Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1966)

Դեկտեմբեր 7, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Մեծ Աւետիսը»

Նոյեմբեր 29, «հայ ժողովուրդի մեծագոյն տօնը», եկաւ ու անցաւ, դեկտեմբերի մէջն ենք արդէն, ու Մեծ Աւետիսը, այն, որուն ակնդէտ կը սպասէին հայութեան բոլոր հատուածները անխտիր, տակաւին կ՛ուշանայ:

Վեց տարի առաջ եւս, Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակին առիթով, նոյն ակնդէտ սպասումը ունէր հայութիւնը, բայց դարձեալ յուսախաբ եղաւ: Պոլշեւիկեան իշխանութիւնները, որոնք այնքա՜ն կը սիրեն հանդիսաւորութիւնը, հոգեբանական տեսակէտէն աւելի յարմար առիթ չէին կրնար գտնել այդ մեծ աւետիսը տալու համար հայութեան, քան` Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակը, որ այլազան ձեւերով նշուեցաւ մեր երկրին մէջ: Չտուին վեց տարի առաջ, չտուին յաջորդող վեց տարիներուն, չտուին նաեւ այս տարի:

Ու եթէ չտուին, այս անգամ ալ յուսախաբ ըրին բազմութիւնները, պատճառը շատ պարզ է. տալիք չունէին, այդպիսի «առատաձեռնութեան» մը մասին չէին մտածած իսկ, լռելեայն քաջալերելով հանդերձ արտասահմանի իրենց մունետիկները եւ քանի մը բարեմիտ ազգայիններ:

Վեց տարի առաջ, ամիսներ ամբողջ, արտասահմանեան գրեթէ բոլոր թերթերը անդրադարձան այդ Մեծ Լուրին: Կ՛ըսուէր, ու Երեւանի լռութիւնը որոշ հիմքեր կ՛ընծայէր, թէ Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակին առթիւ Խորհրդային Միութեան ամենազօր վարչապետը` Նիքիթա Խրուշչով Երեւան պիտի գայ եւ հոն հայ ժողովուրդին հանդիսաւորապէս պիտի ծանուցէ քառասուն տարիներու անարդարութեան մը վախճանը. Նախիջեւանի, Ղարաբաղի եւ Ախալքալաքի վերադարձը մայր հայրենիքին:

Անկախ այս դառն յուսախաբութենէն, որուն առաջին փորձառութիւնը ունեցած էինք 1945-1950 տարիներուն, երբ Մոսկուայի խողովակով Հայ դատին արդար լուծման վերաբերմամբ հայութեան յոյսերը չքացան, այն ձեւը, որ վեց տարի առաջ տրուեցաւ ու հիմա ալ կը տրուի բռնագրաւուած հողերու վերադարձի լուրին տարածման, ինքնին տխուր երեւոյթ մըն է, յաւելեալ փաստ մը` այն արհամարհանքին մասին, որ խորհրդային իշխանութիւնները ունին հայութեան ամէնէն նուիրական զգացումներուն հանդէպ:

Մեր հայրենիքէն խլուած հողերուն վերադարձին նման նուիրական հարցի մը մէջ իսկ պոլշեւիկեան քարոզչութիւնը գտաւ շահագործման միջոց մը` հայ ժողովուրդին զգացումներուն հետ անխղճօրէն խաղալով:

Մինչ արդարն այն պիտի ըլլար եւ պարկեշտութիւնը կը պահանջէր, որ բռնագրաւուած հողերու վերադարձի պարագային իսկ, խորհրդային իշխանութիւնները պահէին իրենց լրջութիւնը եւ գործուած չարիք մը դարմանած ըլլալու գիտակցութեամբ մօտենային հարցին:

Որովհետեւ շնորհ մը պիտի չընէին Նախիջեւանը, Ղարաբաղը եւ Ախալքալաքը Հայաստանի վերադարձնելով: Որո՞ւ հողը որուն կու տային:

Քառասունվեց տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, Հայաստանէն խլուած այդ հողամասերուն վերադարձը կը պահանջէ: Անոր համար անթիւ զոհեր տուած է հայրենիքի մէջ: Նոյնիսկ յայտնի հայ համայնավարներ, որոնց մէջ տակաւին չէր մարած Հայաստանի եւ հայութեան սէրը, իրենց յանդգնութեան զոհ գացին` Սիպերիոյ եւ Չեկայի բանտերուն մէջ: Պահանջատէր հայ ժողովուրդին վերադարձնելով իր հայրենի հողերը` Մոսկուա պարտք մը պիտի հատուցէր, եւ` ուրիշ ոչինչ: Հատուցում մը, որուն համար երախտապարտ ըլլալու պէտք պիտի չունենայինք:

