազմաւորուող սերունդն է, որ ամբողջովին պիտի ըլլայ նոր պայմաններու արդիւնք եւ այս սերունդին գրականութիւնն է, որ կարելի պիտի ըլլայ կոչել զուտ սփիւռքահայու գրականութիւն:

– Սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ, գրագէտներու կազմաւորման համար, հիմնական նախապայմանը մթնոլորտն է: Ան է, որ հիմնովին կը պակսի: Միւս բոլոր պայմանները կան` դպրոց, թերթեր, գրական շրջանակներ, սակայն գրական մնայուն մթնոլորտը պակաս է:

– Կը պակսի նաեւ հայ գրագէտին ուրիշ բան մը` անկեղծութիւնը, իր ներքին տառապանքներուն մասին անկեղծօրէն արտայայտուելու քաջութիւնը:

– Գրականութեան եւ գրագէտի կազմաւորման նպաստող մթնոլորտ մը առաջացած է արդէն «Բագին»-ի խմբագրական սրահին մէջ, ուր տասնհինգ օրը անգամ մը հաւաքուող երիտասարդներու եւ գրասէրներու մասնակցութեամբ տարուած ճիգը սկսած է արդէն տալ իր պտուղները:

 

Խմբագրական

 Վաղուան Համար

Ընթացիկ գործածութեան մէջ բառերը յաճախ կը կորսնցնեն իրենց սկզբնական իմաստը: Անհրաժեշտ է պարբերաբար կատարել ճշդում մը` հետեւելու համար անոնց հոլովոյթին, քաղաքական մարդոց եւ ժողովուրդներու մտածողութեան մէջ:

Այս պարագային մէջ կ՛իյնայ «խաղաղ գոյակցութիւն» տարազը, որ տասնամեակներէ ի վեր բերնի ծամոց դարձած է, մասնաւորաբար` խորհրդային վարիչներուն համար:

Խորհրդային վարչակարգի յիսնամեայ կեանքին մէջ այս տարազը շարունակ իմաստ եւ նպատակ փոխած է` յանգելու համար այսօրուան կացութեան, երբ գլխաւորաբար կը հիմնուի պատերազմի անկարելիութեան վարկածին վրայ` մահասփիւռ զէնքերու գիւտին պատճառով:

1917 թուականին, երբ Լենին հաշտութեան անջատ դաշնագիր կը կնքէր քայզերական Գերմանիոյ հետ, կ՛առնէր առաջին քայլերը խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութեան, որ այդ օրերուն անհրաժեշտ նկատուած էր համայնավար վարիչներուն` «Յեղափոխութեան հայրենիքին» փրկութեան համար:

Պարագան նոյնն է նաեւ քեմալական Թուրքիոյ հետ կնքուած դաշնագրին, որուն սիրոյն Մոսկուա հրաժարեցաւ հայկական հողերէն:

«Խաղաղ գոյակցութեան» ըմբռնումը գետին շահեցաւ 1922-էն ետք, երբ դրամատիրական երկիրները հրաժարեցան խորհրդային երկրին հանդէպ կիրարկած իրենց միջամտողական քաղաքականութենէն, իրաւապէս ճանչցան Մոսկուան եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատեցին հետը:

Քրեմլինի համար, սակայն, խաղաղ գոյակցութիւնը, որ յեղափոխական Ռուսիոյ գոյատեւման միակ երաշխիքը կը հանդիսանար, հետզհետէ սկսաւ օգտագործուիլ դրամատիրական երկիրներուն մէջ համայնավարական եւ աւերիչ շարժումները քաջալերելու համար: Կիրարկելով հանդերձ խաղաղ գոյակցութիւնը, խորհրդային վարիչները չէին հրաժարեր միջազգային յեղափոխութեան իրենց նպատակներէն, նոյնիսկ կը յայտարարէին, հիմա ալ չեն քաշուիր յայտարարելու, թէ իրենց հիմնական ծրագիրն է թաղել դրամատիրական վարչակարգերը եւ անոնց փլատակներուն վրայ կերտել միջազգային ընչազրկութեան տիրապետութիւնը:

Այս հակասութեան պատճառով, ներկայիս տարօրինակ կացութիւն մը ստեղծուած է աշխարհի մէջ, կացութիւն մը, որ ո՛չ պատերազմ է, ո՛չ ալ խաղաղութիւն: Կարելի է ըսել` պատերազմական խաղաղութիւն, զինեալ խաղաղութիւն, որ հրաբուխի վրայ կը պահէ ժողովուրդները, կը քայքայէ ջիղերը եւ ծնունդ կու տայ ընկերային արտառոց երեւոյթներու:

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ խաղաղ գոյակցութեան ապագան: Ի՞նչ կրնան ըլլալ համայնավարական աշխարհին եւ դրամատիրական կարգերու յարաբերութիւնները յառաջիկային: Հոս կը սկսի ենթադրութիւններու սահմանը, որմէ անդին ոչ ոք պիտի ուզէր քայլ մը առաջ նետել, բացի անշուշտ` քաղաքական կեանքի բախտագուշակներէն, որոնց դիմանկարը նոյնն է քիչ մը ամէն տեղ:

Կասկած չկայ, որ նոր իրողութիւններ նոր դէպքերու առջեւ պիտի դնեն վաղուան աշխարհին ղեկավարները: Այս վերջինները դատապարտուած են հետզհետէ ըլլալու աւելի մասնագէտ, քան` զանգուածներ վարողներ, որովհետեւ իրենց սեղանին վրայ գալիք հարցերը կը կարօտին լուրջ եւ մասնագիտական պատրաստութիւններու:

Վաղուան աշխարհը կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ այսօրուանէն: Նոր կարելիութիւններ եւ նոր խնդիրներ անպայման պիտի ներկայանան ժողովուրդներուն եւ անոնց առաջնորդներուն: Այդ պարագային, պիտի աճին ու բարգաւաճին այն ժողովուրդները, որոնք լաւագոյն զէնքերով պատրաստուած են գալիքին: Այս պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ լայն հորիզոններ` մտածողութեան եւ ըմբռնումի, արտակարգ հեռատեսութիւն եւ խիզախութիւն:

Բարեշրջութեան օրէնքով, որուն ընթացքը դարուս արագութեան թափը առած է, այսօրուան բարդութիւններն ու դժուարութիւնները ճղճիմ հաշիւներու սահմանին մէջ կրնան մտնել` ժողովուրդները դնելով նոր հարցականներու առջեւ, նոր մտահոգութիւններու տագնապին մէջ: Էականը պատրաստ ըլլալն է: Դարուն հետ քալելը: Ժամանակին պարտական չմնալը: Եւ ասիկա իրական է բոլորին համար: Մեծ թէ փոքր ժողովուրդներուն: Որովհետեւ մեծութեան չափանիշներն ալ անփոփոխ չեն, ինչպէս փոփոխական է ամէն բան մարդկային կեանքին մէջ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անթարքթիքի Մէջ Ծովային Անասուններու Պահպանման Յատուկ Վայր Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?