Նժարէ Նժար
Ո՛վ Հայ Ժողովուրդ
ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրուած մեր այս տարուան բացառիկին մէջ կարդացիք հարկաւ Ռուբէնի գրութիւնը` ի մասին «Դաշնակցութեան հիմնադիրների հեղինակութեան գաղտնիք»-ին:
Ռուբէն քննութեան կ՛ենթարկէ հեղինակութիւն մը հեղինակութեան բարձրացնող մարդկային բարձր առաքինութիւնները` քաջութիւնը, հռետորական տաղանդը, կազմակերպչական շնորհ ըսուածը եւ կը գտնէ, որ այդ առաքինութեանց կապակցութեամբ Դաշնակցութեան հիմնադիրները գերազանցող դէմքեր շատ ունեցած ենք, բայց առաւելագոյն հեղինակութիւնը հիմնադիրները կը վայելէին դարձեալ, որովհետեւ իրենք էին բոլորին մղիչ ուժը, իրենք պատրաստեցին քաջերը, հռետորական տաղանդին ձեւ տուին իրենք, իրենց ճիգերուն շնորհիւ` ուրիշներ շահեցան կազմակերպիչի հմայք, համբաւ:
Խօսքը հեղինակութեան մասին է դարձեալ եւ Ռուբէն կը դնէ հարցումը եւ կը պատասխանէ.
– «Անոնց գրական, տեսական պատրաստութիւննե՞րն էին պատճառը:
Ո՛չ, որովհետեւ անոնցմէ աւելի գրական ու տեսական պատրաստուած մարդիկ ունէինք: Բայց շատերը մեր ընկերներէն իրենց տեսութեանց ներշնչումը կ՛առնէին անոնցմէ` Վարանդեանի, Ահարոնեանի, Սիամանթոյի նման»:
Երրորդութեան ողջութեան, ճիշդ է, յիշեալները իրենց «ներշնչումը կ՛առնէին անոնցմէ»: Անառարկելի է Ռուբէնի հաստատումը: Չմոռնանք նոյնպէս Ահարոնեանի խոստովանութիւնը. «Առանց Քրիստափորի` «Ազատութեան ճանապարհին» չէր գրուի»:
Քրիստափորը, ըներները եւ անոնցմէ ներշնչուողները մեռան, բայց այս իրողութիւնը նոյնը մնաց: Հիմնադիրներուն հեղինակութիւնը մնաց եւ հեղինակած գործը հեղեղօրէն շարունակեց ներշնչել յետնորդները, յետնորդներուն ամէնէն օժտուածները, Չարենցէն մինչեւ Շուշանեան եւ Շուշանեանէն մինչեւ Պոյաճեան:
Վերջին երկուքին պարագան բնական է անշուշտ, որովհետեւ ուխտով դաշնակցական էին, բայց որպէսզի առաջինին անունին յիշատակութիւնը գայթակղութիւն չառաջացնէ, տանք պերճախօս օրինակ մը:
Չխօսինք իր «ջլաբազուկ, յաղթ ժողովուրդ»-ին նուիրած բանաստեղծութիւններուն մասին, չխօսինք իր «Մահուան տեսիլ» քերթուածի գերազանցօրէն ազգայնաշունչ ոգիին մասին, յիշենք միայն իր հռչակաւոր «Պատգամ» քերթուածը եւ անդրադառնանք պատգամին.