Պատմական, աշխարհագրական եւ ազգագրական ոչ մէկ պատճառ կայ Նախիջեւանի, Ղարաբաղի եւ Ախալքալաքի հայապատկան հողերուն` Հայաստանէն անջատ մնալուն համար: Եթէ կան պատճառներ, զանոնք պէտք է փնտռել Քրեմլինի մաքիավելական հաշիւներուն մէջ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին հայութեան ընդհանրական եւ գերագոյն շահերուն հետ:

Կ՛ըսուի, թէ պատմութեան անցած են Ստալինի եւ Բերիայի ահաւոր շրջանները, ազատութեան եւ լայնախոհութեան նոր հով մը կը փչէ Խորհրդային Միութեան եւ անոր մաս կազմող մեր հայրենիքին վրայ: Եթէ ճիշդ են այս բոլորը, եթէ իսկապէս Ստալին եւ Բերիա գէշ յիշատակներ են միայն, ինչո՞ւ տակաւին անարդարութեան յարատեւումը, ինչո՞ւ տակաւին անդամահատուած կը մնայ մեր հայրենիքը, որուն ծաղիկ երիտասարդութիւնը խորհրդային օտար հորիզոններ կը փնտռէ` հայրենիքի նեղ սահմաններէն դուրս:

Քառասունեւվեց տարի չդադրեցանք պահանջելէ: Ասկէ ետքն ալ չենք դադրիր: Որովհետեւ գիտակցութիւնն ունինք մեր պահանջներուն արդարութեան: Գիտակցութիւնն ունինք մանաւանդ այն իրողութեան, որ այս պահանջին մէջ Հայաստանի ժողովուրդը մեզի հետ է` իր ղեկավարներով եւ մտաւորականութեամբ:

Բոլոր փորձառութիւններէն ետք եկած ենք այն համոզման, թէ մեր Դատին միակ իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է, ու ան իր հաւատքով ու անխոնջ պայքարով կ՛արդարացնէ ամէն ակնկալութիւն:

 

Հայկական Պատմական Յուշարձան`
Անապատներուն Մէջ

Այս տարի, մայիսին, Սուրիոյ անապատներուն մէջ, Տէր Զօր քաղաքէն ութսուն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, յայտնաբերուեցան հայերէն վիմագիր արձանագրութիւններ: Տէր Զօրի եւ Հասիչէի պատմական յուշարձաններու տեսուչը` Շայուքի Նաասի ենթադրած է, թէ անոնք յունարէն արձանագրութիւններ են: Հետագային Նուպար Փարթամեան, որ Հալէպի պետական թանգարանի կարեւոր պաշտօնեաներէն է, ստուգած է, թէ ասոնք ոչ թէ յունական, այլ հայկական են: Արձանագրութիւնները կ՛ընդօրինակուին եւ կը ղրկուին Երեւան, Մօրուս Հասրաթեանի, որ տնօրէնն է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին: Կը պարզուի, որ գրուած են ձեռքովը ջուղայեցի հայ վաճառականներու, որոնց առեւտրական կարաւանները յաճախ կ՛անցնէին այդ վայրերէն:

Արձանագրութիւնները կը լուսանկարուին բժ. Ռ. Ճեպեճեանի, Վ. Թիւթիւնճեանի, Հ. Փարթամեանի եւ Եր. Տեմիրճեանի կողմէ եւ պիտի յանձնուին Հայաստանի Պետական մատենադարանին:

Նախնական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ արձանագրութիւնները փորագրուած են 1628, 1654, 1664-ին: Բովանդակութիւնը գրեթէ նոյնն է (վաճառականներու անուններ, այցելութեան թուականներ եւ միշտ յիշելու խնդրանք): Արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ յստակօրէն կը կարդացուի հետեւեալը. «Աստուած Ջուղեցոց բան հաստատ պահէ»:

* * *

Երկար ատեն Հալէպի հայկական Քառասուն Մանկանց աթոռանիստ եկեղեցիին (ԺԶ. դար) մէջ կը պահուէր գրեթէ սեւցած նկար մը: Եկեղեցիին հոգաբարձութիւնը գերման մասնագէտներու միջոցով մաքրել կու տայ կտաւը, եւ կեղտին տակէն յստակօրէն կ՛երեւի ԺԸ. դարու ինքնատիպ գործ մը: Իւղաներկ այդ նկարը, որուն չափերն են 7 մեթր բարձրութիւն, 4,75 մեթր լայնութիւն, կը պատկերացնէ «Ահեղ դատաստանը»: Նկարիչը հայ է, Մահտեսի Կարապետ: Աշխատանքը կատարուած է 1708-ին: Նկարին վրայ կան հայերէն եւ արաբերէն բացատրական գրութիւններ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Իննիսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերը Աղտամի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?