Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 13, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինքնահոս Գրիչը
Հայկական Ծագում Ունի

Հայ հին ձեռագրերը յայտնի են ամբողջ աշխարհի մէջ: Հին Հայաստանի մէջ ամէնէն գործածական գրանիւթը եղած է մագաղաթը, որուն պատրաստութեան համար մեր գրչութեան կեդրոններուն մէջ Գլաձոր, Տաթեւ, Կիլիկիա, կային յատուկ արհեստանոցներ:

Այս արհեստանոցներուն մէջ ամէնէն նուրբ մագաղաթները կը պատրաստուէին գառնուկի մորթէն, իսկ մեծ ծաւալ ունեցող ձեռագրերու համար կը գործածուէին մեծ եղջերաւոր անասուններու կաշին:

Երեւանի Մատենադարանին մէջ ամենամեծ ձեռագիրը Մուշի մեծադիր Տօնականն է, որ գրուած է 1204-ին: Այս ձեռագիրը պատրաստուած է մօտաւորապէս 600 հորթի կաշիէ: Կան նաեւ այնպիսի մագաղաթեայ ձեռագրեր, որոնց պատրաստութեան համար օգտագործուած է ոչխարի մը ամբողջական մորթը:

Հին հայկական մատենագրութեան մէջ գործածած են բուսական եւ երկաթի երկու տեսակ թանաք, որոնք դարեր դիմացեր են եւ պահած` իրենց գոյնը: Կարմիր թանաքով գրած են միայն թագաւորներն ու կաթողիկոսները:

Յայտնի է որդան կարմիր թանաքը (մելան), որ կոչուած է հայկական ներկ:

Հայ գրչագրութեան մէջ նախ գործածած են երկաթի, ապա, միջին դարերուն, եղէգի եւ այնուհետեւ սագի փետուրներ:

Մատենադարանի ձեռագրերը ցոյց կու տան, որ առաջին գնդիկաւոր ինքնահոս գրիչները հնարած են հայ գրչագիրները, գուցէ 1166-ին, Հռոմկլայի մէջ, Կիլիկիա:

Այդ թուականին գրուած ձեռագրի մը մէջ պատկերուած է աւետարանիչը` գնդիկաւոր ինքնահոս գրիչը ձեռքին, գրելու պահուն:

Ստեփանոս գրիչի յիշատակութենէն կ՛երեւի, որ գրիչը մէկ անգամ թաթխելով գրած է 700 տառ, մօտաւորապէս էջ մը:

Այս տուեալներով, բացայայտ է, որ ինքնահոս գրիչը հայկական ծագում ունի, որովհետեւ 1166-էն առաջ, հին մատենագրութեան մէջ, նման որեւէ դէպք չի յիշուիր:

 

Ու Ես Կ՛երթամ…

Մեծ Սաստը…

Ս. Կարապետէն վերադարձիս դարձեալ պանդոկ իջեւաներ էի: Խարբերդի թանգարանին տնօրէնուհին` Ֆերհան Էրքի եւ իսլամ աստուածաբանութեան ուսանող երիտասարդներու ընկերակցութեամբ ամէն օր հին վանքեր ու եկեղեցիներ կ՛այցելենք: Մեր հետաքրքրական պտոյտներուն պատճառով Էլազըկի մեր հայ հայրենակիցներուն այցելելու ժամանակ չէի ունեցեր:

Եւ սակայն անոնք իմ ներկայութիւնս իմացեր են: Իրիկունը պտոյտէն վերադարձիս, պանդոկի սպասման սրահին մէջ հաւաքուած բազմութեան կողմէ շրջապատուեցայ: Անոնց սրտերուն խորերը կուտակուած կարօտը եւ մեր կողմէ ալ անտեսուած ըլլալու զայրոյթը հաւատաւոր հոգիներու խորերէն փոթորիկի մը նման կը պոռթկային…

– Տէր հայր, մենք մեռե՞ր ենք, որ դուք պանդոկները կը մնաք: Մենք հոգեւոր հովիւի մը կարօտը կը քաշենք, եւ դուք ալ մեզմէ կը փախչիք: Ինչո՞ւ համար մեր արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէք: Միթէ մեզ մեռա՞ծ կը կարծէք: Մեր պապենական աւանդութիւնը մենք չենք կորսնցուցած: Մեր դռները միշտ բաց են…

Պատճառաբանեալ առարկութիւններ իմացող չկար: Անոնք բռնի կերպով պայուսակներս կը հաւաքեն, ես ալ յանցաւորի պէս ինքզինքս արդարացնելու ճիգեր կը թափեմ, բայց` ի զուր. գլխիկոր իրենց կը հետեւիմ:

Սենեակէն ներս մտնողը միշտ միեւնոյն տրտունջը կը կրկնէ.

– Տէր հայր, ինչո՞ւ համար մեզմէ կը փախչիք…

Ես անձնական արձակուրդով ելած ըլլալուս պատճառով, աւելի` հնութիւններով ու պատմական վայրերու ուսումնասիրութեամբ, պտոյտներս արժեւորելու կ՛աշխատէի: Եւ սակայն անկարելի կ՛ըլլար այս պարագան հասկցնել անոնց: Ճարահատ, անոնց ալ գոհացում տալու համար, գիշերները տուներու մէջ հոգեւոր մատակարարութիւններ կը կատարէի, իսկ ցերեկները` նորէն իմ պտոյտներս կը շարունակէի:

Սեղանները օրհնելու համար ամէն իրիկուն ուրիշ տուն մը կը հրաւիրուէի: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը զրոյցներ կ՛ունենանք: Սենեակները կը լեցուին ու կը պարպուին: Ես խօսելէ կը յոգնիմ, անոնք մտիկ ընելէ չեն ձանձրանար:

Կը զգան, թէ չափազանց յոգնած եմ եւ անկողինս կը պատրաստեն: Ես կը պառկիմ, անոնք ալ սնարիս շուրջը կը բոլորուին: Այս անգամ ալ պառկած տեղս իրենց կը խօսիմ, մինչեւ որ քունը աչքերս գոցէ…

Հիները անցեալէն յուշեր կը պատմեն… նորեկները հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընեն, եւ իրենց մայրենի եկեղեցին ճանչնալու որքա՜ն ծարաւի են:

Գիշեր մը քրտախօս երիտասարդ մը ինքզինք ծանօթացուց.

– Էզըմը ֆլլայ (ես հայ եմ):

– Հայը ի՞նչ է, երբ հարցուցի, սկսաւ խաչակնքել:

– ՆԱՎԷ ՊԱՎԷՄԸ.

ՆԱՎԷ ՏԻՅԱՄԸ.

ՆԱՎԷ ԽԱԼԷՄԸ. ՀԵՐԷ»:

(Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, ամէն): Ան մօրմէն էր սորվեր խաչակնքելը… Հայ մայրը լերան գլուխը իր զաւակը քրիստոնեայ մեծցնելու կը ջանայ… բայց պոլսահայ կղերը ի՞նչ կ՛ընէ…

Սաստի ձայնը նորէն կը լսուի.

– Տէր հայր, այս հաւատացեալ ժողովուրդը ինչո՞ւ առանց հովիւի կը թողուք…

Պատասխանի փոխարէն, աչքերս սրբելով, մեծ սաստին ամօթով մեղքերս քաւելու համար աղօթելու: Ու ես կ՛երթամ…

Ամէն իրիկուն երիտասարդներ շուրջս կը բոլորուին, հարցումներով զիս կը նեղեն… Ես ալ հաճոյքով ու սիրով իրենց կը պատասխանեմ: Միայն մէկ հարցումի մը դիմաց կ՛անճրկիմ.

– Տէր հայր, դարձեա՞լ մեզ մինակ պիտի թողուք…

Հոս ալ այլեւս ես կը պոռթկամ… Երէցկինս ու զաւակներս պատերուն տակ զրկանքներու մէջ թողելով կ՛երթամ ուրիշներու ցաւերը ամոքելու. իմ ցաւերս մոռցած, մեր անտեսուած հօտին տարտերով կը հիւծիմ, նիւթական անձուկ պայմաններով թափառելու: Ու ես կ՛երթամ…

Ասորիներու քահանան հայոց տուները այցելելով` դարպասը կը հաւաքէ: Եւ սակայն մեզմէ մէկը երբ անոնց եկեղեցին կ՛երթայ, անոնք`

– Հայ շուներ, մեր եկեղեցին ինչո՞ւ կու գաք,- ըսելով` կը վռնտեն:

Անոնք նոյնիսկ մամուլի միջոցով հայերը վարկաբեկ ընելէ չեն խղճահարիր: Էլազըկի մէջ հրատարակուող «Ենի Ֆրաթ» անուն հանդէսին մէջ «Հայերը քոմիթէճիութիւնով այս հայրենիքին վնասներ են հասցուցած… իսկ ասորիները հաւատարիմ հպատակներ են միշտ…» եւ այլն կը գրեն:

Ահա այսպէս, մեր եղբայրները սգաւոր, անտէր եւ վիրաւոր` կ՛աւաղեն… Մինչ մեր Պոլսոյ քահանաները շնորհ կը մուրան…

Կրօնական Ժողովի անդամները իրենց ընտրութեան օրէն իսկ իրենց իսկ անձերուն համար շնորհաբաշխութեան հետամուտ եղան… Անոնք բնաւ չանդրադարձան մեր եկեղեցւոյ կարիքներուն…

Մեր հարազատներուն ցաւերով, մենք սգակիր ու վիրաւոր սրտով, պապենական հին հաւատքով աղօթելու: Ու ես կ՛երթամ…

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

 

Սունդուկեանի Անուան Պետական Թատրոն

 «Իմ Սիրտը Լեռներում Է»

 

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 1966, «Թէաթըր տիւ Լիպան»-ի թատերասրահին մէջ Երեւանի Սունդուկեանի անուան պետական թատրոնը ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» գործը: Ուշագրաւ բեմադրութեամբ Վարդան Աճեմեանի եւ ուշագրաւ խաղարկութեամբ Վ. Վարդերեսեանի (Ճոնի, տղու դերով), երաժշտական յաջող յարմարեցումներով (Ա. Բաբաջանեան) արդիական ձեւի եւ արդիական նիւթի խաղարկութեան երեկոյ մը եղաւ «Իմ սիրտը լեռներում է»-ի ներկայացման երեկոն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայ Երգը (5)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?