«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժի մէջ է»:
Արդ,
Այս պատգամին խորքը, գրեթէ տառացիօրէն, կը պատկանի ՀՅ Դաշնակցութեան: Դաշնակցութեան հաւատոյ հանգանակին առաջին տողը այդ է: Կը յիշէք անշուշտ Դաշնակցութեան «Մանիֆեստ»-ը, ուր «Այս ժողովուրդը հասկացել է, որ իր ուժը իր մէջ է», եւ ապա այն միւս հարցը. «Առաջի՛ն հարցը, որ պէտք է զբաղեցնէ ամէն մի լուրջ հայրենասէրի, այդ բոլոր յեղափոխական ուժերի միութեան եւ Դաշնակցութեան հարցն է»:
Չարենց ներշնչուած է այս մտածումէն: Աւելի ճիշդը` մտածումը վերածած է բանաստեղծութեան, ինչպէս կ՛ընէին Ահարոնեանն ու Սիամանթոն ու միւս օժտուածները: Հայ ժողովուրդի էութենէն բխած եւ անոր խորագոյն իտէալներուն ծառայող կուսակցութեան մը դիմաց ընտիրները անտարբեր չէին կրնար մնալ, չմնացին, տուին իրենց տաղանդն ու արիւնը ազգին, հայրենիքին, մեծցան:
X
«Քափիթոլ»-ի Մէջ, Խուռներամ Բազմութեամբ
ՀՅ Դաշնակցութեան «Օր»-ը
Տօնակատարուեցաւ
Երէկ Փառահեղ Հանդիսութեամբ
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ, փառահեղ եւ արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Դաշնակցութեան 76-ամեակը, երէկ` կիրակի, 4 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, սինեմա «Քափիթոլ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ, ուր խուռներամ բազմութեամբ փութացած էին ընկերներ, համակիրներ ու բարեկամներ` լսելու համար մեր կուսակցութեան խօսքը:
Հանդիսութեան ներկայ եղան լիբանանահայ առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, պետական երեսփոխաններ եւ ազգային ծանօթ դէմքեր:
Երէկուան հանդէսով ՀՅ Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս առիթը ունեցաւ իր շունչին ջերմութիւնը եւ հմայքին զօրութիւնը փոխանցելու ժողովրդային լայն զանգուածներուն, որոնք խոր տպաւորութեամբ ունկնդրեցին բանախօսներուն կատարած բնորոշումները` Դաշնակցութեան գործին եւ ունեցած ժողովրդականութեան մասին:
Հանդէսին բացումը կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ` Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ մեր նահատակներուն եւ վերջին տարեշրջանին մեզմէ անդարձ բաժնուած ընկերներուն յիշատակին յոտնկայս յարգանքի տուրքը տալէ ետք, բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Կարօ Սասունին:
Իր բացման խօսքին մէջ Կ. Սասունի ընդգծեց այն ոգին, որ ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան` իբրեւ արտայայտիչը հայ ժողովուրդի կամքին, անոր քաղաքական արդար դատին եւ պատմական առաքելութեան:
Միսաք Ապաճեան ներշնչումով արտասանեց Դ. Վարուժանի «Վիրաւորը»` բուռն ծափեր խլելով:
Օրուան առաջին բանախօսն էր Շահէն Տէրտէրեան, որ խորիմաստ վերլուծումով եւ իրապաշտ մօտեցումով ոգեկոչեց Դաշնակցութեան փառաւոր անցեալը եւ հայ ժողովուրդին ու անոր դատին համար` նոր զոհողութիւններու պատրաստակամութիւնը: Ընկերոջ ճառը, որ յաճախ ընդմիջուեցաւ երկարատեւ ծափերով, պիտի տանք առանձին, լայն հատուածներով:
Սօսի Մինասեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նատիա Աքքարեանի, երաժշտալի ձայնով եւ ապրումով երգեց «Պախրան» եւ «Երեւանի գիշերները»:
Երկրորդ բանախօսն էր Պերճ Մըսրլեան, որ ճշգրիտ բնորոշումներով տալէ ետք դաշնակցականին եւ դաշնակցականութեան ըմբռնումը, առաւելաբար ծանրացաւ Հայ դատին ի նպաստ անցնող տարեշրջանին կատարուած գործերուն վրայ:
Ներկաները որոտընդոստ ծափերով յայտնեցին իրենց համամտութիւնը Դաշնակցութեան ուղեգծին, որուն յստակ բանաձեւումը կատարուեցաւ Պ. Մըսրլեանի կողմէ: Առիթը պիտի ունենանք աւելի լայն հատուածներ տալու ընկերոջ ճառէն:
Նելլի Մինասեան իւրայատուկ ապրումով եւ խոր հասկացողութեամբ արտասանեց Մ. Իշխանի «Ես զաւակն եմ Հայաստանի» քերթուածը:
Փակման խօսքը ըրաւ Կ. Սասունի, որ սրտաբուխ եւ ակնյայտ յուզումով, Դաշնակցութեան ճամբան նկատեց հայութեան, բովանդա՛կ հայութեան ճամբան, դէպի միացեալ, անկախ ու ազատ Հայաստանը տանող միակ ուղին, որուն շուրջ երկմտանք չկայ ներկայիս մեր իրականութեան մէջ:
Հանդէսը փակուեցաւ «Յառա՛ջ նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգութեամբ: